Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Նոր Յառաջ»ի հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանի հետ
Ներածական - Նախատօնական շրջանին Հայաստանի քաղաքական անցուդարձերը մնացին շատ աշխուժ։ ՀՅԴ երիտասարդականի կողմէ Կրթութեան, գիտութեան, Մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարին հրաժարականի պահանջը եւ անոր հետեւող դէպքերը, «Նիկոլ Աղբալեան» համալսարանական միութեան վարչութեան անդամներու արտաքսումը տեղի ունեցան նոյն օրերուն երբ ՀՅԴ ծրագրած էր Երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու խորհրդաժողով մը, որուն կը մասնակցէին աշխարհի տարբեր անկիւններէն Երեւան փութացած մասնաճիւղերու պատասխանատուներ։ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, երիտասարդական-ուսանողականի բաժանմունքի պատասխանատու Յովսէփ Տէր Գէորգեանի հետ ստորեւ հրապարակուած հարցացրոյցը կը քննարկէ խորհրդաժողովին հրապարակած հաղորդագրութեան բովանդակութիւնը եւ անոր առնչուած ՀՅԴ ընդհանուր ռազմավարութիւնը։
«Նոր Յառաջ» - Դեկտեմբեր 5-7-ին կազմակերպուած էր ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական 27 միութիւններու համահայկական խորհրդաժողովը։ Երկա՞ր ժամանակ է որ նախատեսուած էր այս խորհրդաժողովը։ Քանի՞ տարին անգամ մը տեղի կ՚ունենայ։
Յովսէփ Տէր Գէորգեան – Ընդհանրապէս 2 կամ 3 տարին անգամ մը կը կազմակերպուի նման խորհրդաժողով մը։ Իսկ այս վերջինը ծրագրուած էր մի քանի ամիսներ առաջ, նպատակ ունենալով Նոր Բիւրոյի ընտրութենէն ետք պատրաստուած ՀՅԴ Երիտասարդական, Ուսանողական եւ Պատանեկան միութիւններու հայեցակարգը, ռազմավարական նպատակները եւ ընդհանրապէս մշակուած ծրագրերը ներկայացնել դաշնակցական ուսանողական ու երիտասարդական միութիւններուն, որոնք եկած էին 20-է աւելի երկիրներէ՝ աշխարհի չորս ցամաքամասերէն՝ Աւստրալիա, Միջին արեւելք, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկա, Եւրոպա…։ Այդ ժողովին քննարկուեցան հայ երիտասարդները յուզող հարցերը, իսկ վերջիններս ալ ներկայացուցին իրենց առաջարկները։ Նկատի ունենալով որ գալ տարի (2020-ին) Սեւրի դաշնագրին եւ ԱՄՆ-ու նախագահ Ուիլսընի իրաւարարական վճռին 100-ամեակն է, բնականաբար ժողովը անդրադարձաւ նաեւ այդ հարցին եւ զայն պատշաճօրէն նշելու առնչութեամբ գաղափարներ փոխանակուեցան։
«ՆՅ» – Սոյն խորհրդաժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է.- «Հայաստանի ներկայ իրավիճակը կը յատկանշուի ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ ի յայտ եկող բազմաթիւ զարգացումներով եւ մարտահրաւէրներով: Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւնները յանձնառու են՝ հզօր, ժողովրդավար, ընկերվար եւ ազգային արժէքներ կրող հայրենի պետականութեան կերտման գործին»: Զարմանալի չէ՞ք գտներ որ Հայաստանի անկախութենէն 30 տարի անց տակաւին կը խօսուի պետականութեան կերտման գործին մասին։ Թուական մը կա՞յ պետականութեան կառուցման աւարտին համար։ Ի՞նչ կը հասկցուի պետականութեան կառուցում ըսելով։ Արդէն երեք անգամ սահմանադրութիւն փոխուեցաւ…։
Յ.Տ.Գ.- Եթէ պետականաշինութիւնը դիտենք Հայոց պատմութեան մասշտաբով, տակաւին երիտասարդ պետութիւն ենք եւ պետականաշինութիւնը պէտք է շարունակուի, որուն մէջ երիտասարդութիւնը իր դերակատարութիւնը ունի։ Մեր երիտասարդ պետութիւնը տակաւին ճամբայ ունի կտրելիք, որպէսզի պետութիւն մը յատկանշող՝ քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական, ընկերային, ռազմական ոլորտներուն մէջ ամրապնդուի։ Եւ դաշնակցական երիտասարդութիւնը այդ առումով տարուող աշխատանքներուն մէջ իր դերակատարութիւնը ունի։ Հայաստանի երիտասարդները արդէն ներդրում ունին, իսկ Սփիւռքի պարագային պէտք է մտածել թէ ինչպէ՞ս ընել որ հոս ալ երիտասարդը իր գործնական ներդրումը ունենայ պետականութեան հզօրացման գործին մէջ։
«ՆՅ» – Հաղորդագրութեան մէջ յատկապէս կան ՀԶՕՐ, ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐ, ԸՆԿԵՐՎԱՐ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ նշումները։ Առնենք «ընկերվար», «ազգային արժէքներ» եզրերը, հետեւեալ հարցումները կը յառաջանան.-
Ա – ՀՅԴ-ն ընկերվա՞ր կուսակցութիւն է։ Ի՞նչ բան կ՚ապացուցէ որ ան ընկերվարական կուսակցութիւն է։
Բ – ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ – Ընդհանրապէս ընկերավարական տեսութիւնը կը խօսի մարդկային արժէքներու մասին, սակայն Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւնները իրենց հաղորդագրութեան մէջ կը խօսին ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ մասին։ Հակասութիւն կա՞յ այս երկու ըմբռնումներուն միջեւ թէ՞ ոչ։
Այս ծիրէն ներս Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւնները շեշտը պիտի դնե՞ն ընկերվարական բնոյթի ծրագրերուն, ընկերային արդարութեան, բնապահական եւ այլ ընկերա-տնտեսական բնոյթի հարցերու վրայ:
Յ.Տ.Գ.- ՀՅԴաշնակցութիւնը գաղափարախօսութեամբ ընկերվարական կուսակցութիւն է եւ մաս կը կազմէ Ընկերվար միջազգայնականին։ Ան իր ներկայացուցած տարբեր փլաթֆորմներուն մէջ ընկերվարութեան ջատագովը կը հանդիսանայ՝ իր ծրագրերով։
Ինչ կը վերաբերի երիտասարդական միութիւններու աշխատանքին, ապա ինչպէս հաղորդագրութեան մէջ ալ ըսուած է՝ յատուկ շեշտ կը դրուի ընկերվարական եւ ընկերային արդարութեան, ժողովուրդի տարրական իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ։ Այս ուղութեամբ, վերջին օրինակը՝ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան (ՀԵՄ) «Ահազանգ» շարժումն էր՝ ՀՅԴ-ի համար անընդունելի եկամտահարկի ծրագրին դէմ։ Ձեր հարցումի երկրորդ բաժնին անդրադառնալով ըսեմ, թէ պէտք չէ իրարու հակադրել ազգային արժէքները եւ ընկերվարութիւնը։ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան ուժը այն է որ ելլելով մեր ազգին իրավիճակէն կրցած է համադրել զանազան մօտեցումներ ու գործել քաղաքակրթական եւ քաղաքական տարբեր պայմաններու մէջ։ ՀՅԴ-ը գիտակից է որ այսօր Հայաստանի մէջ որպէս քաղաքական կուսակցութիւն ինք մեծ աշխատանք ունի տանելիք՝ ընկերային արդարութեան հաստատման, ընկերվարութեան, ժողովրդավարութեան եւ ազգային արժէքներու պահպանութեան եւ զարգացման գծով։ Այսօր վստահ չենք որ ազգային արժէքները ամրապնդուած են մեր պետութեան մէջ։ Ընկերվարութեան մասին չեմ ուզեր խօսիլ, քանի որ Հայաստանի մէջ շատ հեռու ենք անկէ։ Երկրին մէջ տարիներու ընթացքին քաղաքական ուղղութիւնը ազատական (լիպերալ) էր։ Ինչ կը վերաբերի ժողովրդավարութեան, ապա պէտք է իրապէս կառչած մնանք անոր, զայն բարելաւենք եւ արթուն պահակ հանդիսանանք, որպէսզի ոչ միայն չթուլնայ ան, այլեւ յատկապէս ամրապնդուի եւ շարունակաբար զարգանայ։ Բնապահութեան թեման նաեւ մեր ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուի, որովհետեւ ան ուղղակի կապուած է մեր երկրի կայուն զարգացման հարցին։ Այս առումով մեր թուլութիւնը մեզի խոցելի կը դարձնէ։
«ՆՅ» – Քիչ առաջ ազատական քաղաքականութեան մասին խօսեցաք։ ՀՅԴ-ը՝ ազատական քաղաքականութիւն վարող Սերժ Սարգսեանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) հետ կառավարութիւն կազմեց, երկիր կառավարեց։ Հոն ո՞ւր էր ընկերվարական դիրքորոշումը։
Յ.Տ.Գ.- Դաշնակցութեան համար ազգային իտէալները եւ ազգային նշանակութեամբ անվտանգութեան հարցերը, Արցախի հիմնահարցը եւ ընդհանրապէս համահայկական զանազան խնդիրները էական իմաստ ունին. այդ համագործակցութիւնը պէտք է հիմնականօրէն դիտել այդ շրջագիծէն ներս։ Կառավարութիւններուն մաս կազմելով իր ունեցած ազդեցութեան սահմաններուն մէջ –նկատի ունենալով ՀՅԴ-ն փոքրամասնութիւն ըլլալու հանգամանքը– միշտ ալ փորձած է իր ընկերվարական ծրագիրը յառաջ մղել։ Օրինակ՝ այն ատեն երբ ղեկավարած ենք տնտեսութեան նախարարութիւնը երբեմն համաձայն չենք եղած վարուող քաղաքականութեան հետ եւ առաջարկած ենք այլընտրանքներ։
«ՆՅ» – Իսկ, Ֆրանսայի մէջ ընկերվարական նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ՝ «ամուսնութիւն բոլորին համար» (mariage pour tous) օրէնքը վաւերացուց, որ ընկերային մեծ տագնապ ստեղծեց, քանի որ կ՚օրինականացնէր միասեռականներու ամուսնութիւնը…, եւ ծանօթ է որ ՀՅԴ-ն նախագահ Հոլանտին հետ կը գործակցէր։ Ան միշտ ալ զօրակցած է Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան։ Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս պարագան։
Յ.Տ.Գ.- Ընկրերվարական կազմակերպութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը բնական երեւոյթ է: Աւելին՝ Դաշնակցութեան առաջնահերթ նպատակը Հայաստանի, Արցախի եւ Հայ դատի պաշտպանութիւնն է եւ ատոր համար ալ ամէնուրեք կը գործակցի ա՛յն ոչ ծայրահեղ ուժերուն հետ որոնք զօրավիգ են մեր դատին։
«ՆՅ» – Չէ՞ք կարծեր որ ընկերվարական արժէքները ընդհանրապէս հարուստ պետութիւններու վարած քաղաքականութեան մէջ կը յարգուին։ Օրինակ՝ Հայաստանի պարագային երբ ժողովուրդին 30-40 տոկոսը գործազուրկ է եւ դրամագլուխը սակաւապետական մարդոց ձեռքն է, ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ ընկերվարութեան մասին։ Խնդիրը այն է որ նոյնիսկ Եւրոպայի մէջ այսօր ընկերվարութիւնը արդէն իր տեղը զիջած է՝ միջազգայնացած կամ համաշխարհայնացած ընկերութեան արժէքներուն։ Ատոր համար ժողովրդական հող ալ չկայ։ Ի վերջոյ ընկերվարութիւնը ընդհանրապէս կը հիմնուի գործաւոր դասակարգին ազատագրութեան վրայ։ Այսօր չկայ նման միջավայր…։
Յ.Տ.Գ.- Ճիշդ այդ պատճառով ալ այսօրուան ՀՅԴ երիտասարդութիւնը կ՚ուզէ կազմաքանդել տարիներու ընթացքին անարդար ձեւով հարստութեան բաժանումը եւ առհասարակ՝ սակաւապետական համակարգը։ Այսօր Հայաստանի միջին խաւը կորստեան եզրին է եւ ընկերութիւնը բաժնուած է ընչազուրկ եւ սակաւաթիւ խոշոր մեծահարուստներու միջեւ: Աւելի հեռուն երթալով պէտք է ըսել, թէ Հայաստանի մակարդակին ընկերվարական քաղաքականութիւնը կ՛ենթադրէ պետութեան առողջ դերակատարութիւնը տնտեսութենէն ներս եւ մասնաւոր հատուածին պէտք չէ յանձնուի երկրին գերակշիռ հարստութիւնը։ Ըսել կ՚ուզեմ որ այսօր Հայաստանի մէջ բաւական մեծ դաշտ կայ՝ ընկերվարական գաղափարները իրագործելու համար։ Ներկայիս Հայաստանի մէջ կան՝ սեփականատիրոջ անհամեմատ բարձր շահեր եւ առհասարակ աշխատողներու ցածր աշխատավարձ։ Հետեւաբար արդէն իսկ այդ հարթակին վրայ կը տիրէ անարդարութիւնը։ Իսկ այդ անարդարութիւնը վերացնելը ինքնին ընկերվարութեան գաղափարաբանութեան հիմքը կը կազմէ։ Եւրոպայի համար կարելի է ըսել թէ ազատական դրամատիրութեան պատճառաւ կը բազմանայ աղքատ դասակարգը, ընկերվարական կուսակցութիւնները մեծ աշխատանք ունին տանելիք այս ուղղութեամբ: Անոնք պէտք է վերադառնան իրենց արմատներուն, հարթեն ներքին հակասութիւնները, առաջարկեն այժմէական լուծումներ՝ ներկայի տնտեսական, ընկերային, կենսոլորտային մարտահրաւէրներուն, եւ վերանորոգեն իրենց պատգամը: Այսօր կրնանք Գերմանիոյ օրինակը բերել, ուր այս ծիրէն ներս զարգացումներ ալ տեղի կ՚ունենան։
«ՆՅ» – Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համար ալ ընկերային արդարութեան, բնապահութեան, տնտեսական զարգացման հարցերը առաջնահերթ տեղ կը գրաւեն։ Ըսել է, թէ տեղ մը նոյն լեզուով կը խօսիք։ Ընդհանրապէս ինչպէ՞ս կը գնահատէք նոր իշխանութիւններու որդեգրած քաղաքականութիւնը։ Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ ՀՅԴ-ը կրցաւ լեզու գտնել Սերժ Սարգսեանի ՀՀԿ-ին հետ։ Սակայն լեզու չկրցաւ գտնել Փաշինեանի ՔՊ-ին հետ։
Յ.Տ.Գ.- Սկսիմ երկրորդ հարցումէն. Դաշնակցութիւնը միայն չգործակցեցաւ Սերժ Սարգսեանի ՀՀԿ-ին հետ, այլ երկար տարիներ հանդիսացաւ ընդիմադիր նաեւ անոր իշխանութեան: Նկատի ունենալով երկրի արտաքին եւ ներքին պայմանները Դաշնակցութիւնը կը հաւատար թէ կարելի է քայլ առ քայլ համակարգային փոփոխութիւններու ճամբով, կառավարութեան մաս կազմելով ներսէն փոխել երկրին իրավիճակը: Բնականաբար այդ համագործակցութիւնը տուաւ որոշ արդիւնքներ եւ արձանագրուեցան բացթողումներ: Նոյն համոզումով նաեւ ՀՅԴ-ը սկսաւ համագործակցիլ Փաշինեանի հետ եւ մաս կազմեց առաջին կառավարութեան: Սակայն իշխանութեան գործունէութեան ոճը, դրուած պայմանները, յստակ տեսլականի պակասը, գաղափարական տարբերութիւնները ու քաղաքական հակասութիւնները, հակառակ ՀՅԴ-ի սկզբնական փափաքին, թոյլ չտուին որ այդ համագործակցութիւնը գոյատեւէ: ՀՅԴ 33-րդ ընդհանուր Ժողովէն ետք Վարչապետ Փաշինեանի եւ ՀՅԴ ղեկավարութեան միչեւ հանդիպումը առիթ էր առողջ երկխօսութիւն մը հաստատելու, բայց դժբախտափար իշխանութիւնները չշարունակեցին այդ ընթացքը:
Այս իրողութիւնը պէտք չէ դիտել որպէս ողբերգութիւն. ամուր իսկական ընդդիմութիւնը նաեւ անհրաժեշտ է ժողովրդավար երկիրի մը համար. այսօր կարելի է հաստատել թէ ՀՅԴ-ը ստանձնած է այդ դերը: Իշխանութիւնները պէտք է հաւատարիմ մնան իրենց յայտարարած սկզբունքներուն, ընդունին ընդիմութեան առկայութիւնը եւ իւրաքանչիւր քննադատութեան չպատասխանեն սեւի եւ սպիտակի բաժանարար մօտեցումով:
Ինչ կը վերաբերի ձեր հարցումի այն բաժնին թէ տեղ մը նոյն լեզուով կը խօսինք, ապա կ՚ուզեմ ըսել որ կողմերը կրնան նոյն հարցերով մտահոգուիլ, բայց անոնց լուծման գծով տարբեր տեսակէտներ ունենալ։ Այսօր մեր եւ իշխանութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող հիմնական հարցերը կը վերաբերին՝ հասարակութիւնը սեւերու եւ սպիտակներու բաժանումին, ատելութեան խօսքի օգտագործման, համակարգային փոփոխութիւններու դանդաղ ընթացքին, քատրերու քաղաքականութեան, դատական համակարգի բարեփոխումներու գծով որդեգրուած մօտեցումներուն, ընտրովի արդարադատութեան, «փոփիւլիզմ»-ի օգտագործման ինչպէս նաեւ իշխանութեան կեդրոնացման յստակ միտումներուն՝ երբ սիւփըր վարչապետական համակարգը ոչ թէ կը մեղմացուի այլ կ՛ամրապնդուի։
Մտահոգութիւններ ունինք՝ Արցախեան հիմնահարցին գծով ոչ հետեւողական, անորոշութեան եւ հակասական յայտարարութիւններու վերաբերեալ։ Կը մերժենք նաեւ իշխանութեան մէջ գտնուող որոշ շրջանակներու կողմէ ազգային արժէքները թերագնահատելու կամ արհամարհելու փորձերը։ Ահաւասիկ իշխանութեան նկատմամբ ՀՅԴ-ն անհամաձայնութեան կամ ընդդիմութեան գլխաւոր պատճառները։
«ՆՅ» – Լարուած են ՀՅԴ-իշխանութիւն յարաբերութիւնները։ Ըստ ձեզի այսօր Հայաստանի մէջ հակադաշնակցական մթնոլորտ կա՞յ։ Հետապնդո՞ւմ կայ։ Նո՞ր երեւոյթ է։ Որքա՞նը սովետական ժառանգութիւն է, որքա՞նը՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանական, որքա՞նը յեղափոխական՝ Նոր Հայաստանի։
Յ.Տ.Գ.- Ես հետեւեալ ձեւով պիտի պատասխանեմ.- Երբ որ իշխանութեան տարբեր օղակներու կողմէն կը փորձուի Դաշնակցութիւնը բաժնել՝ ներսի, դուրսի դաշնակցականներու, երբ ՀՅԴ-ը որպէս քաղաքական ուժ կը նսեմացուի՝ ամէնէն բարձր ամպիոններէն –խօսքս զերօ քաղաքական ուժ որակումի մասին է–, երբ ամբողջ իշխանամէտ մամուլը կը հարուածէ Դաշնակցութիւնը, զայն անուանելով՝ ահաբեկչական եւ հակապետական ուժ, սա պահուս եթէ այս բոլորը հակադաշնակցական պայքար չէ, հապա ի՞նչ է։ Դժբախտաբար նման դրսեւորումներ եղած են սովետական շրջանին, եղած են 1990-ական թուականներուն եւ այսօր ալ կարծէք թէ նոյնը կը շարունակուի։
Անշուշտ թէ Սովետական միութեան տարիներ տեւած հակադաշնակցական քարոզչութիւնը իր հետքը ձգած է։ Այսօրուան կացութիւնը ենթադրել կու տայ որ հայ իրականութեան մէջ –ինչպէս Լ.Տէր Պետրոսեանի օրերուն– հակադիր երկու գաղափարախօսութիւններ կան, որոնցմէ մէկը կը ներկայացնէ Դաշնակցութիւնը եւ միւսը՝ Դաշնակցութեան դէմ բուռն պայքար մղող ուժերը։ Կ՚ուզեմ ընդգծել որ այսօր Դաշնակցութիւնը ներհայկական իմաստով ո՛չ մէկ թշնամի ունի։ ՀՅԴ-ն թշնամիները Հայաստանի սահմաններէն դուրս կը գտնուին։ Իսկ ներկայիս Դաշնակցութիւնը նսեմացնողները, տկարացնել ուզողները կամ անոր ուժը ջլատել ուզողները պէտք է այդ գիտակցութիւնը ունենան որ այս համահայկական ուժը հարուածելը նաեւ համահայկական առումով չափազանց վնասակար է։ Պատմութիւնը վկայ է, որ ամէն անգամ երբ ՀՅԴ-ը հարուած ստացած է, կրցած է դիմակայել շնորհիւ իր ներուժին եւ զօրաւոր հիմքին։ Այսօր պէտք է քաղաքական խօսքի մակարդակը բարձրանայ եւ այլեւս վերջ տրուի գործածուող ոճին, ոչ պատշաճ բառամթերքի օգտագործումին եւ բոլորս գիտակցինք որ մեր այսօրուան ազգային պայմանները մեզի թոյլ չեն տար նման մակարդակի ցեխարձակումներ։
«ՆՅ» – Բայց ժողովրդավար ընտրութիւնները Փաշինեանի օրօք կատարուեցան։ Ժողովուրդը իր բացարձակ վստահութիւնը յայտնեց «Իմ Քայլը» խմբակցութեան։ ՀՅԴ-ը քաղաքական ընդդիմութեան կը դիմէ, դիմացը բնականաբար հակազդեցութեան պիտի հանդիպի։ Չէ՞ք կարծեր որ չափազանցութիւն է բաժանարար գիծերու պատմութիւնը։ Մինչեւ այն ատեն որ չկայ համազգային կառավարութիւն կազմելու հեռանկար պիտի ըլլան բաժանարար գիծեր, բնական երեւոյթ է։
Յ.Տ.Գ.- Ժողովրդավարական համակարգի մը մէջ իշխանութիւն-ընդիմութիւն բաժանումը բնական է։ Սեւի եւ ճերմակի, յեղափոխականի եւ հակայեղափոխականի բաժանումն է որ անընդունելի է: Այս տեսակի բաժանումները քաղաքական դաշտը ինքնաբերաբար կը մղեն բեւեռացման: Կեանքի մէջ միայն սեւ ու ճերմակ գոյն չկայ՝ «եթէ մեզի հետ չես ուրեմն մեր դէմն ես»-ի տրամադրութեան մասին է խօսքը։ Ա՛յս է որ կը քննադատուի ՀՅԴ-ն կողմէ։ Ծայրայեղ բաժանարար գիծերու դէմ ենք։ Մանաւանդ երբ այս բաժանումը կ՛օգտագործուի խեղդելու ընդիմադիր խօսքը եւ որուն յաճախ կ՚ընկերանայ նաեւ սպառնագին հակազդեցութիւն, ինչպէս « արկղերը տասնեակ և շատ աւելի քրէական գործերով լեցնելու» մտադրութիւնը…։
«ՆՅ» – Հաղորդագրութեան մէջ տեղ մը կ՚ըսուի.- «Պիտի մղենք երիտասարդութիւնը, որպէսզի ան Արեւմտահայաստանը ոչ միայն մեր պատմական հայրենիքը համարէ, այլեւ գրաւուած հայրենիքը, որուն ազատագրման նկատմամբ հաւատքը պիտի մնայ աներեր: Այս շրջագիծէն ներս կարեւոր վերաբերմունքի պիտի արժանանայ 1920-ին կնքուած Սեւրի դաշնագրին եւ ԱՄՆի նախագահ Ուիլսընի իրաւարարական վճռին հարիւրամեակի նշումը 2020-ին»։ Այս համածիրին մէջ արդեօք անդրադարձ պիտի ըլլա՞յ նաեւ Ռուս-թրքական Մոսկուայի դաշնագիրին, որու հետեւանքով Նախիջեւանը, Կարսը… յանձնուեցան Թուրքիոյ։
Յ.Տ.Գ.- Դաշնակցութիւնը կը մերժէ եւ կը պայքարի բոլոր այն դաշնագիրներուն, համաձանագիրներուն դէմ որոնք չեն բխիր հայ ժողովուրդի շահերէն: Որպէս առաջատար ուժ, Դաշնակցութիւնը Արցախի մէջ իր երիտասարդ մարտիկներու զոհաբերութեան գինով է որ հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ եւ այլ ազգային ուժերու կողքին կարողացաւ արձանագրել ռազմական յաղթանակներ։ Կ՚ուզեմ աւելցնել, թէ 2015-էն ի վեր դաշնակցական երիտասարդութիւնը այն հաստատումը կ՚ընէ որ դժբախտաբար այդ օրերուն յառաջացած հատուցման գծով պայքարի ալիքը պէտք եղած թափով չի յառաջանար։ Հատուցումներու հարցը ուսումնասիրող պետական յանձնաժողովը այսօր պէտք է կրկին գործի լծել եւ համահայկական հռչակագրի պարունակութեան հաստատման ուղղութեամբ աշխատանք տանիլ, նկատի ունենալով որ հոն տեղ գտած գաղափարները ՀՅԴ-ն համար երազներ չեն, այլ՝ յստակ եւ իրականանալի ծրագրեր։ Նոյն այդ Դաշնակցական երիտասարդութիւնը այսօր Ամերիկայի մէջ Հայ դատի յանձնախումբերու ճամբով յաջողեցաւ աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն ունեցող արդիւնքներ ձեռք ձգել։ Ըսել է թէ՝ երբ հաւատքը աներեր է, մեր համազգային նպատակները անպայման կ’իրագործուին։ Մեր մտահորիզոնին գտնուող ծրագրերը ոչ թէ անցեալի կամ ապագայի հարցեր են, այլ այժմէական են եւ ուղղակիօրէն կապուած Հայաստանի անվտանգութեան հետ։
«ՆՅ» – Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է Սփիւռքի հայ համայնքներու հզօրացման հարցը։ Ի՞նչ ծրագրեր, ի՞նչ միջոցներով։ Նորութիւններ կա՞ն, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչման, Հայ դատի պաշտպանութեան ուղեգիծի շարունակութիւնը կը մնայ գլխաւոր նպատակը։
Սփիւռքի յատուկ քաղաքական օրակարգ կա՞յ, թէ շեշտադրումի տարբերութիւն է։
Յ.Տ.Գ.- Ընդհանրապէս Սփիւռքի բարդ վիճակը, սփիւռքահայու՝ տարբեր քաղաքակրթական պայմաններու մէջ ապրելու իրողութիւնը շատ աւելի կը դժուարացնէ սփիւռքեան օրակարգին գծով լուծումներ գտնելը, մա՛նաւանդ որ այդ հսկայ գործը կը մնայ կազմակերպութեան մը (իմա՛ ՀՅԴ-ն) ուսերուն վրայ, որպէս առաջին դիրքերու վրայ գտնուող ուժ։ Մեր երիտասարդները այսօր արդէն իսկ սփիւռքեան օրակարգով աշխատանք կը տանին. Սուրիոյ մէջ անոնք կը պաշտպանեն հայկական թաղամասերը, արեւմտեան երկիրներու տարածքին հիմնուած նոր գաղութներու մէջ կը ստեղծեն հայկական մթնոլորտ ու միջավայր…։ Ըսել է թէ անոնք արդէն ներկայ են սփիւռքահայ համայնքներու կեանքէն ներս։ ՀՅԴ-ն 10 հազար երիտասարդներէն մօտաւորապէս երեք քառորդը Սփիւռքի մէջ կ՚ապրի ու կը զբաղի հայակերտումով, հայեցի դաստիարակութեամբ, անշուշտ իր թիկունքին ունենալով մեր ուղեկից միութիւնները (ՀՕՄ, Համազգային եւ ՀՄԸՄ)։ Հետեւաբար սերունդներու դաստիարակութիւնը արդէն իսկ Սփիւռքը հզօրացնող ծրագիր կը սեպուի։ Համահայկական օրակարգը արդարօրէն այնքան ծանրաբեռնուած է Հայաստանի, Արցախի, Հայ Դատի եւ այլ հարցերով որ եթէ աչալուրջ չըլլանք Սփիւռքի օրակարգը կրնայ մղուիլ երկրորդ մակարդակի: Ինչ կը վերաբերի մշակուող նոր ծրագրերուն, ապա անոնք պէտք է հիմնուին մասնագիտական մօտեցումի, տեղեկատւական գիտութիւններու (information technology) վրայ եւ յատկապէս պէտք է հայկականութեան գաղափարները գրաւիչ կերպով ներկայացնել երիտասարդութեան, որ իր կարգին պէտք է գաղութի առողջ կեանքը ապահովող կեցուածք որդեգրէ եւ ըստ այնմ գործէ, որպէսզի կարելի ըլլայ վերացնել ներքին գաղութային, տեղայնական հարցերը եւ թերի երեւոյթները։
«ՆՅ» – Խօսինք նաեւ լեզուի եւ կրթական հարցերուն շուրջ…։
Յ.Տ.Գ.- Այո՛, լեզուն եւ կրթութիւնը հայապահպանման կարեւոր ազդակներէն են։ Ըսեմ, որ այս ամսուն սկիզբը տեղի ունեցած խորհրդաժողովը հայերէն լեզուով ընթացաւ։ Մեր միութենական կեանքէն ներս հայերէնը շատ կարեւոր տեղ կը գրաւէ. երիտասարդականի իմաստով մեր բոլոր պաշտօնական գրութիւնները կ՛ըլլան հայերէնով, բազմաթիւ երիտասարդական պաշտօնաթերթեր կը հրապարակուին մեր մայրենի լեզուով։ Խորհրդաժողովի ընթացքին տեղեկացանք թէ եւրոպական երկրի մը մէջ գործող մեր միութիւններէն մէկը որոշած էր որ իր անդամական ժողովները հայերէնով տեղի ունենան, ի հարկին օգնելով այն բոլոր անդամներուն որոնք հայերէնին լաւապէս չեն տիրապետեր:
Մեր ուղեկից միութիւններն ալ մեծ աշխատանք կը տանին հայկական դպրոցները կանգուն պահելու ուղղութեամբ։ Անշուշտ գաղութներու մէջ անոնք առանձին չեն եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններ ալ նոյն նպատակին կը ծառայեն։
Պէտք է խօսիլ նաեւ հայ մամուլի մասին։ Ինչպէս գիտէք ՀՅԴ-ը հաւանաբար Սփիւռքի մէջ թերթերու ամէնէն լայն ցանցը ունեցող կառոյցն է եւ ան մեծ զոհողութիւններով կ՚ապահովէ հայկական մամուլի գոյատեւումը։ Այսօրուան հիւծուող Սփիւռքի միջավայրին մէջ Դաշնակցութիւնը յամառ պայքար կը մղէ որպէսզի կանգուն մնան հայ թերթը, հայ վարժարանը, հայ գիրքը։ Հոս առիթէն օգտուելով կ՚ուզեմ յատկապէս ընդգծել նշեալ ուղղութիւններով «Նոր Յառաջ»-ի տարած աշխատանքը, որ իրապէս ողջունելի եւ գնահատանքի արժանի է։
«ՆՅ» – Երիտասարդութեան հասցէագրուած «Դէպի Երկիր» ծրագիրը կառավարութեան հետ համակարգուա՞ծ է, թէ՞ ոչ։
Յ.Տ.Գ.- «Դէպի Երկիր» ծրագիրը Դաշնակցութեան քաղաքական ուղղութիւններէն մէկն է։ Առանց հայրենիքի Սփիւռքի գոյութիւնը անիմաստ է։ Հայաստանն է որ պիտի ապահովէ հայ ժողովուրդի գոյատեւումը։ Այս ծրագիրը Դաշնակցական երիտասարդութիւնը դէպի Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք ուղղելու նպատակը կը հետապնդէ։ Իւրաքանչիւր ամառ ՀՅԴ Երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ճամբարներ կը կազմակերպեն, որոնց ընթացքին մօտաւորապէս 3.000 ոչ-դաշնակցական պատանիներու համար աշխատանոցներ կը վարեն՝ լեզուի, համակարգչային, ընկերային արդարութեան կամ մարդկային իրաւունքներու մասին վարժողական դասընթացքներ կազմակերպելով։ Ֆրանսայի մեր հայրենակիցները այս ծրագրին ծանօթ են ֆրանսայի ՀՅԴ Նոր Սերունդի կողմէ կազմակերպուող Projet Yerguirի ճամբով: Այդ ճամբարներու, բանակումներու, ուխտագնացութիւններու, վարժողական ծրագիրներու միջոցաւ՝ հայրենիքի եւ Սփիւռքի նոր սերունդի ու ժողովուրդի միջեւ հաստատուած կապը կ՚ամրապնդուի։ Մեր երիտասարդները առիթը կ՚ունենան մօտէն ծանօթանալու Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի ժողովուրդի իրավիճակին, տիրող պայմաններուն, աշխարհագրութեան…։ Այս բոլորը նաեւ առիթներ են որպէսզի մեր միութենականներու մօտ համահայկական դաշնակցական արժէքները ձեւով մը գերակշռեն տեղայնական արժէքներուն։ «Դէպի Երկիր» ծրագրի ծիրէն ներս այս ամառ Սփիւռքի հարցերով յանձնակատարը հանդիպում մը ունեցաւ դաշնակցական երիտասարդներուն հետ։
«ՆՅ» – Նիկոլ Աղբալեան Ուսանողական Միութեան երիտասարդներու անհնազանդ քայլը «անկարգապահ ու կասկածելի» կ՚որակուի որ խոտոր կը համեմատի ՀՅԴ գաղափարական հիմքերուն։ Հասկնալի է որ անկարգապահ ընթացք ունեցած են։ Բայց ինչպէ՞ս կը բացատրէք անոնց գաղափարական հիմքերէն խոտորումը։ Գաղափարական ո՞ր սկզբունքը ոտնակոխած են։ Նաեւ՝ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողականի եւ Կուսակցութեան վերին մարմիններու միջեւ լուրջ հակասութիւնները ի յայտ եկած են, եղածը մէկ երկու տաք-գլուխ երիտասարդի հակադրութիւն չէր։ Անոնց արտաքսումը, կուսակցութեան գաղափարական ընկալումները, գործելակերպը հարցադրումի տակ կը դնէ՞։ Եթէ ներքին մակարդակին անհասկացողութիւն կայ, ըսել է ընդհանուրին, հասարակութեան մէջ ալ ընկալումի խնդիրներ պիտի ծագին։ Մանաւանդ որ վերջին շրջանին շատ սուր քննադատութիւններ հնչեցին խորհրդարանի բեմէն եւ լրատու աղբիւրներու հարթակներէն՝ «փարթիզանական» գործողութիւններուն վերաբերեալ։
Յ.Տ.Գ.- Բուն հարցը «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողականի վարչութեան հետ եղած է։ Վերջինս հակակարգապահական ընթացքի մէջ եղած է։ Կրնայ ըլլալ որ որոշ շրջանակներուն խոտոր թուի, թէ ինչպէ՞ս կարելի է երիտասարդութեան հանդէպ այսպէս կեցուածք ունենալ։ Պէտք է ըսել, թէ մեր ժողովներու ընթացքին ամէն մասնակից կրնայ իր ազատ կարծիքը արտայայտել, բայց երբ կուսակցութիւնը որոշում կը կայացնէ, պէտք է ենթարկուիլ այդ որոշումներուն։ Ասիկա ինքզինք յարգող որեւէ կազմակերպութեան ներքին աշխատելաձեւն է։ ՀՅԴ-ն երկարակեաց կեանքը կը պարտինք իր երկաթեայ կարգապահութեան։ Այդ երիտասարդները համաձայն չեն եղած ՀՅԴ-ի վարած քաղաքականութեան հետ։ Անոնք արտաքսուեցան ոչ թէ ցոյցերուն չմասնակցելու պատճառով, այլ որովհետեւ հարցը բոլորովին այլ հարթակ փոխադրելով զայն վերածեցին հակադաշնակցական պայքարի։ Այդ երիտասարդները հեռատեսիլի կայաններէն ՀՅԴ-ի դէմ ելոյթներ ունեցան եւ ձեւով մը հակադաշնակցական պայքարի գործիքի վերածուեցան։ Գիտէք որեւէ մարմնի համար իր շարքերէն երիտասարդ հեռացնելը շատ դժուար որոշում մըն է եւ ընդհանրապէս մարմինները գիտակցութեամբ այլ քայլին կը դիմեն երբ կը սպառեն բոլոր միջոցները։ Ըսեմ, թէ այսպիսի դէպքեր եղած են ՀՅԴ-ի պատմութեան մէջ։ Անընդունելի երեւոյթը այն է, որ այսօրուան իշխանութիւնները այդ հարցը հակադաշնակցական արշաւի վերածեցին…։
Կ՚ուզեմ նաեւ ընդգծել, թէ այս դէպքը երբեք կուսակցութեան գաղափարական ընկալումները, գործելակերպը հարցադրումի տակ չի դներ, որովհետեւ որեւէ որոշում կայացնելէ առաջ տուեալ հարցը նախապէս մանրամասնօրէն կը քննարկուի զանազան մարմիններուն կողմէ։ Կը կրկնեմ, թէ մեր երիտասարդները ազատօրէն արտայայտուելու իրաւունք ունին եւ անոնց ներկայացուիչները կը մասնակցին կուսակցութեան ընդհանուր ժողովներուն, որ ՀՅԴ-ի ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ժողովն է։
Ինչ կը վերաբերի «փարթիզանական մարտերուն» ապա՝ մանկամիտ եւ կամ ալ երդուեալ հակադաշնակցական պէտք է ըլլալ հաւատալու համար որ Դաշնակցութիւնը կը պատրաստուի քաղաքացիական պատերազմ սկսելու Հայաստանի մէջ: Դաշնակցութիւնը բազմիցս յայտարարած է թէ երկրի կայունութիւնը առաջնահերթութիւն է եւ թէ ան կը գործէ բացառապէս երկրի սահմանադրական կարգը յարգելով:
«ՆՅ» – Յեղափոխութենէն ետք, ՀՅԴ-ը ընդհանուր գնահատական մը պէտք չէ՞ տար Սերժ Սարգսեանի եւ Քոչարեանի հետ կառավարական դաշինքի ժամանակաշրջանին վերաբերեալ։ Որքանո՞վ յաջող էր, ընդունելի էր, կառավարական դաշինք կնքել քաղաքական ուժի մը հետ որ ընտրակեղծիքներով իշխանութեան հասած է։ Կաշառակեր համակարգ մը ստեղծած եւ գործած է ծայրագոյն աստիճանի անարդարութեան խաղի օրէնքներով։ Այս բոլորը հակառակ են այն արժէքներուն, որոնց՝ ուսանողական-երիտասարդականի համահայկական խորհրդաժողովը կը յայտարարէ թէ կը դաւանի։
Յ.Տ.Գ.- Դաշնակցութիւնը իր գնահատականը տուաւ եւ կու տայ իր Ընդհանուր ժողովներուն ընթացքին եւ այդ Ժողովներուն հրապարակած ժողովուրդին ուղղուած յայտարարութիւններուն ընդմէջէն։ Այդ գնահատականը տրուած է։
Անդադար անցեալին անդրադառնալու փորձերը, ճիգերը տեղ չեն հասցներ։ Անցեալի վարած քաղաքականութեան առնչութեամբ, ՀՅԴ-ը որեւէ մէկ ամօթալի հակազգային կամ պետականակործան քաղաքականութիւն չէ վարած։ Հասած է կարեւոր ձեռքբերումներու՝ ազգային գաղափարախօսութեան, Արցախի հիմնահարցի, երկրի կայունութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու, սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ այլ մարզերէ ներս։ Ճիշդ է որ հակառակ իր ջանքերուն չէ կազմաքանդուած սակաւապետական համակարգը, չէ հաստատուած օրէնքի գերակայութիւնը, իսկ ժողովուրդին ամէօրեայ վիճակը կտրականապէս չէ բարելաւուած։ Օրին ան պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ իր անհամաձայնութիւնը եւ դժգոհութիւնը յայտնած է այդ ժամանակաշրջանի բոլոր թերի երեւոյթներուն նկատմամբ։ Դաշնակցութիւնը հաստատ ամուր քայլերով առաջնորդուած է եւ հաւատացած է համակարգային փոփոխութիւններուն։ Դաշնակցութիւնը իր ներկայի ղեկավարութեամբ քաղաքական ուղղութիւն մը ճշդած է եւ անով կ՚առաջնորդուի։ Այսօր ՀՅԴ-ը յստակօրէն յայտարարած է որ անցեալին վերադարձ չկայ: Ճիգ կայ ստեղծելու այն տպաւորութիւնը թէ այն ուժը որ կը քննադատէ իշխանութիւնները կը փափաքի նախկին իշխանութիւններու վերադարձը կամ անպայմանօրէն սերտօրէն կը համագործակցի կամ կ՚ուղորդուի անոնց կողմէ, պէտք է դուրս գանք ժողովրդավարութիւնը հարուածող այս տրամաբանութենէն:
Այս ծիրէն ներս, Դաշնակցութան մէջ բաժանումներ ստեղծելու փորձերը նաեւ, ինչպէս՝ հիներու եւ նորերու միջեւ, դատապարտուած են ձախողութեան։ ՀՅԴ-ը Հայութեան շահերուն համար աշխատող ուժ է։ Անոր ներդրումին կարեւորութեան պէտք է գիտակցիլ, համահայկական առումով աւելի հզօր ըլլալու համար։
«ՆՅ» – Թերեւս Դաշնակցութիւնը ներքին կարգով Ընդհանուր ժողովներու ընթացքին գնահատական կատարած է, բայց հանրութիւնը դեռ այդ գնահատականի շօշափելի արդիւնքը չի տեսներ։ Այն տպաւորութիւնը կայ որ ՀՀԿ-ՀՅԴ դաշինքը դեռ թաքուն կը գործէ։ Փաշինեանի կառավարութեան դէմ նոյն բառապաշարը կը գործածուի, նոյն յարձակողական ոճը։
Յ.Տ.Գ.- Առաջին, ՀՅԴ խօսքը քաղաքական կազմակերպութեան խօսքն է, ոչ թէ ժողովրդահաճոյ «փոփիւլիստ»-ական խօսք մը։ Հաւանաբար այդ խօսքը կարգ մը ժողովրդային խաւերուն մէջ տարածելու խնդիր մը կայ։ Մանաւանդ որ ժողովուրդը նախկին իշխանութեան հանդէպ ատելութեան հասնող կեցուածք մը ունի։ Ուրեմն, եթէ ՀՅԴ-ն խօսքը հայհոյախառն չէ կամ անոր կեցուածքը իր անցեալին նկատմամբ դատապարտող չէ, հետեւաբար այդ ընկալումը կրնայ ըլլալ որ ՀՅԴ-ը ճիշդ գնահատումը չէ տուած անցեալին։
ՀՅԴ-ը իր վերջին Ընդհանուր ժողովին յայտարարած է որ եթէ վճռորոշ դերակատարութիւն չունենայ պիտի չմասնակցի ապագայ կառավարութիւններու։ ՀՅԴ-ը ինքնորոյն ուժ է եւ ներկայիս կը ձգտի ընդիմութեան առանցքը հանդիսանալ։
Բառապաշարի գործածութեան մասին, ըսեմ որ ՀՅԴ խօսքը միշտ պատասխատու խօսք եղած է, միաժամանակ իբրեւ արտախորհրդրական ուժ ան նաեւ պէտք է լսելի ըլլայ։
Վերջին ամիսներուն, ՀՅԴ-ը ստեղծեց այլընտրանքային կառավարութիւն, զանազան բնագաւառներու մէջ առաջադրութիւններ կատարեցինք։ Իշխանութեան կողմէ ոչ մէկ անդրադարձ եղաւ անոնց հանդէպ։ Փորձեցինք ընդդիմութիւն-իշխանութիւն առողջ յարաբերութիւն մշակել, սակայն արդիւնք չունեցաւ։ Այս բոլորով հանդերձ ՀՅԴ-ն ղեկավարութեան ընդիմադիր խօսքը մնաց քաղաքական մակարդակի եւ յարգալիր: Իշխանութիւնները իրենք առաջին պատասխանտուն են քաղաքական խօսքի մակարդակի բարձրացման՝ պատերուն ծեփելու, ասթֆալթին պառկեցնելու, խաշի, խորովածներու, լեզուն մեր լեզուն չէ։
«ՆՅ» – Տագնապ մը չէք տեսներ այն երեւոյթին մէջ որ Հայաստանի մէջ ՀՅԴ-ը ընդդիմութիւն է, իսկ Սփիւռքի մէջ՝ համայնքը ղեկավարող ուժ. երկու կողմերն ալ՝ ՀՀ եւ ՀՅԴ դատապարտուած են իրարու հետ գործակցելու։
Յ.Տ.Գ.- Կը յուսամ որ Սփիւռքի մէջ յարաբերութիւնները տագնապի մակարդակին չեն հասնիր։ Գոնէ Դաշնակցութեան մօտ այդ գիտակցութիւնը կայ որ մեր համահայկական եւ պետական շահերուն համար՝ Սփիւռքի տարածքին, մեր Հայ Դատի ցանցերով, մեր կառոյցներով պարտինք հայրենիքին թիկունք կանգիլ եւ աներեր մեր պետականութեան շահերը պաշտպանել։ Այդ գիտակցութիւնը կայ Դաշնակցութեան մօտ, եղած է անցեալին եւ կայ՝ այսօր։ Այդ ուղղութեամբ ալ պիտի շարունակենք։
Տեսակցեցաւ՝
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ