Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ակնարկութիւնը կը վերաբերի Ազրպէյճանի նախագահին, անոր կնոջ եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարին կողմէ վերջերս կատարուած անպատասխանատու, ռազմաշունչ եւ ռազմաքաղաքական մասնաւոր հիմք չունեցող որոշ յոխորտանքներուն:
Արդարեւ, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ապրիլի սկիզբը կը յայտարարէր, որ` «Հայաստանի հետ պատերազմը աւարտած չէ տակաւին, աւարտած է միայն առաջին փուլը»: Իսկ նախագահին կինը` Մեհրիպան Ալիեւ, որ հաւանաբար կրնայ երկրի յաջորդ նախագահը ըլլալ, քանզի Ազրպէյճանի մէջ իշխանութիւնները ժառանգական կը թուին ըլլալ, իր կարգին կը յայտարարէր, որ` «Ղարաբաղի իւրաքանչիւր գիւղի, իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ պիտի ծածանի Ազրպէյճանի դրօշը»: Եւ վերջապէս, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը, հաւանաբար ընդհանուր քաղաքական յայտարարողական իրադարձութիւններուն հետ քայլ պահելու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարին յայտարարութեան հակազդելու համար կ’ըսէ հետեւեալը. «… ազրպէյճանական բանակը կրնայ «որեւէ պահու» մարտերու սկսիլ»:
Սոյն յայտարարութիւնները անլուրջ եւ ռազմական մասնաւոր հիմք չունենալով հանդերձ, ցոյց կու տան, որ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական նեղ ղեկավարութեան մտքին մէջ տակաւին ոչ մէկ բան փոխուած է` հակառակ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին եւ անոր կնոջ տարած աշխատանքներուն եւ ճիգին` ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը բանակցութեանց ճամբով լուծելու: Բայց այդ ճիգը եւ կատարուող աշխատանքները յատկապէս Նիկոլ Փաշինեանին կնոջ, Աննա Յակոբեանի կողմէ` «Կանայք յանուն խաղաղութեան» նախաձեռնութեան շրջանակներուն մէջ, պէտք չէ տկարացնեն հասարակութեան դիմադրողականութիւնը, համազգային ներուժը, կորովը եւ խնդրոյ առարկայ դարձնեն Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը` Արցախի հարցի կարգաւորման գծով, զոյգ հանրապետութեանց զինուած ուժերու դերակատարութիւնը, շփման գիծի վրայ սահմաններու անվտանգութիւնը հսկող զինուորներուն կամքն ու խիզախութիւնը եւ ազգային ընդհանուր քաղաքականութիւնը:
Օրինակ, ինչպէ՞ս կարելի է ընկալել Հայաստանի վարչապետին կնոջ` «Ամերիկայի ձայն»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին արտասանած հետեւեալ գաղափարը, որ ապրիլեան պատերազմի ընթացքին արձանագրուեցան զոհեր, որոնք «ոչինչի չօգնեցին», անկախաբար այն հանգամանքէն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը արդեօք վերապահա՞ծ է, թէ ոչ քաղաքական որեւէ գործառոյթի նախաձեռնութեան իրաւունքը Աննա Յակոբեանին, որովհետեւ կատարուած յայտարարութիւնները, ըստ էութեան, ոչ թէ մարդասիրական խորք ունին, այլ` զուտ քաղաքական երանգ, եւ, ըստ էութեան, թէ՛ պարտուողական են, թէ՛ վիրաւորական: Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին նահատակուող տղաները, գերազանցելով սովորական մահը, պահեցին ու պահպանեցին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն անվտանգութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ համայն հայութեան երթը` դէպի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան:
Հոս նաեւ կ՛արժէ նշել, թող ներող ըլլան թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը եւ թէ՛ անոր տիկինը, որ հայ ժողովուրդը, Հայաստանը եւ Արցախը միշտ խաղաղասէր եւ կառուցողական կեցուածք ցուցաբերած են, հայկական զոյգ հանրապետութիւնները չեն, որ ռազմատենչ, ծաւալապաշտ քաղաքականութիւն վարած են եւ նախայարձակ եղած են, առաւել, պատերազմը կորսնցուցած են, Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդները բնաւ չեն ժխտած կամ մերժած խաղաղութեան կարեւորութիւնը եւ գաղափարը, որպէսզի յատուկ ճիգ ի գործ դնենք համոզելու կամ պատրաստելու զանոնք. հայ ժողովուրդին պահանջածը ընդամէնը պատմաքաղաքական արդարութեան վերականգնումն է եւ սեփական իրաւունքներու ձեռքբերումը` ընդառաջելով եւ զօրակցելով հանդերձ խաղաղութեան գործընթացին, սակայն` առանց մեր ռազմաքաղաքական դիրքերը տկարացնելու եւ առանց որեւէ զիջումի. ուրիշ խօսքով, շրջանի խաղաղութիւնը հայ ժողովուրդի եւ արցախահայութեան անկախութեան, անվտանգութեան եւ պատմական հաշուոյն պիտի չըլլայ:
Ի դէպ, վերջին 20-ամեակին բոլորը ականատես եղան, յատկապէս` միջազգային ընտանիքը, որ հակառակ ազրպէյճանական ռազմական սադրանքներուն, արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման առումով հայկական կողմն է, որ միշտ ձգտած է խաղաղ միջոցներով խնդիրը լուծելու ԵԱՀԿ շրջանակներուն մէջ` յանուն շրջանի կայունութեան եւ անդորրութեան:
Իսկ ինչ կը վերաբերի ազրպէյճանական կողմին վերջին ջղագարութիւններուն, կ’արժէ անգամ մը եւս յարձակողապաշտ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան յիշեցնել, որ իրենք անվերադարձօրէն կորսնցուցած են պատերազմը, եւ պէտք է հաշտուիլ այն իրողութեան հետ, որ իրենք գործ ունին կայացած, ուժեղ եւ ժողովրդավար Արցախի Հանրապետութեան հետ եւ պէտք է աւելի խոհեմ ու իրապաշտ քաղաքականութիւն որդեգրեն` ի խնդիր ամբողջ շրջանի զարգացման, կայունութեան եւ անդորրութեան, մանաւանդ որ օրին ալ նման յոխորտանքներով եւ մարտավարութեամբ հանդէս եկած է անդրշիրիմեան թագաւորութեան մէջ վերջնական բնակութիւն հաստատած Հայտար Ալիեւ, երբ 2002-ին 17 հոկտեմբերին յայտարարեց, որ` «Ազրպէյճան ամէն գնով պիտի ազատագրէ իր տարածքները, եւ մօտ օրէն Սեւանայ լիճի ափին պիտի նախաճաշենք»:
Հաւանաբար կ՛արժէ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան վերյիշեցնել, որ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւնները շրջանի ամէնէն մարտունակ եւ կազմակերպ բանակը ունեցող երկիրներէն են` օժտուած նոր զինատեսակներով, իսկ ասոր վառ ապացոյցն է քառօրեայ պատերազմին Ազրպէյճանի կրած պարտութիւնը` հակառակ գերարդիական զէնքերով օժտուած ըլլալուն:
Հաւանաբար ալիեւներու կատարած յայտարարութիւնները անհրաժեշտ են ներքին սպառումի համար, բայց ամբոխավարութեան կրակին հետ խաղացողները պէտք է լաւ իմանան, որ ասիկա նախ կրնայ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ, ապա փաստը կը մնայ փաստ եւ պատմաքաղաքական իրաւունքներու ձեռքբերումը, պահանջատիրութիւնները եւ ռազմաքաղաքական անհերքելի իրականութիւնները գետնի վրայ կարելի չէ շփոթել ներքաղաքական նեղ հաշիւներուն հետ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան երկրորդ բաժինին, որ պատերազմի միայն առաջին փուլը աւարտած է, նաեւ` պաշտպանութեան նախարարին, թէ` Ազրպէյճանի բանակը կրնայ «որեւէ պահու» մարտերու սկսիլ, իրապէս ազրպէյճանական տղայական վերջին յայտարարութիւններուն իբրեւ պատասխան` դիպուկ են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի վերջին զոյգ յայտարարութիւնները. ի դէպ, տեղին է ըսել, թէ հանրայայտ իրողութիւն է, որ եթէ իրօք Հայաստանի Հանրապետութեան արեւմտեան սահմանները միջազգայնօրէն ամրագրուած եւ յստակացուած են Սեւրի դաշնագիրով, ապա Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան պատմական սահմանները տակաւին կը կարօտին յստակացման եւ, ըստ կարգ մը պատմագէտներու եւ միջազգային փորձագէտներու, անոնք կը հասնին մինչեւ Կուր գետը:
Հետեւաբար, արդեօք Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի յատկապէս վերջին յայտարարութիւնը, ուր կ՛ըսէր. «Սադրանքի պարագային հակառակորդին հետ պիտի առերեսուինք իր տարածքին մէջ» կը նշանակէ՞ ռազմական նոր շփման գիծեր… Առ այդ, արդեօք ներկայ հայ-ազրպէյճանական որեւէ սահմանի սթաթիւս քուոյի խախտման կամ ազրպէճանական ռազմական եւ պատերազմական նորանոր գործողութիւններու ու ոտնձգութեանց պարագային, հայկական կողմի հակադարձութիւնը պիտի ըլլայ գործնական թարգմանութի՞ւնը, թէ՞ իբրեւ այդպիսին պէտք է ընկալել Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարին այն յայտարարութիւնը` «Նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» հասկացողութիւնը, որուն բազմակողմանի հետեւանքները կը կրէ բացառապէս Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:
Այսուամենայնիւ, պէտք է ըսել, որ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական նեղ օղակի կրած պատմական պարտութիւններէն ետք, Արցախի ռազմաճակատներուն վրայ, այսօր, հաւանաբար, Ազրպէյճանի ժողովուրդը բնաւ պատրաստ չէ ինքզինք վերստին նետելու անիմաստ կրակի մը մէջ, որ բնաւ վերջ չունի:
Ազրպէյճանցի ծնողները երբեք պիտի չուզեն կորսնցնել իրենց զաւակները հողի մը համար, որ բնաւ իրենցը եղած չէ, եւ որուն իրենք թաքուն կերպով շատ լաւ կը գիտակցին:
Ազերի երիտասարդութիւնը արդեօք չի՞ գիտակցիր, որ իմաստ չունի պատերազմիլ ու զոհուիլ արկածախնդիր այնպիսի ղեկավարներու համար, որոնք այլապէս սալոններու եւ շքեղ պալատներու մէջ նստած` երկրի հարստութիւնները, բնական պաշարները, նաւթը եւ կազը կը շահագործեն իրենց սեփական հաշիւներուն ու անձնական հարստութեանց եւ իշխանական դիրքերու ամրապնդման համար: Անոնք ամբողջ սերունդի մը ճակատագիրին հետ կը խաղան` մէկ կողմէ ատելութիւն սերմանելով, իսկ միւս կողմէ` հրահրելով ազգամիջեան ու կրօնական խնդիրներ: Այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, պէտք է Պաքուի վարիչները վերատեսութեան ենթարկեն իրենց մարտավարութիւնը եւ վարեն այնպիսի քաղաքականութիւն մը, որ նպաստէ տարածաշրջանին մէջ յառաջ տարուող քաղաքական ու բանակցային գործընթացին, որոնք պիտի ծառայեն ո՛չ միայն Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան եւ անվտանգութեան, այլեւ` տեւական խաղաղութեան, շրջանի անդորրութեան, կայունութեան եւ տնտեսական բարգաւաճման:
ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ