| 
                         
                            Փոխարժեքներ
                                                        04 11 2025
                         
                     | 
                ||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 382.55 | 
| EUR | ⚊ | € 440.47 | 
| RUB | ⚊ | ₽ 4.7293 | 
| GBP | ⚊ | £ 502.25 | 
| GEL | ⚊ | ₾ 141.19 | 
                
            ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային ծրագիրը ամբողջացուց իր 33րդ տարեշրջանը St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվըրսըն, Փենսիլվենիա): 30 Յունիսէն մինչեւ 7 Յուլիս, ծրագիրին մասնակցեցան քառասուն աշակերտներ՝ 12 ծուխերէ եւ 16 հոգեւորական ու աշխարհական դասատուներ եւ օգնականներ:
Առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժինին հովանաւորութեամբ, ծրագիրը կը հրամցնէ առանձնայատուկ քրիստոնէական դաստիարակութեան յայտագիր՝ 13-18 տարեկան պատանիներու, երրեակ նպատակով. քրիստոնէական դաստիարակութիւն, աղօթք ու պաշտամունք եւ ընկերական գործունէութիւն: Ծրագիրին վարիչն էր առաջնորդական փոխանորդ եւ Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան: Այս տարի, երեք աշակերտներ շրջանաւարտ եղան «Տաթեւ» ծրագիրէն, ամբողջացուցած ըլլալով քառամեայ ծրագիրը, իւրաքանչիւր ամառ մէկ շաբաթ: Շրջանաւարտներն են՝ Փիթըր Յակոբեան (Ս. Սարգիս եկեղեցի, Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), Լիաննա Իսախանեան (Ս. Վարդանանց եկեղեցի, Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) եւ Կարօ Մինասեան (Ս. Խաչ եկեղեցի, Թրոյ, Նիւ Եորք):