կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-14 10:09
Աշխարհ

ՀՅԴ Կանադայի Հայ Դատի հանձնախումբը հակադարձում է ադրբեջանական հակահայ նորագույն արշավին

ՀՅԴ Կանադայի Հայ Դատի հանձնախումբը հակադարձում է ադրբեջանական հակահայ նորագույն արշավին

ՀՅԴ Կանադայի Հայ Դատի շրջանային հանձնախումբը հաղորդագրություն է տարածել՝ վերահաստատելով, որ, չնայած ադրբեջանական նորանոր ջանքերին, հանձնախումբը շարունակելու է աննկուն կամքով շարունակել իր աշխատանքները։

Հայ Դատի հանձնախմբի տարածած հաղորդագրության մեջ մասնավորապես ասվում է.

«Վերջերս, Գանատայի տարածքին Ատրպէյճանական շարք մը հոսանքներ, սադրիչ արարքներով, անգամ մը եւս փորձեցին հրահրել հայ համայնքը, սակայն անոնց փորձը, ինչպէս միշտ՝ մնաց ապարդիւն: Այս անգամ, իրենք զիրենք որպէս կազմակերպուած համայնք ներկայացուցած, բազմատեսակ յերիւրանքներ եւ ապատեղեկատուութիւն տարածելով, փորձ կատարեցին բողոք ներկայացնել մեր կեդրոններու տարածքներէն ներս տեղադրուած Արցախեան դրօշակներուն դէմ:

Այս ուղղութեամբ, ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կու գայ հաստատելու մեր ժողովուրդին, թէ Գանատահայ համայնքէն ներս, այնտեղ ուր կը տրոփէ հայ ժողովուրդի սիրտը, Արցախի Հանրապետութեան պանծալի դրօշը պիտի շարունակէ հպարտօրէն ծածանիլ, խորհրդանշելով Արցախեան ժողովուրդի ազատ ոգին ու վճռակամութիւնը եւ մեր սերունդներուն փոխանցելով հայ ժողովուրդի արդար պայքարի կենսունակութիւնն ու յաղթանակը:

Անցնող քանի մը տարիներու ընթացքին, Գանատայի մէջ Արցախեան հիմնահարցի ուղղութեամբ տեղի ունեցած աննախադէպ յառաջխաղացքը, խորհրդարանական այցելութիւնները, խորհրդարանէն ներս հնչած շարք մը յայտարարութիւնները, եւ մեր յանձնախումբի ընդհանուր աշխատանքը՝ ընդդէմ Ատրպեճանական ապակայունացնող քաղաքականութեան, անհանգստացուցիչ կը թուի ըլլալ Գանատայի մէջ կայք հաստատած փոքրաթիւ Ատրպեճանական համայնքին:

Նկատի ունենալով մեր քաղաքական ազդեցիկ լայն շրջանակներն ու կարողութիւնները եւ նամանաւանդ մեր օրակարգերէն ներս Արցախեան հիմնահարցի առաջնահերթութիւնն ու այդ ուղղութեամբ արձանագրուած յաջողութիւնները, զարմանալի պէտք չէ թուի, որ ատրպէյճանական համայնքը նման փորձ կը կատարէ Գանատահայ համայնքին դէմ, փորձելով ջլատել մեր պայքարը յանուն Արցախի ժողովուրդի պահանջատիրութեան եւ արդար դատի լուծման:

Հետեւաբար, անգամ մը եւս կու գանք հաստատելու Գանատահայ համայնքին, որ մենք պիտի չշեղինք մեր ուղիէն, պիտի դիմագրաւենք մեր առջեւ ծառացող խոչընդոտները եւ աննկուն կամքով պիտի շարունակենք մեր աշխատանքները մինչեւ Արցախեան հիմնահարցի խաղաղ լուծումը եւ Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքի ու անկախութեան միջազգային ճանաչումը»։