Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
98 տարի առաջ, Յունուար 10-11ի այս օրերուն, Կիլիկիոյ հայաշատ կեդրոններէն Մարաշի մէջ, 1915ի տարագրութենէն եւ Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած, այնուհետեւ 1918ի Դաշնակիցներու յաղթանակէն ետք հայրենի տուն վերադարձած հայութիւնը ստիպուեցաւ զէնք բարձրացնելու եւ հերոսաբար դիմադրելու քեմալական զօրքի խուժումին՝ թրքական պետութեան ձեռնարկած, բայց անաւարտ մնացած հայոց ցեղասպանութիւնը ամբողջացնելու նպատակով։
Մարաշ գաւառի աւելի քան 64 հազար հայերէն միայն 30 հազարը վերապրած էր թրքական պետութեան գործադրած 1915ի պարտադիր տարագրութենէն։ Առաջին Աշխարհամարտի արհաւիրքին մէջ, ինչպէս Կիլիկիոյ միւս շրջաններու հայութեան պարագային, նոյնպէս եւ Մարաշի հայութենէն վերապրողներու կարեւոր թիւ մը մասնակցած էր Հայկական Լեգէոնի մղած կռիւներուն՝ Դաշնակիցներու կողքին։ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ կնքուած եւ Միջին Արեւելքը անոնց «հոգատարութեան» ենթակայ գօտիներու բաժնող Սայքըս-Փիքոյի գաղտնի համաձայնագիրին հիման վրայ, Կիլիկիան յանձնուած էր ֆրանսական իշխանութեանց։ Իսկ կրտսեր դաշնակիցի կարգավիճակին մէջ յայտնուած վերապրող հայութեան «շնորհուած էր» հայրենի տուն վերադառնալու… իրաւունքը։
Այդ «շնորհուած իրաւունք»ին սպասելու պէտք չունէր, անշուշտ, Կիլիկիոյ հայութեան վերապրող զանգուածը, որ սուրիական անապատներէն եւ Հալէպէն բռնեց հայրենիք վերադարձի ճամբան։ Մարաշի հայութիւնը յառաջապահներէն եղաւ, որովհետեւ Ատանա նահանգի վարչական կեդրոնը ըլլալով՝ Մարաշ քաղաքը կը հանդիսանար Կիլիկիոյ տնտեսապէս ամէնէն աշխոյժ կեդրոնը։
Իր տան ու գործին վերադառնալու հայ մարդուն խանդավառութիւնը երկար չտեւեց սակայն։ Միեւնոյն Ֆրանսան՝ Օսմանեան Կայսրութեան փլատակներուն վրայ նոր Թուրքիոյ վերաձեւման հետամուտ մեծապետական քաղաքականութեան հաշուարկներով՝ գաղտնի գործարքի մէջ մտաւ Մուսթաֆա Քեմալի նորայայտ շարժումին հետ… հայկական Կիլիկիոյ տարածքէն զիջումներ խոստանալով եւ, փոխարէնը, առանձնաշնորհումներ ստանալով։
Քաղաքական այդ պայմաններուն մէջ, քեմալական զօրքը 1920ի առաջին իսկ օրերէն ձեռնարկեց յարձակումներու՝ ֆրանսական զօրքերու եւ հայ լեգէոնականներու իշխանութեան տակ գտնուող Մարաշի վրայ։ Հակառակ ֆրանսական «հոգատար» իշխանութեանց ձեռնպահ կեցուածքին, Մարաշի հայութիւնը լծուեցաւ իր ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումին։ Յունուար 10-11ին բռնկեցան կռիւները եւ տեւեցին ամբողջ քսան օր՝ հերոսական դիմադրութեան պատմական էջ մը կտակելով հայոց սերունդներուն։
Թէ՛ քաղաքական եւ թէ ռազմական առումներով՝ Մարաշի հերոսամարտը էապէս Իմացեալ Մահով Անմահութիւնը նուաճելու ընտրանք մըն էր Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայութեան համար։ Ուժերը անհաւասար էին, իսկ Կիլիկիոյ ինքնավարութիւնը հաստատելու հայկական յոյսերը քաղաքական հեռանկար չունէին։ Բայց Հայասպանութիւնը ամբողջացնելու նպատակով յարձակող քեմալական զօրքին դէմ սեփական ուժերու վերջին լարումով կռիւ մղելէ զատ ելք մնացած չէր հայութեան համար։ Այդպէս ալ եղաւ եւ գրուեցաւ Մարաշի հերոսապատումը։
Քսանօրեայ դիմադրութիւնը վերջ գտաւ, երբ ֆրանսական իշխանութիւնները որոշեցին պարպել Կիլիկիան ու առաջին հերթին Մարաշը։ Շուրջ 15 հազար հայեր հետեւեցան ֆրանսական հեռացող զօրքին, բայց ցմրան ամէնէն ցուրտ եղանակին հետիոտն այդ նահանջը շատ ծանր… արժեց։ 12էն 13 հազար հայեր բառացիօրէն սառեցան եւ մահացան նահանջի ճամբուն վրայ։
Մարաշի գիւղերն ու քաղաքը մնացած շուրջ քսան հազար հայերուն վիճակուեցաւ քեմալական եղեռնագործութիւնը։ 7 Մարտ 1920ին Պոլսոյ ֆրանսական դեսպանատունէն ղրկուած Մարաջախտ տը Ռոպէքի ծածկագիր զեկոյցէն ի յայտ կու գայ, որ Մարաշի գաւառին մէջ 18 հազար հայ կոտորուեցաւ եւ միայն երկու հազար հոգի կրցաւ փրկուիլ ու ապաստանիլ մերձակայ Ատանա քաղաքը։
Մարաշի հայութեան նուիրուած կոթողական գործ մը լոյս տեսաւ 1980ականներուն, Մ. Նահանգներու մէջ, Սթէնլի Ի. Քերրի հեղինակութեամբ եւ «Մարաշի Առիւծները» խորագրով։ Այդ գործով ալ աշխարհով մէկ հռչակուեցան անունն ու յիշատակը հայկական այս հինաւուրց աւանին ու քաղաքին։
Ներկայիս Քահրամանմարաշ անուանուած Մարաշի գաւառը (որ պատմութեան ծանօթ է Գերմանիկ, Գերմանիկա, Մարաշ, Մարաշայ աշխարհ եւ Մարաշու գաւառ անուններով) կը գտնուի Կիլիկիոյ Ատանա նահանգին մէջ։ 1880էն յետոյ կատարուած օսմանեան վարչական բաժանումով մտած էր Հալէպի նահանգի կազմին մէջ։ Կեդրոնը Մարաշ քաղաքն Էր։ Սահմաններն էին` հարաւէն` Հալէպի, արեւելքէն՝ Խարբերդի, հիւսիսէն՝ Սեբաստիոյ նահանգները, արեւմուտքէն՝ Ատանայի գաւառը: Կազմուած էր 5 գաւառակներէ եւ 552 գիւղերէ. Մարաշի գաւառակներն էին՝ Մարաշ, Զէյթուն, Ալպիսթան, Անտրունի (Անտէրունի) եւ Պազարճաք:
Մարաշը 10րդ դարու վերջերուն ունեցած է 178 հազար բնակիչ, որուն 50 հազարը` հայ, իսկ մնացածը` թուրք, քիւրտ եւ արաբ էին։ Իսկ 20րդ դարու սկիզբը ունէր 18.105 քառ. քմ. տարածք, որուն 105.100 հեկտարը մշակելի հողեր, իսկ 45 հազար հեկտարը անտառներ էին: Գաւառի մեծագոյն մասը լեռնային է: Ջրառատ է, գետերով հարուստ. գլխաւոր գետը Ճահան (Փիռամոս) գետն է:
Մարաշի հայերը կը զբաղէին ցորենի, բամպակի, բրինձի եւ ծխախոտի մշակութեամբ ու այգեգործութեամբ, նաեւ՝ խաղողագործությամբ: Ունէր ընդարձակ արօտավայրեր, որոնք կերի բնական շտեմարաններ էին շրջուն անասնապահութեան համար։ Բնակչութեան մէկ մասը կը զբաղէր նաեւ արհեստներով (ատաղձագործութիւն, կաւագործութիւն, թամբագործութիւն)։ Կան երկաթի, վարդագոյն եւ սեւ մարմարի հանքեր: Յայտնի են Զէյթունի, Ալփիստանի, Մարաշի հանքային ջուրերը:
Ն.