Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Աղբիւրը՝ գերմանական պատկերասփիւռի DW կայան (նաեւ այլ աղբիւրներ)։
Թուական՝ Ուրբաթ, 11 Յունուար 2019։
Նիւթը՝ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի Յունաստան այցելութիւնը եւ նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի հետ հանդիպումը։
Լուրին խտացումը. հիւրընկալ նախագահը կը յիշեցնէ, որ Բ. Աշխարհամարտին, նացիներու օրով, Գերմանիա ծանր վնասներ պատճառած է Յունաստանի ու անոր ժողովուրդին, կը պահանջէ նիւթական հատուցում (կը խօսուի 300 միլիառ տոլարի մասին)։ Մերքէլ կ’ընդունի, որ Յունաստան նացի Գերմանիոյ զոհերէն է եւ թէ՝ պէտք է գտնել հարցերը լուծելու, յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ ամրապնդելու ուղիներ։ Ի վերջոյ, երկու երկիրներն ալ Եւրոպայի Միութեան անդամ են։
Հետեւութիւններ.
1.- Յունաստան չէ մոռցած, կը յիշէ, կը յիշեցնէ եւ կը պահանջէ։
2.- Գերմանիոյ թիւ մէկը չի խուսափիր պատմութեան մէջ գործուած սխալը ընդունելէ. կ’ընդունի, որ Բ. Աշխարհամարտին, գրաւման օրերուն, Յունաստան վնաս կրած է, չ’ըսեր, որ ատիկա նացիներու օրով գործուած է, պատմութեան կը պատկանի, այսօրուան Գերմանիան, որ անցաւ բաժանումի եւ վերամիացումի տաժանելի փուլերէն, պատասխանատու չէ նացիներու ոճիրներուն ու պատճառած վնասներուն, հարցերուն քննարկումն ու լուծումը պատմաբաններուն ուսին չի նետեր, այլ կը խոստանայ դարմանումի եւ յարաբերութեանց բարելաւման ձեւեր գտնել։
3.- Գերմանական յիշեալ հեղինակաւոր աղբիւրը անյապաղ, մանրամասնօրէն ու ամենայն հարազատութեամբ կը ներկայացնէ Մերքէլ-Փաւլոփուլոս հանդիպումին մանրամասնութիւնները, չի գործածեր հիթլերական Գերմանիոյ դաժան դերակատարութիւնը քողարկելու կամ մեղմացնելու բառամթերք։
Ի դէպ, Մերքէլի Աթէնք այցելութիւնը շաքար-մեղրով չէր պատուած. յոյները չեն մոռցած, որ իրենց տնտեսական տագնապին օրերուն (տագնապը լիովին չէ փարատած տակաւին), Մերքէլ, իբրեւ Եւրոպական Միութեան մէջ գերակշիռ խօսք ունեցող ղեկավար, աւելի քան 4 տարի առաջ խնայողական խայթող ծրագիր մը իջեցուց իրենց կոկորդէն վար. սակայն հիմա երեւոյթները ցոյց կու տան, որ թուլցած այդ կամուրջներն ալ վերստին ամրապնդելու տրամադրութիւն կայ երկու կողմերէն։
***
Քանի մը նկատողութիւն։
Հայկական պետական շրջանակներու կամ մամուլին ուշադրութեան արժանացա՞ծ են այս հանդիպումն ու դրուած հարցերը։
Մեզի՝ հայերուս ի՞նչ կը պակսի, որ մեր պետական ու քաղաքական աշխատանքներուն ծիրին մէջ, մնայուն օրակարգ դարձնենք Թուրքիայէն մեր պահաջատիրութիւնը (հրաժարելով «Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց բարելաւման համար նախապայմաններ չունինք»ի տրամաբանութենէն) եւ կարելի ամէն առիթի՝ Անգարայի ու անոր գործակիցներուն – ներառեալ Գերմանիոյ – յիշեցնենք, թէ Ցեղասպանութեան, հողերու բռնագրաւման ու դարաւոր ժառանգութեանց փճացման բաց հաշիւները անժամանցելի են, կարելի չէ զանոնք պատմաբաններու թողուլ, այլ հաշուեփակի համար, Մերքելի եւ այլոց օրինակին հետեւելով՝ Թուրքիա պարտաւորուած է ընդունիլ իր գործած ոճիրները, հայութեան հասցուցած ԲՈԼՈՐ վնասները, ընդունիլ որ պարտաւոր է լիարժէք հատուցում կատարելու՝ վերադարձնէ բռնագրաւեալ հողերը եւ փոխհատուցէ նացիներու նախակարապետ՝ իթթիհատականներուն ու անոնց ժառանգորդ հանրապետականներուն պատճառած մարդկային ու նիւթական վնասները։ Մուրհակներու ցուցակին մէջ բնականաբար պէտք չէ մոռնալ, անկարելի է մոռնալ Ատրպէյճանի բաժինը։
***
…Մենք կարծէք թէ հրաժարած ենք նման զարգացումներու նկատմամբ մինչեւ իսկ կրաւորական հանդիսատեսի դերէն, իսկ պահանջատիրական տասնամեակներու մեր ձեւերը (առանց անտեսելու անոնց անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը) սկսած ենք վերածուելու անատամ առիւծի, մոռնալով, որ «կը յիշեմ ու կը պահանջեմ»ը կրնան գործնական ընթացքի մէջ դրուիլ նա՛եւ Յունաստանի նախագահին պահանջատիրութեան տրամաբանութեամբ, հետեւողութեամբ։ Չենք կրնար արդարանալ՝ ըսելով, որ երկու հարցերը մեծ տարբերութիւն ունին, Հայաստան տկար է, կամ՝ նման մտածումներով «պատսպարուիլ»։
Կ’արժէ, որ մեր տեսակէտներուն համահունչ այսօրինակ իրադարձութեանց մօտենանք ողջունողի «աղմուկով», իսկ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի անարդար ընթացքներն ու նորագոյն ոճիրները՝ բացայայտողի, աղմկոտ դատապարտողի դիրքերէ։
Սա մնայուն մարտահրաւէր է հաւասարապէս հայրենի պետութեան ու Հայ Դատի պայքարին լծուած բոլոր գործողներուն համար։ Մեր կրաւորական անտարբերութիւնը չփորձենք բացատրել նաեւ անով, որ Հայաստան ու հայ ժողովուրդը հիմա կլանուած են ներքին քաղաքական իրադարձութիւններով, նոր խորհրդարանով ու անկէ ծնելիք կառավարութեան հարցերով (ի՜նչ խօսք որ բաւարար ժամանակ ունինք աղմկոտ, հոգ չէ թէ որոշ չափով արդար ցոյցերուն։ Անոնք ԳՈՐԾ չեն պահանջեր…)։
hairenikweekly.com