կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2019-07-19 12:37
Հասարակություն

Դրական Մեկնարկ

Դրական Մեկնարկ

(Պոլսոյ) Պատրիարքական ընտրութեան անկիւնադարձային փուլերէն մին կը բնորոշէ Նախաձեռնարկ մարմինի ձեւաւորումը: Պատրիարքարանին մէջ երէկ (Չորեքշաբթի, 17 Յուլիսին) տեղի ունեցած ժողովին լոյսին տակ կարելի է ըսել, որ դրական մեկնարկ մը ապահովուած է՝ պատրիարքական աթոռը նոր գահակալով մը օժտելու ճանապարհին:

Մեր համայնքէն ներս նախաձեռնարկ մարմին կազմուեցաւ մին տասն, իսկ միւսը երկու տարի առաջ: Այդ երկու փորձառութիւններն ալ ձախողումներ բերած էին: Անոնց հետեւանքը ո՛չ միայն պատրիարքէ մը զուրկ պահեց թրքահայութիւնը, այլ նաեւ մեր համայնքէն ներս ծնունդ տուաւ ծանր բեւեռացումներու: Մին տասն, իսկ միւսը երկու տարի առաջ ձեւաւորուած Նախաձեռնարկ մարմիններու կազմութեան ժամանակ ստեղծուած էր չափազանց լարուած մթնոլորտ մը: Այս փուլին, որեւէ նշանակութիւն չունի այդ ժամանակուան լարուածութիւններու պատճառներուն մէջ խորանալը, սակայն պէտք է պարզապէս յիշել՝ բաղդատելու համար այժմու համերաշխ մթնոլորտին եւ համագործակցութեան ոգիին հետ: Երէկ, իսկապէս խաղաղ մթնոլորտի մը մէջ ձեւաւորուեցաւ Նախաձեռնարկ մարմինը, որուն կազմը կը ցոլացնէ լաւ համադրութիւն մը: Թէ՛ փորձառու եւ թէ երիտասարդ անդամներ ունի մարմինը: Ամենաբարձր քուէներով, այսինքն անվերապահ վստահութեամբ ընտրուած անունները մեր համայնքի նոր սերունդէն գործիչներն են, օրինակ՝ Սարվէն Սէրթշիմշէք եւ Սարօ Պենկլեան:

Այժմու դրական սկիզբին մէջ իր բաժինը ունի նաեւ տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեան: Արդարեւ, նորին սրբազնութիւնը երէկուան ժողովը վարեց մեծ յաջողութեամբ, յարգելով բոլորին իրաւունքները: Ուշադրութենէ չսպրդեցաւ, որ յարաբերաբար խնդրայարոյց վիճակներու մէջ ան յաջողեցաւ դրսեւորել պաղարիւնութիւն:

Երէկուան մթնոլորտը գրաւական մըն է պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը յաջողութեամբ իր աւարտին հասցնելու տեսակէտէն:

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ «Ժամանակ» թերթի խմբագիր

Asbarez