Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Սեպտեմբերի առաջին շաբթուան կարեւոր իրադարձութիւններուն մասին անդրադարձեր էինք մեր նախորդ յօդուածով, ընդգծելով այն տրամաբանութիւնը, որ լուրջ մօտեցումի եւ համապատասխան վերլուծումի կը կարօտին նոյն այդ իրադարձութիւնները։ Բաներ, որոնք առհասարակ կը բացակային հայկական մամուլին մէջ։
Այս յօդուածագիրը միշտ առաջնորդուած է այն սկզբունքով, որ երբ կը քննարկենք հայկական իրականութեան, կամ մասնայատուկ կերպով՝ Հայաստանի առնչուող խնդիրներ, մեզի մղում տուողը պէտք չէ ըլլայ իշխանութիւններուն նկատմամբ մեր ունեցած համակրանքը, կամ հակակրանքը։ Որովհետեւ երբ համակրանքի կամ հակակրանքի տեսանկիւնէն մօտենանք խնդիրներուն, չենք կրնար առարկայական դիտարկումներ կամ ախտաճանաչումներ կատարել. հետեւաբար նաեւ՝ լուծումներու մասին խօսիլը կը դառնայ անիմաստ։
Անցնող օրերու ընթացքին ցայտուն օրինակներ պարզուեցան այս իմաստով։
Այսպէս, Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին կողմէ կազմակերպուած «Խաւարում» ցուցահանդէսի փակման լուրը աղմկայարոյց էր։ Ցուցահանդէսին նպատակն էր Հայաստանի մէջ 30ական տարիներուն ստալինեան ահաւոր բռնաճնշումները հանրութեան ուշադրութեան ներկայացնել։ Հազիւ փողոցներու անուանակոչութեան շուրջ ստեղծուած իրարանցումը մեղմացած, յանկարծ՝ կասեցման լուրը (փողոցներու անուանակոչութեան նիւթով՝ քիչ մը ետք կ’անդրադառնանք)։
Տարօրինակօրէն, բազմաթիւ լրատուամիջոցներ, որոնք այս ցուցահանդէսին բացման լուրն իսկ չէին հաղորդած, յանկարծ ախորժակով մէջը ինկան այն պահուն, երբ մշակոյթի նախարարութիւնը որոշեց փակել զայն։ Նախարարութեան այս որոշումի տրամաբանութեան… անտրամաբանական բնոյթը ի՛ր կարգին. հոն պիտի գանք հիմա, բայց որոշումը աղմկալից կերպով քննադատող, վերլուծող լրատուամիջոցները եւ լրագրողները նո՞ր գիտցան, որ 30ական տարիներու ստալինեան բռնամիջոցները ինչքան ծանր հարուած հասցուցած են մեր երկրին։ Եթէ անկեղծ էին իրենց քննադատութիւններուն մէջ, այդ պարագային ինչո՞ւ նոյն վերլուծումները չկատարուեցան նոյն ցուցահանդէսի բացման առիթով. նոյն այդ լրատուամիջոցները կամ լրագրողները ինչո՞ւ չմղեցին հանրութիւնը, որ մարդիկ երթան ու տեսնեն ցուցահանդէսը։ Նման ցուցահանդէսներ, հրատարակութիւններ, արխիւային նիւթերու հրապարակումներ եւ համապատասխան լուսաբանական քննարկումները անհրաժեշտ են, որպէսզի ժողովուրդին մօտ բարձրանայ իրազեկման մակարդակը, մարդիկ սկսին աւելի լաւ ճանչնալու մեր մօտիկ անցեալի պատմութիւնը եւ այդ ձեւով ալ՝ ազգային հաւաքական կամքը աւելիով ամրապնդուի, չէ՞։
Բայց կարծես թէ նոյն այս լրատուամիջոցներուն կամ լրագրողներուն համար կարեւոր չէ հանրութեան իրազեկման մակարդակը բարձրացնելու խնդիրը։ Կարեւորը՝ իշխանութիւնը քննադատելն է իր այս հերթական «կաֆ»ին համար… (ասոր ալ պիտի անդրադառնանք քիչ ետք)։
Պահ մը երեւակայենք. եթէ մամուլը (ընդհանրապէս), այս ցուցահանդէսին բացման առիթով, իր ճիշդ դերը խաղար, այսինքն՝ կատարէր ցուցահանդէսին մասին լայն ու անհրաժեշտ քարոզչութիւնը եւ մարդիկ հարիւրներով, հազարներով բառացիօրէն խուժէին հոն, ո՞վ պիտի համարձակէր հեռաձայնով սպառնալիքներ տեղացնել թանգարանի տնօրէնին, կամ՝ նախարարութիւնը ինչպէ՞ս պիտի առնէր զայն փակելու քայլը։ Պիտի առնէ՞ր արդեօք՝ ի տես ժողովրդային նման ընդունելութեան մը, որ ցուցահանդէսը պէտք է վայելած ըլլար։ Լրջօրէն կը կասկածիմ։
Կը տեսնէ՞ք, թէ ուր կը տանի մեզ զուտ զգացական մօտեցումը։ Դիւրին է ամէն քայլափոխի անէծքներ տեղացնելը. կարծէք «անիծելու» քիչ բան կայ… Դիւրին է ամէն քայլափոխի «ծպտուած բոլշեւիկներ» փնտռել ֊ գտնելու պոռչտուքներ կատարելը։ Դիւրին է «ռուսական մատը» տեսնելը (Ժամանակին, կը յիշէ՞ք, մարդիկ ամէն բանի ետեւ «անգլիացիներուն մատը» կը տեսնէին…)։ Մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուլեան ցուցահանդէսը փակելու մասին «պատճառաբանեց» ըսելով, որ «մի քիչ քաղաքականացուած էր». դիւրին է, շատ դիւրին՝ նման անտրամաբանական պատրուակ մը ջարդել ֊ քանդելը. պատրուակ մը, որ ոչ միայն լուրջ քննութեան չի դիմանար, այլեւ՝ ծիծաղելի է։ Ներելի չէ, ճիշդ չէ, անըմբռնելի է նախարարութեան կողմէ առաջ մղուած այս կեղծ հիմնաւորումը։ Տիկնայք եւ պարոնայք, կարելի չէ՛ կասեցնել նման ցուցահանդէս մը՝ մանաւանդ՝ «ձեւաչափի», կամ «քաղաքականացած» ըլլալու պատրուակներով, որոնք շինծու ըլլալու բոլոր յատկանիշները ունին։
Միւս կողմէ, եթէ պիտի խօսինք «դիւրին ֊ դժուար»ի տրամաբանութեամբ, խնդրեմ ըսէք՝ շա՞տ դժուար էր նման ցուցահանդէսի մը մասին դրական ու անհրաժեշտ քարոզչութիւնը կատարելը։ Բնականաբար ոչ, սակայն շատ աւելի «ախորժելի» էր նախարարութիւնը փնովելը։
Լրջօրէն կը տարուինք մտածելու, որ բարձրացած աղմուկին իսկական դրդապատճառը «սորոսանման» թելադրանքներ գործադրելուն մէջ կը կայանայ, ու ոչ թէ դրական շեշտադրումներով դրական գործ մը, ճի՛շդ գործ մը տեսնելը։
Թող ներեն մեզի այս աղմուկին մասնակից բոլոր լրագրողները (կամ… «լրագրողները»), որ լրջօրէն կասկածինք իրենց անկեղծութեան, նոյնիսկ եթէ ինչ ֊ ինչ «մրցանակներ» ալ տրուած ըլլան իրենց։ Կրնայինք չկասկածիլ ա՛յն պարագային, երբ նոյն այս ցուցահանդէսին մասին Օգոստոսի 4ին, կամ 5ին արտայայտած ըլլային այն՝ ինչ որ հիմա կ’արտայայտուին. Գր. Զօհրապի բառերով՝ «կոտրելէն ետք»։ Մէկ խօսքով, եթէ ամիսուկէս առաջ ըսած ըլլային իրնց այսօրուան ըսածը, այդ պարագային բարոյական իրաւունքն ալ շահած կ’ըլլային իրենց այսօրուան քննադատութիւններուն մէջ։ Դուք ալ, տիկնայք եւ պարոնայք, նոյնքան անտրամաբանական, կեղծ ու սուտ էք ձեր դատումներուն մէջ, որքան այդ նոյն նախարարութիւնը, որուն դէմ սուր կը ճօճէք։
Հիմա գանք հեռատեսիլի «Կեդրոն» կայանին։ Նոյն այս օրերուն, նշեալ կայանը, իբրեւ հրատապ հարց, փոխանակ Սեպտեմբերի առաջին շաբթուան գլխապտոյտ պատճառող կարեւոր իրադարձութիւնները լուսարձակի տակ առնելու, փոխանակ կեդրոնանալու այն հարցին, թէ ինչպէ՞ս դիմագրաւել ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները, փոխանակ հայկական զինատեսակներու ցուցահանդէսով թշնամիին պատգամ մը փոխանցելու գաղափարը ամրապնդելու (օրինակի համար), որոշած էր արծարծել… փողոցներու անուանափոխութեան հարցը՝ հրաւիրելով մէկ հոգի՝ պատմաբան դոկտ. Վլատիմիր Պետրոսեանը։ Նշեալ պատմաբանին հետ կատարուած 43 վայրկեաննոց (րոպէ) հարցազրոյցին թերեւս 35 վայրկեանը յատկացուած էր Անաստաս Միկոյեանի դրուատիքին, թէ ինչքան օգտակար եղած է հայութեան ու Հայաստանին… անշուշտ մէջ ընդ մէջ համեմուած Հ.Յ.Դաշնակցութեան հասցէին «պատմաբանական» մեղադրանքներով, որոնք ամբողջութեամբ զուրկ էին պատմաբանական որեւէ պարունակէ, ինչ որ պարտադիր է գիտական մեթոտաբանութեան մէջ։
Այս յօդուածագրին համար սակայն, բուն հարցը ոչ թէ Վլ. Պետրոսեանի ելոյթն է ըստ էութեան, այլ՝ «Կեդրոն»ի այն մօտեցումը, ուր նման հարցերու քննարկումի համար կը հրաւիրուի միայն մէկ հոգի՝ առանց ընդդիմախօսի։ Այսինքն՝ առանց առողջ բանավէճի։ Լրագրողը «փոխանցում»ներ կը կատարէր, իսկ հիւրն ալ՝ կօլ կ’ընէր… Այս յօդուածագրին բառարանին մէջ, այս ոճը չեմ գիտեր թէ ինչ բանի կ’առնչուի, սակայն գիտեմ որ լրագրութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի։
Եւ այսպէս, մէկ կողմէ լռիկ ֊ մնջիկ սկսած ցուցահանդէսը, ապա՝ ատոր անընդունելի փակումը, փակուելուն դէմ աղմուկը՝ նոյն այդ սուսուփուս մնացած խաւին կողմէ, Հայաստանի ու հայութեան համար կենսական նախաձեռնութիւններու մասին քննարկումի բացակայութիւնը, առանց ընդդիմախօսի այսպիսի «քննարկում»ը, եւ վերջապէս զուտ համակրանքէ կամ հակակրանքէ թելադրուած վերաբերումները էապէս աւեր կը գործեն մեր ժողովուրդին մօտ։
Իսկ եթէ այս բոլորին վրայ աւելցնենք նաեւ այն փաստը, որ սորոսները իրենց քունը չեն փախցուցած Հայաստանի հզօրացման, կամ հայութեան բարգաւաճման հեռանկարով, պատկերը կը դառնայ ամբողջական։ Բարեբախտաբար, այս յօդուածագրին համոզումով, մեր ժողովուրդը, իր անշեղ բնազդով, շատ լաւ գիտէ որոմն ու ցորենը իրարմէ զատորոշել եւ եթէ պէտք է՝ զատել ու զտել։
Ճիշդ ա՛յս է, որ որեւէ կասկածէ վեր է։
14 Սեպտեմբեր 2017
Լոս Անճելըս
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ