կարևոր
2413 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-01-26 13:50
Քաղաքական

Ազերի «բնապահպաններ»-ու ոճիրները

Ազերի «բնապահպաններ»-ու ոճիրները

Ազերի «բնապահպան» կոչեցեալները միթէ չտեսա՞ն, թէ որքա՜ն ռումբեր տեղացին Արցախի շէներուն եւ մշտադալար լեռներուն վրայ։ Հեռաւոր անցեալին չէր, այլ 2020-ի աշնան էր, երբ ամէն տեսակի արգիլեալ ռումբեր տեղացին Արցախի վրայ, իրենց երկրին ու հովանաւոր Թուրքիոյ կողմէ բերուած ոճրածին ահաբեկիչներու կողմէ, որոնք հողատարածքներ հրկիզեցին՝ պարզապէս դիւրացնելու համար իրենց յառաջխաղացքը: Հայորդիին յիշողութեան մէջ վառ են այդ դաժան կայծերը, որոնք կը տեղային կանաչազարդ բարձունքներու եւ հովիտներու վրայ, մերթ այն տպաւորութիւնը ձգելով, թէ կատարուածը հրավառութիւն էր, մինչդեռ ահաւորն ու մահացուն էր, որ կը կատարուէր։

Եւ ահա, հազիւ երկու տարի ետք, իբրեւ թէ կենսոլորտի ապականումով մտահոգուած ազերիներ կ՛ուզեն պաշտպանել եւ պահպանել կանաչութիւնն ու բնութիւնը։ Արդեօք «կանաչներ»-ու ո՞ր ոչ-կառավարական կամ օրինաւոր կազմակերպութեան կը պատկանին այս «բնապահպաններ»-ը։ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան հիմնարկներ եւ անձեր որոշ ուշացումով սկսած են մերկացնել դաւադիրները: Հանրութիւնը տեղեակ կը դառնայ, թէ ի՞նչ պայմաններու տակ կը գործեն ազերի «բնապահպաններ»-ը եւ մէկ առ մէկ ո՞վ են այս «հերոսներ»ը, որոնք բնութեան հանդէպ շինծու գուրգուրանքէն աւելի՝ ատելութիւն ունին հայերուն հանդէպ եւ անոնց վախճանական նպատակն է Բերձորի միջանցքը փակելով՝ լրումին հասցնել արցախահայութեան տեղահանումն ու ոչնչացումը։ 2020-ի վերջերէն ի վեր, աւելի քան 30 հազար արցախցիներ մինչեւ այսօր կը մնան բռնագաղթուածի վիճակին մէջ…

Բնապահպանութեան անուան տակ, ցեղասպանական նոր ոճիր մը տեղի կ’ունենայ հայութեան ու աշխարհի աչքերուն առջեւ:

Հայաստանի եւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն հաստատումով, ազերի «բնապահպաններ»-ը ամբողջութեամբ կը ղեկավարուին բռնատէր Ալիեւի վարչակազմին կողմէ։ Ճամբայ փակողներուն շարքին կան Ատրպէյճանի բանակի յատուկ ուժերու անդամ «հերոսներ», որոնք իրենց անձնական ընկերային ցանցերու ճամբով հայատեացութեան մաղձ կը թափեն։ Անոնք զանազան գրգռիչ արտայայտութիւններով եւ համաթուրանական նշանախօսքերով կը փորձեն համակիրներ ներգրաւել։ «Բնապահպան»-ներէն մէկը մօտիկ բարեկամն է ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովին, որ Պուտափեշթի մէջ, ՆԱԹՕ-ի մէկ հաւաքին, Գուրգէն Մարգարեան անունով հայ սպայ մը կացինահար սպաննած էր եւ քանի մը տարի ետք, Պաքու վերադարձած իբրեւ ազգային հերոս…։

Բանակի յատուկ զօրախումբին անդամներու կողքին, Պաքուի կողմէ շինծու ոչ-կառավարական հիմնարկներու ներկայացուցիչներ մաս կը կազմեն այս «բնապահպաններ»-ուն, որոնց մէկ շօշափելի մեծամասնութիւնը կը պատկանի փափուկ սեռին։

Երկար է ցանկը Բերձորի միջանցքին եւ… միայն թուղթի վրայ գոյութիւն ունեցող ազերիական միաւորներուն. «Նոր Կեանք», «Ընկերային տնտեսական եւ երկրագործական զարգացում», «Տարիքաւոր եւ առանձին անձերու պաշտպան յանձնախումբ» (որ ուղղակիօրէն կը մատակարարուի «Հայտար Ալիեւ Ֆոնտ»-ին կողմէ), «Ընկերա-քաղաքական եւ միջազգային ուսումնասիրութիւններ», «Զոհերու նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեան Ժողովրդային միութիւն», «Կանանց իրաւունքներու պաշտպան ընկերակցութիւն» (որ, ի՜նչ հեգնանք, յաճախ կլոր սեղաններ կը կազմակերպէ, կիզակէտ ունենալով «Հայաստան-Ատրպէյճան ժողովրդային խաղաղութիւն» նիւթով), «Անկարող Կանանց հիմնարկ», «Ատրպէյճանի հանրապետութեան բնութեան պաշտպան եւ բնական հարստութիւններու խորհուրդ»․․․։

Այսպէս, ահաբեկման դաւը մարմնաւորող ամբողջ ցանց մըն է, որ որդեգրած է իւրայատուկ գործելաձեւ մը՝ ամբողջականօրէն շրջափակելով Արցախը։ Շարժառիթն ալ աղաղակող կերպով շինծու է՝ Ատրպէյճանի մէջ գործող բրիտանական հանքարդիւնաբերական ընկերութեան մը մէկ բողոքի նամակը, յղուած շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու եւ կառավարութիւններու ներկայացուցիչներուն, ներառեալ Մ․Ա․Կ․-ին, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, Եւրոմիութեան, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան: Բողոքողը գանգատած է թէ «այլոց կողմէ» (այսինքն՝ Արցախի) կ’ոտնակոխուին շրջանի հանքավայրերու շահագործման իր իրաւունքները: Կը հետեւի, որ արցախցին իր հողին «այլ», այսինքն՝ օտար է, իսկ հեռաւոր բրիտանացին՝ սեփականատէր…:

Իրողութիւնը այն է որ Արցախի Կաշէն, Դրմբոն եւ յարակից շրջաններու հանքերը կը գտնուին Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ. ըստ բողոքի նամակին «հայկական ընկերութիւններ ապօրինի կերպով կը շահագործէ զանոնք»։

Օրին, Արցախի կառավարութիւնը վստահեցուցած էր, որ Արցախի մէջ, հանքի արդիւնաբերութիւնը կը կատարուի՝ կիրարկելով միջազգային բարձրագոյն չափանիշերու յատուկ օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգաւորումներով: Պաշարման առաջին օրէն ի վեր, բազմաթիւ այլ կառոյցներու նման, ժամանակաւորապէս ընդհատուած է ընկերութեան կողմէ հանքավայրին շահագործումը։

Պաքուի վարքագիծը պարզապէս անարգանք է մարդու իրաւունքներու օրակարգի, մարդասիրական արժէքներու եւ քաղաքակրթութեան նկատմամբ: Ամէն օր նոր փաստ մը կը ներկայանայ աշխարհին: Վերջին օրինակը՝ ռուս խաղաղապահ զինուորներու օժանդակութեամբ, Գորիսէն Ստեփանակերտ ուղղուող՝ արցախցի պատանիներու փոխադրակառքին վրայ ահաբեկչական արարքն էր:

Խայտառակութիւնն ու քաղաքակիրթ մարդկութիւնը հեգնելու ամէնէն աղաղակող մէկ քայլ ալ այն է, որ այս բոլորին կողքին, Պաքուն ժպրհած է Հայաստանի դէմ միջպետական հայց ներկայացնել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին, նշելով, թէ 2022-ին Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Սուս գիւղերուն մէջ «ատրպէյճանական հարիւրաւոր ինչքեր ոչնչացած են»: Այսինքն՝ Ատրպէյճան վաղը վնասուց հատուցում պիտի ներկայացնէ այն բնակավայրերուն համար, որոնք իրենց հայ բնակիչներուն կողմէ հրկիզուեցան՝ երբ իրենցմէ պահանջուեցաւ քանի մը օրուան մէջ պարպել շրջանը, որովհետեւ Երեւանի ու Ստեփանակերտի «հայրենապաշտպան վարչակազմերը» մոռցան ««անկարելի է որ շրջանը յանձնենք» խոստումը եւ «կեանքի ճամբան» նուէր տուին Ատրպէյճանի, չմոռնալով բնակիչներուն յանձնարարել, որ չայրեն իրենց բնակարանները:

Ու երեւակայե՜լ, որ Երեւան կ’ընդունի Արցախը տեսնել Ատրպէյճանի կազմին մէջ…:

Պէտք չէ ուշացնել հայրենիքին ու ազգին ճակատագիրը սեփական ձեռքերով պահպանելու եւ վերակերտելու պահը:

 

«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական