կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-11-03 13:48
Աշխարհ

«Ի պաշտպանություն քրիստոնյաների» համաժողովը առաջնահերթ է համարել Ցեղասպանության ճանաչումը

«Ի պաշտպանություն քրիստոնյաների» համաժողովը առաջնահերթ է համարել Ցեղասպանության ճանաչումը

Աղբյուրը՝ Asbarez

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կայացած՝ «Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» համաժողովի ընթացքին, առաջնահերթ նկատուած հարցերէն մէկը եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ Թուրքիոյ մղած ուրացման արշաւին հակադրուիլը, որպէսզի կարելի ըլլայ մերօրեայ ցեղասպանութիւններուն առաջքը առնել։

Նշենք, որ այս տարի եւս սոյն համաժողովի հովանաւորներէն մէկն էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը։ Անոր մասնակցած են հարիւրաւոր կրօնական առաջնորդներ, կրօնական ազատութեանց եւ մարդկային իրաւանց ջատագով կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ պետական պաշտօնատարներ։

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում ու վնասուց հատուցում ապահովելու ջանքերուն կողքին, քննարկուած են հետեւեալ հարցերը՝ Միջին Արեւելքի մէջ յաւելեալ բռնարարքներու կասեցումը, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ցեղասպանութեանց զոհերու օգնութեան տրամադրումը, Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան ապահովումը եւ «Իսլամական պետութեան», «Քայիտա»ի ու ցեղասպանութիւն իրականացուցած այլ կազմակերպութիւններ պատժելու կարելիութիւնները։

Քննարկումներէն մէկը, որ առաջնորդուած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեանի կողմէ, տրամադրուած էր «Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները եւ թշնամիները» նիւթին, որուն շրջանակէն ներս բացայայտուած է յատկապէս Միջին Արեւելքի իրադարձութեանց մէջ Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Անգարայի կողմէ հովանաւորուող ուրացման արշաւի մանրամասնութիւնները եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ խաղաղ ցուցարարներու վրայ Էրտողանի թիկնապահներուն ու համակիրներուն վայրագ յարձակումին ծալքերը։

Արամ Համբարեանի ելոյթը կարելի է դիտել՝ www.facebook.com/ancagrassroots/videos/10155225439571859 կայքէջին վրայ:

Համաժողովի այլ կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկն էր Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ այսուհետեւ Ամերիկայի կողմէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ու ցեղասպանական արշաւներու թիրախ դաձած այլ փոքրամասնութիւններուն տրամադրուող մարդասիրական օժանդակութիւնները պիտի հասցէագրուին ուղղակի քրիստոնեաներուն եւ հալածուող փոքրամասնութիւններուն՝ ոչ-կառավարական եւ կրօնական բարեսիրական կազմակերպութիւններու միջոցով: Արդարեւ, վերջին հինգ տարիներուն, Հայ Դատի յանձնախումբը եւ այլ կազմակերպութիւններ կը պնդէին, թէ ՄԱԿի միջոցաւ բաւարար նպաստ չի հասնիր նշեալներուն։

Նշենք, որ համաժողովին ներկայ էին նաեւ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան հոգեւոր հովիւ վեր. Պերճ Ճամպազեան եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր վարիչ Զաւէն Խանճեան:

Համաժողովին մասին պատրաստուած տեսանիւթը կարելի է դիտել https://youtu.be/8HBsYl0RFJg կայքէջին վրայ։