կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-09-13 12:56
Հասարակություն

Հայության համար նահատակության գաղափարը սուրբ է. Հակոբ Բագրատունի

Հայության համար նահատակության գաղափարը սուրբ է. Հակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ազգային սուգի օրուան վերաբերող ամէնէն ազդեցիկ իրականութիւնը բանակայիններուն նահատակութիւնն է, հեռու` ըսի-ըսաւներէ եւ յաւելեալ մեկնաբանութիւններէ, որոնք երբեմն թունաւոր պատգամներ կ՛ընդգրկեն, սակայն մեծաւ մասամբ պոռոտախօսութիւններ են:

«Իբրեւ սովորական քաղաքացիներ` լիբանանցիներ, մենք այսօր կրնանք կատարեալ հպարտութեամբ ըսել, որ ահաբեկչութեան դէմ կռիւի ճակատներուն վրայ մեր նահատակներուն զոհողութեամբ ազատագրուեցաւ Լիբանանը: Լիբանանը ազատագրուեցաւ ահաբեկչութենէն, եւ անոր արգիլուեցաւ Լիբանան մուտք գործել», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանանէն աւելի մեծ ու հզօր, լիբանանեան բանակէն աւելի հզօր բանակներ եւ լիբանանցիներէն աւելի զօրաւոր ժողովուրդներ չկրցան կասեցնել ահաբեկչութեան ներթափանցումը դէպի իրենց երկիրներն ու քաղաքները: «Բայց եւ այնպէս լիբանանեան բանակի ու լիբանանցի ժողովուրդին շարքերուն մէջ գտնուող դիմադրողները կրցան ազատագրել Լիբանանի բարձունքները. անոնք ազատեցին լիբանանցի քաղաքացին ահաբեկչութեան շղթաներէն եւ ահաբեկչութեան առեւտրականներէն», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, թէ բանակայիններուն յուղարկաւորութեան պատկերը անշուշտ ազդեցիկ էր` աւելցնելով, որ ահաբեկչութեան դէմ ինկած զինուորները Լիբանանի նահատակներն են: «Անոնցմէ իւրաքանչիւրին նպատակը կեանքն էր: Ամէն զինուոր եւ Դիմադրութեան մարտիկ զոհուելու ու նահատակուելու համար չ՛երթար կռուի դաշտ, այլ` կռուելու, որպէսզի ապահովէ իր ընտանիքին, ժողովուրդին եւ քաղաքացիներուն կեանքը», ըսաւ ան:

Պատասխանելով Պուրճ Համուտի մէջ եւ ընդհանրապէս ամէնուրեք հայկական հաստատութիւններու փակումին մասին հարցումի մը` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ հայութեան համար նահատակութեան գաղափարը սուրբ է: «Որեւէ խրամատի մէջ նահատակուող ոեւէ երիտասարդ ազգին նահատակն է, պայմանով որ ան եղբայրասպան կռիւներու մասնակից դարձած չըլլայ: Կը մերժեմ այն եզրը, թէ Լիբանանի բարձունքները ահաբեկչութենէ ազատագրուեցան, այլ` Լիբանանը ահաբեկչութենէ ազատագրուեցաւ: Եւ երբ այդ կռուի ճամբուն վրայ բանակայիններ ու մարտիկներ նահատակուեցան, լիբանանահայուն նուազագոյն պարտականութիւնը կ՛ըլլայ յարգել անոնց յիշատակը` մասնակցելով Ազգային սուգին եւ բանակին ի նպաստ կազմակերպուած արեան տուչութեան արշաւին», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Պուրճ Համուտի, Այնճարի եւ այլ շրջաններու մէջ հայերը եւ ոչ հայերը փակեցին իրենց վաճառատուները` ընդառաջելով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կոչին: «Փակումը ամբողջական էր, որովհետեւ կար այն համոզումը, որ նահատակուած տղաքը` ըլլան անոնք Արսալի, Ռաս Պաալպեքի, Ֆեքհայի կամ Քաայի բարձունքներուն վրայ, կամ առեւանգուած բանակայինները, որոնց յիշատակը կը յարգենք եւ որոնց ընտանիքներուն ցաւը կը կիսենք, մեր զաւակներն են, մեր եղբայրներն են: Անոնք ալ ընտանիքներ, ծնողներ եւ զաւակներ ունէին: Մեզի համար այս ճշմարտութիւնը դառն է, որովհետեւ մենք ալ մեր կարգին դիմագրաւած ենք ահաբեկչութիւնը եւ ապրած կորսուած հայրենիքի ցաւոտ փորձառութիւնը, հետեւաբար մենք կառչած կը մնանք մեզ պաշտպանող երկրին, բանակին ու Դիմադրութեան մարտիկին», նշեց ան:

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի շեշտեց, թէ ինք դիտմամբ կը յիշէ նաեւ Դիմադրութեան մարտիկները` աւելցնելով, որ դիմադրութիւնը հաւատքի հարց է: «Դիմադրութեան մարտիկը միայն զէնք բռնող երիտասարդը չէ, այլեւ քաղաքացին, ուսուցիչը, հողագործը, ճաշարաններուն մէջ սպասարկողը, տանտիկինը, բոլոր անոնք, որոնք բանակին կողքին հայրենիքին կու տան իրենց ներուժը, աշխատող ձեռքը` բանակին զօրակցող ուժը», հաստատեց ան:

Բանակին եւ Դիմադրութեան նահատակներուն մասին միատեղ անդրադարձ կատարելուն իմաստով հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց. «Ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակը Լիբանանի եւ հայրենիքին յաղթանակն է: Այո՛, յաղթեցինք, եւ արդիւնքը այն է, որ այսօր Լիբանան ահաբեկչութենէն ազատագրուած է: Ինչպէ՞ս, ո՞վ, որո՞ւ հետ գործակցելով, հեռաձայնային հաղորդակցութեա՞մբ, թէ՞ այլ միջոցներով. այս բոլորը մանրամասնութիւններ են, իսկ կարեւորը այն է, որ այս յաղթանակը կերտուած է: Մենք պէտք է համախմբուինք այս յաղթանակին եւ յաղթանակը ապահովողին շուրջ: «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազը յստակ է: Քաղաքացիէն մինչեւ հանրապետութեան նախագահը, Դիմադրութեան մարտիկը, հողագործը, տանտիկինը, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուն, բանակի հրամանատարը, Դիմադրութեան ընդհանուր քարտուղարը լիբանանեան պետութիւնը կը կազմեն: Այս տրամաբանութեամբ է, որ մենք կը մտածենք այս բոլորին մասին, եւ համոզուած ենք, որ մանրամասնութիւններն ու աւելորդաբանութիւնները կը մոռցուին, եւ կը մնայ յաղթանակը»:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանանի անկախութեան յայտարարութեան կամ հարաւային Լիբանանի ազատագրումին պարագային վստահ մանրամասնութիւններ կային, «սակայն այսօր ո՞վ կը յիշէ այդ մանրամասնութիւնները, որովհետեւ կարեւորը անկախութիւնն է եւ ազատագրումը: Այսօր ալ նոյնն է պարագան, եթէ մենք պիտի գիտնանք արժէքը այդ յաղթանակին եւ պիտի պահպանենք զայն, ապա բոլորս պէտք է հրաժարինք պոռոտախօսութիւններէ ու մանրամասնութիւններէ եւ ճշմարտութիւնը ընդունինք, այն իմաստով, որ կարեւորը յաղթանակն է, եւ Լիբանան յաղթած է», աւելցուց ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք իսկապէս հաշուետուութիւն պիտի ըլլա՞յ` նահատակ բանակայիններուն թղթածրարին գծով, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ իսկական փորձանքը այն է, որ Լիբանանի անկախութեան օրէն մինչեւ օրս ոչ ոք հաշուետուութեան կանչուած է:

«Օրինակ, եթէ պատերազմին պատասխանատուները կամ Տըննիէի մէջ բանակին դէմ յարձակողները կամ այլ շրջաններու, ինչպէս` Ապրայի եւ Նահըր Պարետի բախումները հրահրողները հաշուետուութեան կանչուէին ու պատժուէին, այս վիճակին չէինք հասներ: Կը հաւատամ, որ բացուելիք հետաքննութեան եւ պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչելու իմաստով լրջութիւն կայ, իսկ հանրապետութեան նախագահը յստակացուց, որ հեռու քինախնդրութենէ` պէտք է բանալ այս թղթածրարը եւ ճշդել պատասխանատուութիւնները` քաղաքական եւ քրէական մակարդակով: Սակայն այս բոլորը կատարելու ընթացքին պէտք չէ նահատակներու սուրբ հոգիները օգտագործել` քաղաքական շահեր ապահովելու համար», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Ան զգուշացուց նահատակ բանակայիններու առեւանգումին մասին բացուելիք հետաքննութիւնը շահագործելէ` անձնական եւ քաղաքական շահեր ու նպատակներ ապահովելու միտումով:

«Եթէ մենք կրցանք համայնքային, յարանուանական, տեղայնական եւ կուսակցական պատկանելիութենէ հեռու բացայայտել յանցագործները եւ պատժել զանոնք, ապա կանխարգիլած կ՛ըլլանք նմանօրինակ ոճիրներու եւ դաւադրութիւններու կրկնութիւնը ապագային: Հաշուետուութիւնը մուտք մըն է` պետութիւնը ամրապնդելու եւ յաջողցնելու նոր իշխանութիւնը` հանրապետութեան նախագահին ընտրութենէն տասը ամիս ետք», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ բանակայիններու առեւանգումին ընթացքին երկրին մէջ տիրած պայմանները բաւական բարդ էին` շեշտելով, որ պէտք չէ ոեւէ անհատի` ըլլայ ան քաղաքական անձնաւորութիւն թէ զինուորական, հասցէին քաղաքական ամբաստանութիւն կատարել: «Եթէ իսկական ազգային միասնականութիւն եւ հզօր պետութիւն գոյութիւն ունի, ապա նոյնիսկ երեսփոխանները կամ պետական անձնաւորութիւնները չեն համարձակիր իրենց յայտարարութիւններով բարոյական նեցուկ դառնալ յանցագործներուն», շեշտեց ան:

Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ գործակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ այդ գործակցութիւնը ուշ կամ կանուխ պիտի վերահաստատուի: «Կան պատմական եւ աշխարհագրական տուեալներ, որոնք իրենք զիրենք կը պարտադրեն: Կարելի չէ քարտէսէն դուրս բերել Լիբանանը կամ Սուրիան եւ զանոնք այլ տեղեր զետեղել: Եթէ այսօր Սուրիա Լիբանանի հետ իր սահմանները փակէ, ապա 48 ժամէն առեւտրականները, զբօսաշրջիկները, երկրագործները, հողագործները իրարանցումի կրնան մատնուիլ, ինչ որ կը վերածուի պետութեան վրայ բանեցուող յաւելեալ ճնշումի, որ կ՛ենթադրէ լուծումներու ապահովումը: Ամէն պարագայի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ գործակցութիւն կայ եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի, որուն կեցուածքը ներկայիս ըմբռնելով հանդերձ, օր մը պիտի համոզուի, որ Սուրիոյ հետ գործակցութիւնը կարեւոր է», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի մաղթեց, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները վերանորոգուին եւ սրբագրուին, որպէսզի կարելի եղածին չափ արագ լուծուի նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը:

Տէր Զօրի մէջ սուրիական բանակին եւ Դիմադրութեան մարտիկներուն արձանագրած յաղթանակին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այդ յաղթանակը ապահովուած է ահաբեկչութեան դէմ հայ նահատակներուն անէծքով. այն նահատակներուն, որոնք Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Ցեղասպանութեան ենթարկուեցան եւ իրենց վերջին շունչը փչեցին Տէր Զօրի մէջ:

«Իսկ ինչ կը վերաբերի Տէր Զօրի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կրած պարտութեան, ապա ինծի համար հետաքրքրական էր, որ ամերիկեան ուղղաթիռներ քանի մը առիթով հրոսէջք կատարեցին եւ ՏԱՀԵՇ-ի որոշ անդամներ ու անոնց ընտանիքները իրենց հետ տարին: Այդ պետութիւնները ո՞վ հաշուետուութեան պիտի կանչէ եւ պատժէ: Անոնք ծրագրեցին, կազմակերպեցին, ֆինանսաւորեցին, զինեցին, ճակատներ բացին, բաժնեցին երկիրը, եւ անոնց պատճառով այդքան զոհեր ու նահատակներ ինկած են արաբական աշխարհին մէջ: Արդեօք այս իմաստով արաբական պատասխանատուութիւն չկա՞յ: Այսօր դարձեալ արաբական կարգ մը երկիրներուն որդեգրած քայլերով ու քաղաքականութեամբ ամերիկացիներուն առիթ կը տրուի իրականացնելու իրենց ծրագիրները, յատկապէս` շրջանը մասնատելու իմաստով: Ամերիկացիները յառաջացուցին «Նոր Միջին Արեւելք»-ը, «Շինիչ քաոս»-ը, սակայն յստակ է, որ անոնք քաոսի պիտի մատնուին, իսկ մենք պիտի ապրինք խաղաղութեան եւ անկախութեան մէջ», հաստատեց ան:

Շրջանային իրավիճակին եւ Իսրայէլի կողմէ պաշտպանողական ռազմափորձերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, որ ներկայիս շրջանին մէջ կան նոր տարազներ, որոնք իրենք զիրենք կը պարտադրեն: Ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Արեւմուտքը ընդհանրապէս վկայած են, թէ Իսրայէլին կատարած իրենց հսկայական օժանդակութիւններով հանդերձ, ան շրջանին մէջ Արեւմուտքի շահերուն կայունութիւնը չի պահպաներ: «Իսկ կարգ մը արաբական երկիրներ դժբախտաբար 1948-էն ի վեր չեն հասկնար, թէ Իսրայէլ իր գաղափարախօսութեամբ անկարելի է, որ արաբական երկիրներու բարեկամ պետութիւն դառնայ: Ինչ կը վերաբերի շրջանին մէջ նոր գոյացութիւններու հիմնումին, կը հաստատենք, որ այդ տարբերակը ձախողած է: Իբրեւ հայեր եւ դաշնակցականներ` հաւատալով հանդերձ քիւրտերուն արդար իրաւունքներուն եւ անոնց կարեւորութեան, կը կարծենք, որ դժբախտաբար Քիւրտիստան մը պիտի չհիմնուի եւ քրտական հարցը պիտի չլուծուի: Ընդհակառակն` քիւրտերը դժբախտաբար կը շահագործուին իբրեւ միջոց` շրջանին մէջ եւ շրջանէն դուրս կարգ մը երկիրներուն շահերը իրականացնելու համար», եզրափակեց ան:

aztagdaily.com