Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Աղբյուրը` «Դրօշակ»
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՍԵՐՈԲԻ ՄԱՀԸ
(ՆԱՄԱԿ ՄՈՒՇԷՆ)
Շատոնց է, բայց վերջերս մանաւանդ, կառավարութիւնը վճռած էր ամէն կերպով մէջտեղէն վերցնել Սերոբը, որուն գոյութեան մէջ վտանգ կը նշմարէր: Կառավարական բոլոր էնտրիկները, բռնի միջոցները, զուր անցած էին, մինչեւ որ ազգային սեւսիրտ դաւաճանութիւնը միջամտեց եւ ծուղակի մէջ ձգեց լեռան առիւծը՝ որուն մռնչիւնը հերիք էր իկիտ զօրավարներու ու վաշտերու սիրտը դող հանելու համար:
Կառավարութիւնը լրտեսներու մասնաւոր խումբ մը կազմակերպած էր որոնք ամէն տեղ Սերոբին հետքին վրայ էին. այդ տխուր գործին մէջ օժանդակեցին անորակելի հայեր, որոնց ցածութիւնը, ոճիրը աններելի պիտի մնան. ասոնք նոյնիսկ կառավարութեան խօսք տւած էին սպաննել տալ Սերոբը: Ընկերներու կողմէն հարկ եղած զգուշութիւնները տրւած էին. բայց, դժբախտ հերոսը, երկու ամիսէ իվեր ունեցած անձնական տկարութեան պատճառով անհնարին եղած էր հեռանալ, թէեւ քիչ շատ զգուշութիւններ ձեռք առած էր: Փոթորիկը սուսիկ փուսիկ կը պատրաստւի եղեր սակայն: Բաղէշի Ալայ պէկը – Գուրգէնի նահատակութեան հեղինակը նմանապէս – դէպքէն քսան օր առաջ Մշոյ դաշտը հարստահարական այցելութիւն մը տալով վերադարձաւ Բաղէշ: Վտանգը կը կարծւէր թէ անցած է: Ամսուն 25-ին նոյն պէյը յանկարծ 500 զօրք առած հետը, սուտ լուր կը հանէ թէ Մօթկնայ քիւրդ ցեղապետներուն վրայ կերթայ զանոնք պատժելու համար, այդ առթիւ Պալաքցի, Խեանցի եւայլն. քիւրդ աշիրէթներէն ալ 1500 հոգի կառնէ եւ խաբ տալով, Խոյթ գաւառակէն կ'անցնի եւ գիշերով անակնկալ կերպով կուգայ կը պաշարէ Կէլիէ Կուզան գեղը, ուր կը գտնւէր Սերոբ իր կնոջ եւ 12 ընկերներով: Բացի քանի մը մատնիչներէ ժողովուրդը ոչինչ գիտէր այդ մասին, այնքան ջանացած էին երեւոյթները խաբուսիկ ընել:
Գեղացիները առտուն կանուխ երբ կը տեսնեն որ պաշարւած են, անպատրաստ ըլալով ցիրուցան կը փախին: Սերոբ եւ իր ընկերները կը մնան իրենք իրենց: Փախստի ոչ մի հնար չկայ. կատաղի կռիւը անխուսափելի է: Տասներկու հոգի 2000-ի դէմ. Կատակ չէ: Երբ թշնամին բաւական կը մօտիկնայ, մերոնք դուրս սլանալով ապաստանած տնէն՝ զիրենք շրջապատող կրակին դէմ երեք խումբի կը բաժնւին եւ հրացանաձգութիւնը կարկուտի պէս կըսկսի երկու կողմէն: Ափսո՜ս, բանը բանէն անցած էր. թշնամին արդէն գիշերով ամուր ու անառիկ տեղերը գրաւած, մերիններուն ուրիշ բան չի մնար բայց եթէ հերոսութիւնը մինչեւ յուսահատութեան մղել: Չնայելով որ Աղբիւրը երկու ամիսէ իվեր տկար էր, նորէն իր անզուգական եւ պաշտելի կնոջ Սօսիի աջակցութեամբ 8 ժամ անընդհատ կը կռւի: Աննման Աղբիւրը անշնչացած կ'իյնայ, իր կինը կը խլէ անոր հրացանը եւ երկու ժամու դիցազներգութեան արժանի քաջութիւնով մը կը սասանեցնէ թշնամիին յանդգնութիւնը: Հայ կինը այդ րոպէին կ'անմահանար Սօսիի անձին վրայ: Թշնամին շնորհիւ իր բռնած դիրքին յաղթանակը կը տանի:
Կը նահատակւին Աղբիւրը իր մէկ հատիկ 12 տարեկան տղան, երկու եղբայրները եւ գեղին տէր Քաջ քահանան: Իսկ հիանալի Սօսին, ծանրապէս վիրաւորւած գերի կ'իյնայ: Ինը հոգի նահատակ կ'իյնան մնացած չորս ընկերները կը յաջողին փախչիլ, որոնք ազատ են այժմ: Թշնամիին կորուստը յայտնի չէ. գիշերով մաքրեր տարեր են. ոմանց ըսելով քսանէն աւելի է, ինչ որ Սերոբի պէս հերոսի մը համար, աննշան եւ քիչ վարձատրութիւն մըն է. իհարկէ այդ թիւը աւելի պատկառելի կըլլար, կռիւը աւելի քաջալերական, եթէ Տարօնի առիւծը կանխաւ պզտիկ իմաց մը ունենար եւ վանդակի մէջ փակւած չմնար:
Կռիւէն ետքը, աւազակ Ալի պէյի վոհմակը բարի նախանձով մը ամբողջ Կէլիէկուզանը, 150 տունէ աւելի, աւարի կուտայ:
...
Աղբիւրին գլուխը եւ Սօսին, իր վէրքերով աւելի դիւցազնացած, քաղաք բերին եւ թրքական քէյֆեր կատարեցին. երկրորդ առտուն հրապարակի վրայ, նահատակի գլուխը կրկին ցցի վրայ ցոյց դնելէ ետքը, մեծ յաղթանակով, տավուլներով, դրօշակներով Բաղէշ տարին: Լուր ելաւ թէ Սօսին ճամբան մեռեր է, բայց ստուգւած պէ դեռ: Բաղէշի կուսակալը եւ իրենները երկու ժամ՝ ընդառաջ գացած են Ալայ պէյին, կարծես ռուսաց վրայ մեծ յաղթանակէ մը դարձած ըլլար:
Յ.Գ.-Մուշի առաջնորդը դէպքին մանրամասնութիւնը տեղեկագրեց արդէն պատրիարքարան:
Ասոր հետ կը խրկեմ Սերոբին նւիրած ժողովրդական երգ մը որ տեղացիներէն ստեղծագործւած է:
Դեկտեմբեր 1899
թիւ 10 (101)