Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Անծանօթ հայրենակից,
Երկու օրեր կը բաժնեն մեզ քուէարկութենէն, որուն արդիւնքը վճռորոշ պիտի ըլլայ Հայաստանի ու ամբողջ հայութեան համար, քանի որ անիկա պիտի կազմէ հիմնարկէքը նոր՝ խորհրդարանական համակարգին, միանգամընդմիշտ թօթափել պիտի փորձէ երէկի անպատուաբեր հետքերը եւ սկիզբ մը պիտի դնէ կառավարման աւելի արդար ու իրաւական ոճի մը:
Որքան կ'ուզէի, որ միասին սուրճի մը նստէինք սեղանի մը շուրջ եւ երկուստէք հպարտանայինք հեռաւոր անցեալի եւ վերջին 30-ամեայի մեր «արութեան գործ»երով, նաեւ միասնաբար ախտանշէինք մեզ ամօթով խարանող տխուր ու ցաւալի երեւոյթները: Գիտեմ, որ կենցաղային մեր այդ զրոյցին տիրապետող թեման պիտի կազմէր արտահերթ ընտրութիւններու պարագան : Գիտեմ նաեւ, որ անիրականանալի է փափաքս, որով եւ քեզի հետ խօսելու եւ մտածումներս յայտնելու համար կը դիմեմ դեմատետրի ընձեռած միջոցին: Պիտի ըլլամ համառօտ ու յստակ:
Դուն ալ ինծի պէս կը գիտակցիս, որ անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին քանի՜-քանի՜ կուսակցութիւններ հրապարակ եկան աթոռ գրաւելու նպատակով, քու քուէիդ համար շռայլ խոստումներով ռմբակոծեցին քեզ, ապա անոնցմէ շատերը ասուպի նման չքացան, իսկ մնացողները «մոռցան» քեզ: Այդ է նաեւ պատճառը, որ դուն չհաւատաս անոնցմէ ոչ մէկուն եւ երես դարձնես բոլորէն: Սակայն պիտի յիշես, որ միայն մէ'կ կուսակցութիւն, ի'մ կուսակցութիւնս միշտ եղաւ զուսպ ու ծրագրային: Ծրագիր ներկայացուց քեզի, բայց դուն առիթ ու հնարաւորութիւն չտուիր իրեն, որ ատիկա իրագործէ: Իսկ ան, ի խնդիր այդ ծրագրի իրականացման, հարկադրուեցաւ դիմելու երկրի ղեկին վրայ գտնուողներուն:
Հանդուրժեց անոնց կամայականութիւններուն, զիջեցաւ նաեւ իր նախընտրութիւններէն, կարծելով եւ յուսալով, որ այդ է օրինաւոր միակ ճամբան իր հետապնդածին հասնելու համար:
Այդպէս է, քաղաքական կեանքը յաճախ անհրաժեշտ կը դարձնէ, որ աւելի կարեւոր թիրախի մը համար զիջիս քու նախընտրութիւններէդ, բայց երբե'ք-երբե'ք՝ քու համոզումներէդ : Այդ էր, որ պատահեցաւ իմ կուսակցութեանս: Շեղեցաւ իր նախընտրութիւններէն, բայց միշտ մնաց անզիջող իր համոզումներուն մէջ, ինչպէս որ միշտ եղած է ան իր երկարամեայ փշոտ կեանքին ու հայրենակերտ գործունէութեան ընթացքին...:
Անցնող օրերուն դարձեալ շռայլ խոստումներ տուին քեզի՝ քեզմէ խլելու համար քուէդ՝ այն միակ զէնքը, որ ունիս դուն՝ քու եւ ընտանիքիդ եւ հայրենիքիդ վաղուան օրը տնօրինելու գործին մէջ :
Սիրելի' հայրենակից,
Անցեալ գարնան քու հրաշալի ըմբոստացումդ նոր գարուն բերաւ հայրենի կեանքին եւ դուն վերստին տէրը դարձար քու կամքիդ ու երկրիդ եւ պետութեանդ: Փ՜առք քեզի եւ ըմբոստութեան առաջնորդին: Իբրեւ յանձնառու քաղաքացի , Կիրակի օր, Դեկ. 9-ին պիտի գտնուիս քուէատուփին առջեւ: Հոն, դուն քեզի հետ ես այլեւս , քարոզչական ռմբակոծումէ զերծ, քու սեփական կամքիդ տէրը, երկրի կառուցման մէջ քու մասնակցութեանդ մեծ ու պատասխանատու պահն է ատիկա: Կը հաւատամ, որ հոն ինքզինքդ պիտի համոզես, թէ քու այդ մէկ քուէդ է, որ պիտի վճռէ քու եւ երկրիդ վաղուան օրը: Ոչ իրական եւ ոչ ալ երեւակայական մարդ «կուռքեր» կան, որ հրաշքներ պիտի գործեն: Քեզի եւ ինծի պէս սեփական կամքի ու դատումի տէր եւ յանձնառու քաղաքացիներն են միայն, որ պատմութիւնը կը կերտեն: Վստահ եմ, որ այս համոզումով պիտի կողմնորոշուիս ու քուէդ տաս այն կուսակցութեան, որ կը կարծես, թէ արժանի է: Ես յառաջագունէ իմ քուէս տուած եմ արդէն իմ կուսակցութեանս, որ սեփական պատմութեամբ կերտած է իր սեփական անձնագիրը, նոյնպէս եւ 100 տարի առաջ «ազգ» կոչուելու անձնագիր տուած է հայ ժողովուրդին: