կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-22 11:08
Տարածաշրջան

Սպարտակ Ղարաբաղցյանի «Արևի բնակավայրը» գրքի գինեձոնը՝ Հալեպում

Սպարտակ Ղարաբաղցյանի «Արևի բնակավայրը» գրքի գինեձոնը՝ Հալեպում

Աղբյուրը՝ Kanstasar

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը կազմակերպեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, գրող Սպարտակ Ղարաբաղցեանի «Արեւի Բնակավայրը» գիրքին գինեձօնը, Չորեքշաբթի 12 Դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, ԱՄԺ Տան «Անի» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեանի, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչներուն, գիրքի հեղինակ Սպարտակ Ղարաբաղցեանի,Կեդր. Վարչութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ Կարօ Ալեքսանեանի, Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անդամներուն, արժանապատիւ քահանայ հայրերուն, հալէպահայ մշակութային, մարզական միութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Օրուան հանդիսավարուհի՝ Մարինա Պօզեաքալեան-Պազարպաշեան բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հակիրճ կերպով ներկայացուց «Արեւի Բնակավայրը» գիրքի հեղինակին կենսագրութիւնը, յիշելով իր հեղինակած գիրքերը, բեմագրութիւնները եւ վարած պաշտօնները:

Գեղարուեստական յայտագիրով հալէպահայ երգիչ Արամ Խաչատուրեան մեներգեց «Տունն Իմ Հայրենի»-ն:

Այնուհետեւ «Արեւի Բնակավայրը» ժողովածուն ներկայացուց Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս Աւօ Գաթրճեան: Ան գրախօսականը սկսաւ ընդգծելով հեղինակին գործունէութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, յայտնելով, որ հեղինակը կամրջումի լաւագոյն օրինակներէն է՝ ազգային տագնապներով եռուն իր ներաշխարհով: «Հեղինակին լաւ ճանչցողը գիտէ, թէ ան ազգային կեանքի մէջ աշխոյժ գործիչ է, իսկ «Արեւի Բնակավայրը» գիրքը ընթերցողը պիտի հաստատէ, որ հեղինակը հայրենիքի եւ Սփիւռքի հարցերով հաւասարապէս տագնապող անձնաւորութիւն մըն է», ըսաւ Գաթրճեան:

Ապա յայտնեց, որ «Արեւի Բնակավայրը» գիրքը լոյս տեսած է 2016-ին, Երեւանի «Տիգրան Մեծ» հրատարակչատան կողմէ: Արեւելահայերէն այս հատորը կը բաղկանայ 335 էջերէ: Խմբագիրն է` Արշակ Բանուչեան: Հեղինակը գիրքը ձօնած է իր դստեր` Նազենիի անմար յիշատակին: Ժողովածուն կ’ընդգրկէ յիշատակներ՝ Երեւանէն, Հայաստանէն, Արցախէն, ապա նաեւ Սփիւռքի հայահոծ շրջաններէն: Գիրքին մէջ կը կարդանք 7 Դեկտեմբեր 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժին, Արցախի գոյապայքարին, Շուշիի ազատագրման, Հալէպի, Դամասկոսի, Գամիշլիի, Մարկատէի, Տէր Զօրի, Շետտէտէի, Քեսապի, Արցախեան ազատամարտիկներու եւ այլ նիւթերու մասին պատմուածքներ: Խորագիրը ցոլքն է բովանդակութեան:

Գաթրճեան անդրադարձաւ հեղինակին մատչելի ոճին, պատկերաւոր նկարագրութեան ու հայրենատրոփ գրիչին: «Ժողովածուին պատմուածքները իրական կեանքէ քաղուած են, որովհետեւ արմատներու մասին կը խօսին։ Հոն են Հալէպի, Դամասկոսի, Քեսապի, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ օրհասէ փրկուած հայու բեկորները եւ անոնց բանաւոր յիշողութիւնները», ըսաւ ան։

Ապա ներկաները հրաւիրեց ընթերցելու «Արեւի Բնակավայրը» գիրքը, հեղինակին յիշատակներուն եւ ապրումներուն ընդմէջէն հաղորդուելու Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող անձնաւորութիւններու եւ կերպարներու: Գիրքը յիշողութիւններու շտեմարան մը ըլլալով մէկտեղ, արխիւային վաւերաթղթածրար մըն է:

Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի ուսանող Նուէր Ներսէսեան գիրքէն ընթերցեց «Հալէպում Հայը Չի Կորչի» պատմուածքը։

«Ցայգերգ» ստեղծագործութիւնը հնչեցուց հայրենի ջութակահար Արմէն Ճէնտէրէճեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:

Ապա հեղինակը իր սրտին խօսքը արտասանեց։ Ան փորձեց պարզել, թէ ինչպիսի՛ ապրումներ ունեցած է Հալէպ մուտք գործած առաջին իսկ վայրկեանին, ապա նաեւ տեսնելով յետպատերազմեան Հալէպի վիճակը եւ զայն համեմատելով իր յիշողութեան մէջ դրոշմուած Հալէպի պայծառ օրերուն հետ։ Ղարաբաղցեան ըսաւ, որ պատերազմի ուրուականը անընդհատ կը հալածէ մեզ:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւնը, ձեռամբ՝ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսին, արժանապատիւ քահանայ հօր, գիրքի հեղինակին, Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչին եւ օրուան բանախօսին։

Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան իր սրտի խօսքը արտասանեց: Ան Առաջնորդ Սրբազան Հօր շնորհաւորութիւններն ու գնահատանքը ուղղեց գիրքի հեղինակին եւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան: Քահանայ հայրը լուսարձակի տակ առնելով «Արեւի Բնակավայրը» խորագիրը, հայ ժողովուրդը համարեց անսպառ արեւ մը, որ աստուածային նախախնամութեամբ սէգ լեռներու մէջ կերտած իր հայրենիքին մէջ կը շարունակէ գոյատեւել եւ յառաջդիմել:

Աւարտին հեղինակը իր գիրքէն օրինակներ մակագրեց ու նուիրեց ներկաներուն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: