կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-02-14 19:17
Առանց Կատեգորիա

Արցախը` Ներկայ Փուլի Քաղաքական Կեդրոնացման Առարկան

Արցախը` Ներկայ Փուլի Քաղաքական Կեդրոնացման Առարկան

100 տարի առաջ, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դեռ նոր կը նշէր իր անկախութեան առաջին տարեդարձը, ՀՅԴ-ն, առաջին անգամ ըլլալով, իր 9-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարեց հայկական պետութեան մէջ` նորանկախ Հայաստանի սահմաններուն մէջ:

ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովը կայացաւ թէ՛ ընկերային-տնտեսական եւ թէ՛ ապահովական ծանր պայմաններու ներքեւ:

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ համատարած էին` սով, աղքատութիւն եւ չքաւորութիւն ու ներքին պոլշեւիկեան խռովութիւններ, իսկ սահմանները երեք կողմէն պաշարուած` թրքական, ազրպէյճանական եւ վրացական բանակներով:

Այսօր, 9-րդ Ընդհանուր ժողովի գումարումէն 100 տարի ետք, ՀՅԴ-ն իր 33-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարեց Արցախի Հանրապետութեան մէջ:

33-րդ Ընդհանուր ժողովը նոյնպէս գումարուեցաւ այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ զինադադարի խախտումները դարձած են սովորութիւն` Ազրպէյճանի կողմէ, միջազգային ընտանիքը տակաւին չէ ճանչցած Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, կովկասեան շրջանը կ՛ապրի արագ զինուորականացման եւ ծանր զէնքի առեւտուրի ժամանակաշրջան մը, իսկ Արցախը (մեկնելով նախկին պատճառներէն) կը դիմագրաւէ ընկերային-տնտեսական լուրջ մարտահրաւէրներ:

Նաեւ, Ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ կը խօսուի բանակցութիւններու վերսկսման մասին, երբ` մտահոգութիւններ կան հողեր զիջելու, միջազգային ճնշումներու եւ նոյնիսկ պատերազմի վերսկսման գծով:

ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովի գումարումը Արցախի Հանրապետութեան մէջ ինքնին քաղաքական կեդրոնացումի կարեւոր գործ մըն է, ինչ որ հայկական ընկերութեան մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւններու կեդրոնացումին առարկան կը դարձնէ արցախեան հիմնահարցը:

Ինչպէս որ 9-րդ Ընդհանուր ժողովը կարեւոր եւ վճռորոշ որոշումներ որդեգրեց ի նպաստ հայրենիքի եւ համայն հայութեան (ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի որդեգրում, «Նեմեսիս» գործողութիւն եւ ընկերային ու տնտեսական արդարութեան հաստատում), 33-րդ Ընդհանուր ժողովն ալ կարեւոր եւ վճռորոշ որոշումներ որդեգրեց յանուն արցախեան հիմնահարցի արդար լուծման:

Արցախեան շարժումը, որ սկսաւ աւելի քան 30 տարի առաջ, տակաւին իր աւարտին չէ հասած: Աւելի քան 30 տարիէ ի վեր տակաւին բան մըն ալ չէ փոխուած, բացի պայքարի միջոցներէն: Եթէ 30 տարի առաջ պայքարը զէնքով էր, այսօր աւելի շատ դիւանագիտական, քաղաքական ու տեղեկատուական է:

Արցախեան շարժումը, որ սկսաւ Արցախի բնակչութեան ազատ կամքի արտայայտութեամբ, պէտք է վերջ ի վերջոյ լուծուի Արցախի բնակչութեան ազատ կամքի արտայայտութեան յաղթանակով: Այլապէս, որեւէ լուծում արդար չի սեպուիր:

Տագնապը ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտութեան ընդմէջէն լուծել, այսինքն Արցախը, իր ներկայ տարածքով, որուն անկախութեան համար արցախահայութիւնը իր ազատ կամքով հանրաքուէ կատարեց 1991-ին եւ կամովին որոշեց անկախանալ ազրպէյճանական լուծէն, դարձնել անբաժան մասնիկ միջազգային հարթակներու վրայ կայանալիք որեւէ բանակցութեան, որեւէ համաձայնութեան եւ որեւէ մանր կամ մեծ խնդիրի մը շուրջ, որ կապ ունի տագնապին լուծման հետ:

ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովի` ի նպաստ Արցախի հրապարակած յայտարարութեան կէտերը (մասնակից դարձնել Արցախի Հանրապետութիւնը բանակցութիւններու հոլովոյթին մէջ եւ Հայաստանի իշխանութիւնները միջազգային հարթակներու վրայ դառնան Արցախի անկախութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւորը), հիմնուելով ՀՅԴ-ի գաղափարաբանական հիմքերու վրայ եւ սկզբնական աղբիւր ունենալով ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը` կը նպաստեն արցախեան հարցի արդար լուծման եւ վերջնական յաղթանակի հասնելուն:

Այսօր, նկատի ունենալով Արցախի Հանրապետութեան դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրները, պէտք է ազգովին նեցուկ կանգնինք արցախեան հիմնահարցի արդար լուծման եւ, ինչո՞ւ չէ, կազմենք համազգային ճակատ մը, որ մէկ կողմէ առջեւ կը տանի բանակցութիւնները` ներառելով Արցախի Հանրապետութիւնը եւ մերժելով ամէն տեսակի հողային զիջումները, իսկ միւս կողմէ ալ`միջազգայնօրէն Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման աշխատանք տանելով:

Այսօր, աւելի քան երբեք, Արցախի Հանրապետութիւնը համահայկական ճիգերու կարիքը ունի:

Արցախեան շարժումը պէտք է հասնի իր յաղթական աւարտին:

Հետեւաբար կը պահանջուի, որ Արցախը ներկայ փուլին քաղաքական կեդրոնացման հիմնական առարկան դառնայ:

 

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ