Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Փետրուար 25ի այս օրը, Արեւմտահայաստանի Շապին Գարահիսար գիւղաքաղաքին մէջ, արհեստաւոր Թորոս Օզանեանի յարկին տակ, լոյս աշխարհ եկաւ Անդրանիկ անունով հայ մանուկ մը, որ կոչուած էր դառնալու հայ ժողովուրդին մռայլ երկնակամարը լուսաւորող եւ ջերմացնող անմար աստղ մը։
Աւարտելով ծննդավայրի «Մուշեղեան» վարժարանը՝ Անդրանիկ պատանի տարիքէն նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ։ Իր ժամանակի հայութեան վիճակուած օրապահիկ ապահովելու դժուարին պայմաններուն բերմամբ, Անդրանիկ իր կարգին 1884ին պանդուխտ գնաց Պոլիս, ուր հիւսն աշխատող հայ երիտասարդին առջեւ բացուեցաւ ազգային-յեղափոխական տրամադրութիւններու ալեկոծման ու բորբոքման բուռն աշխարհ մը։ Անդրանիկ տեսաւ ծնունդը, իրարու ետեւէ, հայ ազգային կուսակցութեանց եւ 1892ին կատարեց գաղափարական իր ընտրութիւնը՝ միանալով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, որուն ֆետայական մարտունակութեան խորհրդանիշը դարձաւ եւ հաւատաւոր հայդուկապետը մնաց մինչեւ 1917 թուականը, երբ անհատական հակադրութիւններու հետեւանքով քէնցաւ իր պաշտած կուսակցութեան հետ, հեռացաւ Դաշնակցութենէն եւ ընդհանրապէս քաշուեցաւ քաղաքական բեմէ։
1890ականներու սկիզբէն իսկ Անդրանիկի համար արդէն ճշդուած էր իր կեանքի ուղին.- Հրաժարիլ անձնական կեանքէ եւ բոլոր ուժերով նուիրուիլ Երկրի բազմաչարչար հայութեան ազգային ազատագրութեան պայքարին։
Իր կենդանութեան արդէն առասպել դարձաւ Անդրանիկ։ Տակաւին դաշնակցական շարքային մարտիկ՝ Անդրանիկի քաջագործութեանց հռչակը տարածուեցաւ ողջ հայաշխարհով մէկ։ Տակաւին Սերոբ Աղբիւրի խմբապետութեան տակ գործող դաշնակցական ֆետայի, յատկապէս դաւադրաբար գլխատուած Սասնոյ Առիւծին վրէժը – Գէորգ Չաւուշի եւ Սպաղանաց Մակարի հետ – լուծելու իր յանդուգն քայլէն ետք, Քաջ Անդրանիկ առանցքը դարձաւ բերնէ-բերան տարածուող ազգային-յեղափոխական մեր երգերուն։
Այդ պատճառով ալ, երբ յետադարձ հայեացքով կը փորձենք խտացնել Անդրանիկի տեղն ու դերը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, յատկապէս Հայաստանի ու հայութեան ազգային-պետական վերականգնումը նուաճելու մեծ պայքարին լուսարձակին տակ, Անդրանիկին արդարօրէն շնորհուած «խմբապետ»ի, «հայդուկապետ»ի, «Փաշա»յի, «հրամանատար»ի եւ «զօրավար»ի տիտղոսներէն վեր, յաղթահասակ կþերեւայ «Դաշնակցական Մարտիկ»ի եւ «Ազգային Հերոս»ի անոր կրկնակի մեծութիւնը։
Անդրանիկի առասպելական կերպարն ու Աւանդը կարելի չէ ամբողջական հաշուեկշռի արժանացնել, առանց հետեւողականօրէն լուսարձակի տակ պահելու այդ երկուքին՝ Դաշնակցական Մարտիկի եւ Ազգային Հերոսի փոխ-ազդեցութեան ու փոխ-հարստացման կարմիր թելը, որ տիրական առանձնայատկութիւնը եղաւ անոր փոթորկայոյզ կեանքին։
Դաշնակցական Մարտիկը մղում տուաւ Անդրանիկի խիզախ ու յանդուգն հերոսութեան եւ մարտունակութեան՝ յանուն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան անոր վարած բոլոր ճակատամարտներուն ընթացքին։ Իսկ Ազգային Հերոսի արժանաւորութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ներշնչման մնայուն աղբիւրը դարձաւ դաշնակցական մարտական ղեկավարի իր կոչումին ծայրայեղ խստապահանջութեամբ փարելու Անդրանիկի վարքագծին, որուն հետեւանքով երկու անգամ քէնոտացաւ իր սեփական գաղափարաի ընտանիքին՝ կազմակերպութեան հետ ու ինքնամեկուսացման դիմեց, բայց եւ օրհասական պահուն դարձեալ իր կուսակցութեան վերադարձաւ կազմակերպականօրէն ու անոր ղեկին տէր կանգնեցաւ։
Պատահական չէ ըսուած, հետեւաբար, որ Դաշնակցութենէն դուրս Անդրանիկ չունեցաւ ճառագայթող գործունէութիւն, ինչպէս որ առանց Անդրանիկի ըստ արժանւոյն գնահատումին՝ կարելի չէ խորաչափել տարողութիւնը Դաշնակցութեան կատարած Գործին։ Այդ պատճառով ալ որքան թշուառական ու խղճալի են, այսօր, էլեկտրոնային հաղորդակցութեան կայքէջերուն վրայ «առօք-փառօք բազմած» մերօրեայ այն հեղինակները, որոնք իբր Անդրանիկի Աւանդին պահապան կը ներկայանան, բայց ըստ ամենայնի կ՛արատաւորեն յիշատակը Մեծ Հայուն, երբ ամէն գնով անտեսումի կը փորձեն մատնել, աղաւաղումներով եւ չարափոխումներով, Դաշնակցութեան հետ Անդրանիկի անխզելի պորտակապը։ Մանաւանդ երբ մօտաւոր անցեալի խորհրդային պատմաբաններու ներշնչումով՝ կ’աշխատին մինչեւ իսկ Դաշնակցութեան հակադրել Անդրանիկը։
Միայն Աւետիս Ահարոնեանի վկայութիւնը, «Անդրանիկ»ը անունով Հայկական Ազատամարտի Մեծ Արծիւին յետմահու նուիրուած գործով, բաւարար է, որպէսզի այլեւս մարդիկ ձեռք քաշեն հակադաշնակցական մաղձով առաջնորդուելու զուր, արդէն շատոնց սնանկացած այդօրինակ մօտեցումներէ…
Անդրանիկի մարտական գործունէութեան եւ հերոսական քայլերուն գլխաւոր հանգրուանները, իրենց սոսկ թուարկումով, տեսանելի կը դարձնեն լայն շրջագիծը Հայկական Ազատամարտին եւ Դաշնակցութեան ներդրումին.-
ա.) 1898էն սկսեալ Սասնոյ մարտական ուժերուն փաստական ղեկավարումը։
բ.) 1904ի Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան ղեկավարումը։
գ.) 1907էն ետք Պուլկարիա հաստատուիլն ու Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովի որոշումով ահաբեկչական-ցուցական խորհուրդի անդամ ընտրութիւնը եւ, հուսկ, Պուլկարիոյ մէջ Դաշնակցութեան Զինուորական վարժարանին կազմակերպումը։
դ.) 1912ին Պալքանեան պատերազմին մասնակցութիւնը՝ հայկական ջոկատի հրամանատարի պատասխանատուութեամբ։
ե.) 1914ին Կովկաս տեղափոխուիլն ու Հայ Կամաւորական Շարժման գլուխն անցնիլը, իբրեւ Առաջին Կամաւորական գունդի հրամանատարի մղած հերոսական կռիւները։
Ի վերջոյ, Հայաստանի անկախութիւնը կերտող հերոսամարտերուն Անդրանիկի բերած յաղթական մասնակցութիւնն ու Հայաստանի Հանրապետութեան տարիներուն Զանգեզուրի պաշտպանութեան համար մղած կռիւները փառահեղ օղակներն են այն շղթային, որ Անդրանիկ անունը անքակտելիօրէն կապեց հայ ժողովուրդի պատմական ոգորումի այդ բախտորոշ հանգրուանին։
Անուս էր Անդրանիկ, բայց Հայկական Ազատամարտի մեծ դպրոցէն անցաւ՝ արժանաւորապէ՛ս, խորաթափանց եւ շրջահայեաց։ Սկսելով 1907-1908ին գրուած ու «Դրօշակ»ի կողմէ հրատարակուած իր «Մարտական հրահանգներ» գրքոյկէն, անցնելով Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովներուն թէ Հայոց Ազգային խորհուրդի համագումարներուն թէ նիստերուն իր ունեցած ծրագրային ելոյթներէն եւ հասնելով իր ժամանակակիցներու վկայութեամբ մեզի հասած ազգային-քաղաքական ու գաղափարական կտակի պատառիկներուն, ամէնուր երեւան կու գայ Դաշնակցական Մարտիկի եւ Ազգային Հերոսի համադրութեան այն եզակի մարմնաւորումը, որ ոգեշնչող ու անկորնչելի աւանդն է Անդրանիկին։
Իրատեսութիւն՝ որ թրքական վտանգին դէմ միշտ արթուն գտնուելու եւ զէն ի ձեռին պաշտպանուելու յորդորով կը յատկանշուի։ Իրատեսութիւն՝ որ ժամանակի եւրոպական մեծ տէրութեանց, յատկապէս Ռուսաստանի եւ Անգլիոյ հետ ռազմաքաղաքական դաշինքի անհրաժեշտութիւնը կը շեշտէ։ Մանաւա՛նդ իրատեսութիւն՝ որ համազգային պատասխանատուութեան եւ առաքելութեան կը ստորադասէ մնացեալ ամէն զգայնութիւն եւ առաջնահերթութիւն։
Անդրանիկ իր կեանքին վերջին տարիները Փարիզ եւ Ֆրեզնօ անցուց ու նուիրուեցաւ տարագիր հայութեան անօթեւան գաղթականներուն օգնութիւն հաւաքելու եւ հասցնելու գործին։
Թշնամի փամփուշտը բնաւ չկրցաւ հասնիլ Անդրանիկին։ Հերոսաբար վերապրեցաւ ամէն կարգի ճակատումներէն։ Գործեց իբրեւ առասպել եւ յաւերժացաւ հայ ժողովուրդի սերունդներուն հաւաքական գիտակցութեան մէջ՝ Աշուղ Շերամի ժողովրդական սիրուած երգին բառերով.-
Իբրեւ արծիւ սաւառնում ես լեռ ու ժայռ,
Թնդացնում ես երկինք-գետին տենչավառ,
Սուրբ անունդ պիտի յիշուի դարէդար,
Հսկայ լերինք քեզ ապաստան Անդրանիկ:
Որքան ժամանակը թաւալի, Անդրանիկի դէմքը այնքան վեր կը բարձրանայ իր ժամանակի ամէն կարգի ստուերներէն եւ հայ ժողովուրդին կը պատգամէ.-
– Մարդ կրնայ հարիւր տուն ունենալ, բայց միայն մէկ Օճախ:
– Հոգս չէ մահս, այլ գործս, որ կիսատ մնաց:
– Ամէն հայ եթէ միմիայն իրեն համար ապրելու մասին չմտածէր, մեր աղէտներուն մեծ մասը պակաս կ’ըլլար:
– Ես կեանքիս մէջ երբեք չեմ ձգտած անձնական երջանկութեան ու բարօրութեան։ Ես մշտապէս ձգտեր եմ միայն մէկ բանի եւ պայքարած եմ միայն մէկ բանի՝ իմ հարազատ ժողովուրդիս ազատութեան եւ բարօրութեան համար։ Ես չեմ փնտռեր իմ վաստակիս գնահատականը եւ կը փափաքիմ միայն այն, որ երջանիկ ըլլայ այն ժողովուրդը, որուն ես ծառայած եմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին:
– Ամէն օր ձեր գլուխը բարձին դնելէ եւ քնանալէ առաջ, յիշեցէք, թէ այդ օրը ի՛նչ էք ըրած ձեր ազգին համար:
– Իմ կուսակցութիւնն իմ ազգն է:
– Իմ ազգը ճնշուածներու ազգն է:
Ն