կարևոր
2818 դիտում, 8 ամիս առաջ - 2024-01-16 15:41
Հասարակություն

Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպած Ամանորի հաւաքին ներկայ գտնուեցան Օնթարիոյի քաղաքական պաշտօնատարներ

Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպած Ամանորի հաւաքին ներկայ գտնուեցան Օնթարիոյի քաղաքական պաշտօնատարներ

Կիրակի, 14 Յունուար 2024-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Ամանորի տարեկան հանդիպումը, Հայ կեդրոնէն ներս: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Օնթարիօ Նահանգի շուրջ 40 պետական եւ շրջանային մակարդակի պատասխանատու քաղաքական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ գաղութի պատասխանատուներ, միութեանց ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով բազմութիւն:

Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանի աղօթքէն ետք, Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Հրակ Տէտէեան վարեց օրուան հանդիսութիւնը եւ իր բացման խօսքին մէջ թուեց հայ ժողովուրդին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, սկսելով մասնաւորաբար հարիւր հազար արցախցիներու բռնագաղթով իրենց բնօրրանէն: Ապա ան թուեց Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբի այս տարուան ծրագիրները, շեշտը դնելով Գանատայի կառավարութեան հետ գործակցութեան բնագաւառներուն վրայ: Այս գծով, ան թուեց առաջնահերթութիւն նկատուածները, որոնցմէ գլխաւորներն են՝ Գանատական կառավարութեան կողմէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զէնքի մատակարարման կտրականապէս արգելում, քարիւղի ներածման դադրեցում, բռնագաղթած արցախցիներու մարդասիրական յաւելեալ օժանդակութիւն, Պաքուի կողմէ ռազմագերիներու եւ ապօրինի կերպով ձերբակալուած անձերու ազատ արձակում, Մշակութային արժէքներու պահպանման գծով՝ Գանատայի կառավարութեան աշխոյժ միջամտութիւն մշակութային ցեղասպանութեան առաջքը առնելու եւ այս առումով՝ ուղղակի գործակցութիւն միջազգային կազմակերպութիւններու հետ:

Ձեռնարկը յատկապէս առիթ հանդիսացաւ ի մի բերելու Գանատայի դաշնակցային եւ նահանգային մակարդակի տարբեր կուսակցութեանց պատկանող քաղաքական գործիչները: Ներկայ էին նաեւ Թորոնթոյի, Մարգամի, Ռիչմոնտ Հիլի եւ Եորք շրջանի դպրոցներու հոգաբարձական խորհուրդները, որոնք խօսք առին այս առթիւ: Անոնք մասնաւորաբար շեշտեցին հայ համայնքին հետ իրենց ջերմ բարեկամութիւնը եւ փոխանցեցին սերտ գործակցութեան եւ արգասաբեր տարուան մը բարեմաղթութիւնները:

Հաւաքը վեր առաւ միասնականութեան եւ գործակցութեան ոգին, հայ համայնքին պինդ կապերը Գանատայի զանազան շրջանակներուն հետ, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդը յուզող զանազան հարցերու գծով անոնց զօրակցութիւնը: Ձեռնարկի աւարտին շեշտադրուեցաւ Հարաւային Կովկասի շրջանի խաղաղութեան կարեւորութիւնը: