կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2019-11-27 20:59
Սփյուռք

Լիբանանը Եւ 17 Հոկտեմբերը

Լիբանանը Եւ 17 Հոկտեմբերը

17 հոկտեմբեր 2019-ին իրապէս պատահեցաւ անխուսափելին: Լիբանանն ու լիբանանցիք ատենէ մը ի վեր կը դիմագրաւեն ընկերատնտեսական աննախընթաց սուր տագնապ, կը տագնապին պետական համակարգին մէջ գոյութիւն ունեցող հսկայական գումարներու մսխումի, ելեւմտական ձախաւեր քաղաքականութեանց, անփութութեան, կամայականութեան, փտածութեան եւ ներքաղաքական անհեթեթ մրցակցութեանց անողոք հակազդեցութեանց պատճառով երկիրը կազմաքանդող եւ անդամալուծող քաղաքական վերնախաւին մօտեցումներէն: Այս բոլորին հանդէպ իր ընդվզումը, զայրոյթը արտայայտելու համար ժողովուրդը արդարացիօրէն պոռթկաց եւ 17 հոկտեմբերին փողոց իջաւ:

Կասկածէ վեր է, որ ժողովրդային լայն զանգուածներու ցասումը, երիտասարդական, ուսանողական եւ որոշ մասնագիտական շերտերուն ցոյցերու եւ շարժումներու մասնակցութիւնը` կաշառակերութեան ու փտածութեան դէմ պայքարի, տնտեսական բարգաւաճման, պետական համակարգի բարեկարգման եւ այլազան բարեկարգումներու ի խնդիր, օգտաշատ եւ պատմական իրադարձութիւններ են անտարակոյս, մանաւանդ երբ անոնք տեղի կ՛ունենան խաղաղ եւ առանց ներհամայնքային խլրտումներու, զինեալ բախումներու, ճամբաները փակելու, երկրին անվտանգութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելու եւ այլ համաքաղաքացիներու տարրական ազատութիւններն ու իրաւունքները ոտնահարելու:

Սակայն պէտք է նաեւ արձանագրել, որ 17 հոկտեմբերի բողոքի ցոյցերը միշտ ալ խաղաղ եւ քաղաքակիրթ վիճակներով չընթացան: Լիբանանը, ըստ էութեան, տակաւին քաղաքական եւ համայնքային հաւասարակշռութիւններու եւ զգայնութիւններու երկիր է, եւ բոլոր կողմերը պարտին ի մտի ունենալ տուեալ հանգամանքը, որովհետեւ, դժբախտաբար, նախորդ օրերուն տարբեր շրջաններու փողոցներու մէջ եւ հրապարակներուն վրայ ստեղծուած գերլարուած իրավիճակները հատեցին երկրի կայունութեան, համակեցութեան եւ անվտանգութեան բոլոր կարմիր գիծերը, եւ անոնք կրնային անդառնալի հետեւանքներ ունենալ ամբողջ երկրի ճակատագիրին վրայ:

Այսուհանդերձ, կասկածէ վեր է, որ 17 հոկտեմբերի համաժողովրդային ցասումը եւ ցոյցերը ո՛չ միայն լսելի դարձուցին իրենց բողոքը, այլ նաեւ, յատկապէս առաջին 3-4 օրերուն, նախքան փողոցին քաղաքականացուիլը եւ շերտաւորուիլը, արձանագրեցին անվիճելի իրագործումներ, յեղաշրջեցին քաղաքական վերնախաւի ամբողջ մտածողութիւնը, ստեղծեցին բարոյաքաղաքական հակակշիռ երկրին մէջ ընթացող բոլոր քաղաքական գործընթացներուն վրայ, եւ այդ առումով թէ՛ երկրի թիւ մէկ քաղաքացին եւ թէ՛ այլ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ կ՛ընդունին եւ ըստ այնմ կոչ կ՛ուղղեն` ցուցարարներուն հետ երկխօսութեան, կառավարութեան կազմութեան, պետական համակարգի բարեկարգման, կաշառակերութեան դէմ արդիւնաւէտ պայքարի, անկախ արդարադատութեան համակարգի ստեղծման ու գործունէութեան եւ ընկերատնտեսական հրատապ մարտավարութեան մը, որուն կիզակէտը պէտք է հանդիսանայ ընկերային արդարութիւնը, աղքատութիւնը արմատախիլ ընող, առողջապահական համակարգի մատչելիութիւնը ընձեռող, երկրի արդիւնաբերութեան զարկ տուող ընդհանուր վարքագիծի մը մշակման, որով կարելի կը դառնայ երկիրը ներկայ ճգնաժամէն դուրս բերել:

Արդարեւ, պատմական այս առիթը պէտք չէ փճացնել` երկիրը վերականգնելու եւ պէտք չէ թոյլ տալ ոմանց, որ զայն գործածեն ներլիբանանեան քաղաքական ուժերու միջեւ հաշուեյարդար կարդալու, հին հաշիւներ մաքրելու, խնդիրներ անհատականացնելու, քաղաքական եւ համայնքային շահարկումներ կատարելու, որոնք կրնան ուղղակի փակուղի առաջնորդել եւ խնդիրները չափազանց միջազգայնացնել:

Համաժողովրդային արդարացի ցոյցերուն ստեղծած քաղաքացիական ներուժը պէտք է ներդրել համալիբանանեան խնդիրներու բարեկարգման, պետական համակարգի արդիականացման, համակեցութեան պայմանները բարելաւելու, համայնքներու միջեւ երկխօսութիւնը խորացնելու, երկիրը ախտավարակ երեւոյթներէն ազատագրելու, երկրի տնտեսութիւնը վերածելու արտադրողական տնտեսութեան եւ այնպիսի համախոհական, մասնագիտական ու քաղաքական դէմքերէ կառավարութեան մը կազմութեան, որ արտացոլացնէ համալիբանանեան, քաղաքական եւ ընկերային բոլոր խաւերու կամքը, եւ ոչ թէ ժողովրդային շարժումի հրապարակները վերածել` շրջանային եւ միջազգային զանազան կողմերու համար, պատեհ առիթի` ներլիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ վերստին տեղաւորելու եւ քաղաքական քողարկուած թելադրանքներով խօսելու, իւրաքանչիւրը` իր սեփական ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական հաշիւներուն եւ շահերուն համաձայն:

Այդ իսկ պատճառով անյետաձգելի է այլեւս ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին կառավարութեան մը կազմութիւնը, մանաւանդ որ երկրէն ներս առկայ է ամբողջական կարողականութիւնը թէ՛ մարդուժի իմաստով, թէ՛ բնական պաշարներու եւ հարստութեանց եւ թէ՛ միջազգային հանրութեան հետ յարաբերելու հաւասարէ հաւասար հնարաւորութիւնները: Նախ` դիմակայելու համար երկիրը անդունդի եզրին հասցնող ներկայ իրավիճակը, ընկերատնտեսական սուր տագնապը, հանրութեան մէջ տիրող անգործութիւնը, տակաւին գործող հաստատութիւնները փրկելու, դրամատուներու համակարգը վերականգնելու, ինչպէս նաեւ` խնայելու ներլիբանանեան քաղաքական կայունութիւնը, համայնքներու միջեւ համակեցութեան ուխտը եւ երկրի անդորրութիւնը:

Որովհետեւ, հակառակ միջազգային հանրութեան ընտանիքի բարի «կամեցողութեան» եւ վերջինիս կողմէ հնչած բազմաբնոյթ յորդորներուն, որոնք մէկ կողմէ ժողովրդային ցոյցերը խրախուսող, միւս կողմէ` ներլիբանանեան որոշ քաղաքական կողմերուն առաջադրանքներուն նեցուկ հանդիսացող, սակայն խորքին մէջ այդ բոլորը վերջաւորութեան կը ծառայեն պղտոր ջուրերուն մէջ ձուկ որսալու քաղաքականութեան, տրուած ըլլալով, որ իրականութեան մէջ պէտք չէ մտահան ընել, որ միջազգային հանրութեան առաջին հերթին կը շահագրգռեն հետեւեալ կէտերը. առաջին` Լիբանանի ծովային պաշարները եւ հարստութիւնները, երկրորդ` պաղեստինցիներու կարգավիճակը, երրորդ` սուրիացի գաղթականներու կեցութեան կամ վերադարձի ճակատագիրը, եւ վերջապէս, ամէնէն կարեւոր կնճիռը հանդիսացող Արեւմուտքին համար, 1701 բանաձեւի կիրարկումը:

Այսօր ամբողջ Միջին Արեւելքը արտակարգ դրութեան մէջ է` պատերազմական իրավիճակներ, ամերիկեան պատժամիջոցներ, ազգամիջեան բախումներ: Այս բոլորին մէջ մենք` իբրեւ լիբանանցիներ, պէտք է առաւելաբար վստահինք մեր սեփական ուժերուն` ապաւինելով համալիբանանեան ընդհանուր ներուժին, ապահովելու համար Լիբանանի բարգաւաճումը, կայունութիւնը, միասնականութիւնը եւ անվտանգութիւնը:

Արդարեւ, այսօր ժամանակն է հիմնովին փոխելու, թօթափելու ներլիբանանեան քաղաքական հարթակի վրայ գոյութիւն ունեցող անհեթեթ սովորութիւնները` մրցակցութիւնը, կասկածամտութիւնը, զիրար հարուածելու հիւանդագին մօտեցումը, հսկայական գումարներու մսխումը, եւ փոխարէնը` մշակելու ազգային միասնականութեան այնպիսի քաղաքականութիւն մը, որ կը գերադասէ ընկերային արդարութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, քաղաքացիներուն ամբողջական իրաւունքները, համայնքներու միջեւ համակեցութեան ուխտը եւ երկրի անվտանգութիւնը:

Այդ իսկ պատճառով անկիւնադարձային այս փուլին Լիբանանը եւ լիբանանցիները պարտին յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ միաւորուիլ, որպէսզի կարենան պատշաճ ու արդիական լուծումներ ապահովել առկայ ճգնաժամէն դուրս գալու, ի վիճակի պէտք է ըլլան ինքնուրոյն կերպով որոշելու սեփական քաղաքական ճակատագիրը` առանց թոյլ տալու, որ անարգ ձեռքեր չսպիացած վէրքերը վերստին բորբոքեն ու միջամտեն ներքին խնդիրներու կարգաւորման:

Մնաց որ, քաղաքական եւ հասարակական կամ երկրի սահմանադրագէտ պատեհապաշտ կարգ մը «գործիչներ» համարձակ կարծիքներ յայտնեն երկրի յառաջընթացին մասին կամ ինքնակոչ խօսափողը հանդիսանան ցուցարարներուն` մեկնելով իրենց անձնական նեղ հաշիւներէն եւ անիմաստ փորձեր կատարեն այս կամ այն կողմին յորդորներ կարդալու, քննադատելու կամ ամբաստանելու` համաժողովրդային ցոյցերուն նեցուկ հանդիսանալու կամ ոչ, եւ անոնց բազկերակին համաձայն դիրքորոշուելու:

Իրապէս 17 հոկտեմբերի համաժողովրդային ցոյցերու բարձրաձայնած օրակարգերը համալիբանանեան արժէքի, քաղաքական նորագոյն ուղենիշի վերածելու համար հիմնական պայման է, որ անոնք չշահագործուին անհատական, հաւաքական եւ ոչ ալ ներքին պառակտուածութեան բերումով միջազգային թէ շրջանային ուժերուն հակասական ծրագիրներու իրականացման համար առիթ ընձեռել, այլ պէտք է զայն վերածել միայն ու միայն Լիբանանի արշալոյսին:

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ

AztagDaily