Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Ապրիլ 12ին քննադատած են Արցախի մէջ Ապրիլ 2-7ի միջեւ տեղի ունեցած ատրպէյճանական վերջին բռնարարքներուն դիմաց լուռ մնալու՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի կեցուածքը, միաժամանակ անկէ պահանջած են, որ հետապնդէ եւ յստակօրէն դատապարտէ ատրպէյճանական կողմին կատարած պատերազմական ոճիրները։
Այս դիմակալումը տեղի ունեցաւ Միջազգային քաղաքականութեան Խաղաղականի խորհուրդին առջեւ Քերիի ունեցած ելոյթին ընթացքին։
Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները իրենց այս մտահոգութիւնները փոխանցած են յատկապէ՛ս նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ ատրպէյճանական զինուորական գործողութիւններէն միայն քանի մը օր առաջ, Քերի Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած էր այդ յարձակումները շղթայազերծած Ա-տրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, եւ դարձեալ առիթը չէր օգտագործած դատապարտելու շրջանին մէջ լարուածութիւնը շարունակաբար սրել միտող ա-տրպէյճանական քայլերը։
«Դիւանագիտական մակարդակի վրայ, այս ձախողութիւնը աւելի յանդուգն դարձուցած է հետզհետէ աւելի մենատիրական դարձող Ատրպէյճանը՝ գործնականապէս քաջալերելով այդ զեղծարար նախագահին, որ շարունակէ դէպի պատերազմ իր սկսած արշաւը, որովհետեւ վստահութիւն ունի, որ միջազգային համայնքը դէմ պիտի չդնէ իր քայլերուն», նշուած է Հայ Դատի հաստատումին մէջ։
Այս առիթը օգտագործելով՝ Հայ Դատի ներկայացուցիչները պահանջեցին արտաքին գործոց նախարարէն, որ «Լիհի օրէնք»ին հիման վրայ հետաքննութիւն սկսի ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ հայ քաղաքայիններու եւ զինուորներու դէմ ի գործ դրուած բարբարոսութիւններուն կապակցութեամբ ու կասեցնէ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական բոլոր օժանդակութիւնները։ Միաժամանակ, անոնք շեշտեցին, թէ Ուաշինկթըն անմիջական քայլերու պէտք է դիմէ՝ նման յարձակումներու առաջքը առնելու ու խաղաղութիւնը ամրապնդելու նպատակով, եւ ամենակարեւորը՝ Պաքուի վրայ ճնշում բանեցնէ, որպէսզի վերջինս ընդունի սահմանագիծին վրայ յարձակող կողմը բացայայտող սարքաւորումներու տեղադրումը, ինչին համաձայնութիւն արդէն իսկ տուած են Հայաստանի ու Արցախի իշխանութիւնները։ Այլապէս՝ կը պահանջուի ամերիկեան իշխանութիւններէն, որ ճանչնան գործնականապէս արդէն իսկ իբրեւ անկախ երկիր գոյատեւող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը։