Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Անցեալ Շաբաթ, 7 Մայիսին, ՀՅԴ Մոնթեպելլոյի «Դրօ» կոմիտէին կազմակերպած յատուկ հանգանակային ձեռնարկին ընթացքին տիրող խանդավառ մթնոլորտին մէջ գոյացաւ 101,000 տոլար:
««Դրօ» Կոմիտէն իր տարեկան հանգանակային այս ձեռնարկը նուիրած էր Արցախին. հանգանակուած ամբողջ գումարը պիտի յատկացուի Ապրիլի քառօրեայ պատերազմին ընթացքին Արցախի աւերուած շրջաններու վերականգնումին եւ նահատակուած զինուորներու ընտանիքներուն աջակցութեան նպատակին՝ «Արցախի Հետ» կարգախօսով ձեռնարկուած հանգանակային ընդհանուր արշաւի ծիրէն ներս», յայտնեց ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէի ներկայացուցիչ Սարգիս Նուրեան:
«Դրօ» կոմիտէն այս ձեռնարկին ընթացքին պատուեց իւրայատուկ հայորդի մը՝ Մայք Սարեանը, որ տարիներ շարունակ, լուռ ու անձայն, միլիոնաւոր տոլարի առողջապահական սարքեր ու դեղորայք նուիրած է Հայաստանին ու Արցախին:
Ձեռնարկին յաւելեալ մանրամասնութեամբ կ՛անդրադառնանք յետագային:
Նաեւ, «Ասպարէզ» ունեցած է բարերար Մայք Սարեանի հետ յատուկ հարցազրոյց մը, զոր կը հրատարակենք յառաջիկային։
asbarez.com