Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ aztagdaily
ՀՅԴ 126-ամեակին առիթով ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարեց Ազգային ինքնութեան ֆոնտերու ստեղծման մասին, եւ անոնք սկսան գործել նախորդ տարուան ամբողջ տեւողութեան: «Օ. Թի. Վի.»-ին այս առիթով ընդհանրապէս լիբանանահայութեան դիմաց ծառացող մարտահրաւէրները դիմակալելու ձեւերուն եւ հայկական ազգային դիմագիծի պահպանման անհրաժեշտութեան վերաբերող հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին հետ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- ՀՅԴ 126-ամեակին առիթով կազմակերպուած ժողովրդային ձեռնարկին յայտարարեցիք Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտերու հիմնադրութիւնը: Անկէ ետք մամուլով տեղեկացուցիք դիմումներու եւ ձեր ընդառաջումներուն մասին: Խնդրեմ, իրազեկ դարձուցէք մեզ` ի՞նչ է այս ֆոնտերուն գործունէութիւնը:
ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- 126-ամեակին առիթով Դաշնակցութեան անունով կատարուած յայտարարութիւնը դրսեւորումն էր այն իրականութեան, որ Լիբանանի հայութեան ինքնութեան եւ հայկականութեան պահպանման հարցերը ներկայ փուլին մեր գերխնդիրներէն են: Համայնքային կառուցուածք ունեցող Լիբանանի մէջ մենք կը նկատուինք 7 գլխաւոր համայնքներէն մէկը. իւրաքանչիւր համայնք իր ինքնութիւնը կը պահպանէ: Մեզի համար առաջնահերթ է նաեւ մեր հայկական դիմագիծի եւ ինքնութեան պահպանումը: Արդարեւ, գաղտնիք չէ, իրականութիւն է, որ տակաւ առ տակաւ կը տեսնենք` խառն ամուսնութիւններ, օտար վարժարաններ յաճախողներ, օտար մտածողութիւն, հայկական անմիջական շրջանակներէն հեռացողներ, ոչ հայկական միջավայրերու մէջ գտնուողներ: Ասոնք երեւոյթներ են, որոնք կը վտանգեն հայկական արժէքները: Դաշնակցութեան խնդիրն է այս մէկը, մեր մտահոգութիւնը հայութիւնն է եւ Լիբանանի հայութեան հայկականութիւնը:
Այս մեկնակէտով է, որ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն շաբաթներու քննարկումէ ետք անհրաժեշտ նկատեց, որ 125-ամեակէն ետք մեր ժողովուրդին կողմէ եկած նիւթական մեծագումար օժանդակութիւնը զուտ կուսակցական կարիքներու համար չօգտագործուի, այլ հիմնականին մէջ բաշխուի մեր ժողովուրդին: Այս գաղափարին ծնունդն էր ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը. ուրեմն հաստատեցինք չորս սնտուկներ: Առաջինը Հայ ընտանիքի ֆոնտն էր. երբ ոեւէ հայ զոյգ մը պիտի պսակուի, դիմում կը կատարեն եւ իրենց պսակի եկեղեցական ծախսերը կը վճարուին: Զաւկի մկրտութիւնը երկրորդ ֆոնտն է, որուն անունը Հայ մանուկի ֆոնտ է: Երրորդը` Ընտանիքի բազմացման ֆոնտը, որ թերեւս մարդոց համար տարօրինակ թուի` հակառակ մեր ֆոնտի նպաստի գումարին ոչ մեծ ըլլալուն, սակայն քաջալերական է երրորդ եւ աւելի զաւակներու համար 2000 ամերիկեան տոլարի յատկացումը:
Պէտք է ըսել, որ այս երեք ծրագիրներուն սկսանք մայիս 2017-ին եւ անկէ ետք ունեցանք 56 ընտանիքի դիմումներ, որոնք ընդունուեցան: Կրնայ պատահիլ, որ երկու կամ երեք հոգի մերժուած են յատուկ պատճառներով, օրինակ, կը յիշեմ, Ամերիկայէն Լիբանան եկած զոյգ մը, որ ուզած է հոս պսակուիլ այս ֆոնտին հաշուոյն, ապա Ամերիկա վերադառնալ. ֆոնտին հաշուոյն կատարուելիք նման բան յարմար չնկատեցինք: Այս ֆոնտէն օգտուած են 56 զոյգեր: Հայ մանուկի ֆոնտէն, որ Մկրտութեան ֆոնտն է` 100 երեխայ, իսկ Ընտանիքի բազմացման ֆոնտէն` 11 երեխայ: Բնականաբար այս թիւը քիչ է. վերջին հաշուով, մեր ժողովուրդի հայկականութիւնը պէտք է պահուի, բայց նաեւ քանակն ալ պէտք է պահուի. ընդհանուր թիւը մայիսէն մինչեւ դեկտեմբերի աւարտ` 167 պարագայ, որոնց վճարումները կատարուեցան Ազգային առաջնորդարան կամ Աւետարանական համայնք կամ Հայ կաթողիկէ համայնք անմիջապէս, երբ համապատասխան թուղթերը ներկայացուեցան: Երեխայի պարագային ուղղակի ընտանիքին կը տրուի գումարը:
Չորրորդ սնտուկը, որ մեզի համար կարեւորագոյն իրագործումներէն մէկն է, Հայ ուսանողի ֆոնտն է. սկզբնական շրջանին թերեւս մարդիկ չհաւատացին, մտածեցին, որ եղածը կուսակցական յայտարարութիւն մըն է, քարոզչական փուչիկ մը, բայց մեզի համար լուրջ խնդիր էր. այսօր ի վիճակի ենք ըսելու, եւ մամուլով ալ արդէն հրապարակուեցաւ, որ ներկայացուած է 152 դիմում: Միակ պայմանը այն է, որ ուսանողը հայկական վարժարանէ շրջանաւարտ ըլլայ: Բոլոր դիմումները ընդունուեցան, եւ մենք դեկտեմբերի աւարտին արդէն համապատասխան վճարումներ կատարեցինք ուղղակի ուսանողներուն: 152 ուսանող դիմեց, որոնց 84-ը իգական սեռի կը պատկանի, 68-ը` արական: Ազգային վարժարաններէն 40 դիմում եղած է եւ` ընդառաջուած. կաթողիկէ վարժարաններէն` 37 դիմում, աւետարանական համայնքի վարժարաններէն` 28 դիմում, սեփական վարժարաններէն` Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան վարժարան, Դարուհի Յովակիմեան, Սահակեան վարժարան` 36 դիմում, Սուրիայէն եւ այն շրջաններուն մէջ, ուր հայկական դպրոց չկայ, այսինքն Թրիփոլիի նման կամ այլ շրջաններէ 11 հոգի, ընդհանուր` 152 ուսանող: Ըսենք նաեւ, որ 16 համալսարաններուն մէջ 152 ուսանողները 45 տարբեր մասնագիտութիւններու կը հետեւին: Իսկ այս բոլորին վրայ աւելցուցինք հանրային ծառայութեան մէջ եղող ուսանողները, որոնք 71 հոգի կը հաշուեն. անոնք իրենց տրուած կրթական օժանդակութեան կողքին, ստացան խորհրդանշական նիւթական յատկացում մը եւս, պարզապէս որովհետեւ հանրային ծառայութեան մէջ են` եկեղեցւոյ երգչախումբի, դպրաց դասի, պարախումբի, սկաուտական, երիտասարդական – ուսանողական որեւէ միութեան անդամ են, Ջանից-ի, ՀԵՀՈՄ-ի, կուսակցական կամ եկեղեցական միաւորի անդամ են, «Գարակէօզեան», «Ճինիշեան» հիմնարկներուն ծառայած են, Օգնութեան խաչին մէջ կամաւոր աշխատանք տարած են, միութիւններու ճամբով իրենց ծառայութիւնը մատուցած են մեր հայկական իրականութեան: Այս բոլորը կ՛ընենք, որպէսզի մեր ժողովուրդին ինքնութիւնը, հայկականութիւնը պահենք: Կան ըսողներ. «Հիմա այս օժանդակութիւններով դուք կը կարծէք, թէ մէկը կը քաջալերուի՞ հայու հետ պսակուելու կամ երրորդ զաւակի ծնունդ տալու եւ կամ արդեօք ասիկա կուսակցութեա՞ն մը պարտականութիւնն է»: Թերեւս կուսակցութեան պարտականութիւնը չէ, բայց եթէ մենք յաջողեցանք 152 ուսանողի կրթաթոշակ տրամադրել, թող ատիկա քաջալերական ըլլայ այլ միութիւններու, մեր եկեղեցիներուն կամ այլ հաստատութիւններու, որ իրենք եւս նոյնը ընեն:
Իսկապէս մեզի համար գոհունակութիւն կը պատճառէ այս երեւոյթը: Տեղ մը հասած ենք, ուր մեր ժողովուրդը ձանձրացած է քարոզ եւ ճառ լսելէ, բանախօսութիւն, թելադրանք, կարծիք լսելէ, ճիշդ է, որ այդ խօսքը անհրաժեշտ է եւ կարեւոր` ժողովուրդի ամրութիւնը պահելու համար, բայց նաեւ գործի կարիք կայ: Մենք տարիներով ուսուցիչներուն իրաւունքներուն մասին խօսած ենք, գնահատած ենք հայկական վարժարանի ուսուցիչը եւ չենք յաջողած մեր ուսուցիչներուն իրաւունքը տալ, այս տարի Ազգային երեսփոխանական ժողովի որոշումով Ազգային իշխանութիւնը յաջողեցաւ մեր ուսուցիչներուն իրաւունքը տալ: Ասիկա կը նպաստէ կրթական կառոյցի բարելաւման, կը նպաստէ, որ հայ ուսանողը, որ ոչ հայկական հաստատութիւններու մէջ է, կամ հայ ուսուցիչը, որ ոչ հայկական վարժարաններու մէջ կը դասաւանդէ, գան եւ ըսեն, որ ահա մեր ժողովուրդը, մեր պատասխանատուները, մեր միաւորները իրենք եւս հոգածու են, որ հայկական դիմագիծը պահպանուի, հայ դպրոցը պահպանուի:
Հ.- Տարուան սկիզբը չորս յօդուածներով հանդէս եկաք. անդրադարձաք հաւատքի արժէքներու, երիտասարդութեան հայկականացման. ինչո՞ւ այս առաջադրանքը` յատկապէս այս տարի. արդեօք այլասերո՞ւմ է. համաշխարհայնացման կլանող մերօրեայ պայմաններուն մէջ կը կարծէ՞ք, որ կարելի է նման ակնկալութիւններ ունենալ:
Յ. Բ.- Այսօր երկու մտածողութիւն կայ: Իրատեսական մտածողութիւն, որ գիտական մտածողութեամբ հարցերը կը քննէ, եւ` զգացական մտածողութիւն: Ո՛չ զգացականը առանձնաբար ճիշդ է, ո՛չ ալ գիտականը եւ իրատեսականը միայն ճիշդ կրնան ըլլալ: Փաստօրէն մեր ժողովուրդի գոյութիւնը դժուար օրերուն պաշտպանուած գոյութիւն է. եթէ վերադառնանք մեր ժողովուրդի պատմութեան, պիտի տեսնենք, որ մենք վարդագոյն օրեր չենք ունեցած, հազիւ թէ յաղթանակ մը ունեցած ենք հայոց պատմութեան գիրքերուն մէջ, յաջորդ տասնեակ մը էջերուն մէջ պարտութիւններու մասին խօսած ենք: Իսկ եթէ իրատեսութեամբ պիտի մտածենք համաշխարհայնացման այս մթնոլորտին մէջ, այո՛, պէտք է տեսնենք դժուարութիւնները, բայց պէտք է նաեւ աշխատինք գիտնալու, որ մենք ի՛նչ կ՛ուզենք, աշխատինք մենք զմեզ համոզելու, որ մենք ի՛նչ կրնանք ընել, մենք ի՛նչ դրական բան կրնանք առնել համաշխարհայնացումէն, արդիականացումէն ի՛նչը կրնանք հայկականացնել, այդ բոլորին մէջ ի՛նչը կրնանք ազգայնացնել: Ասիկա ո՛չ ազգայնամոլութիւն է, ո՛չ շովինիզմ է, այլ պարզապէս` ինքզինքդ պահելու հարց: Այո՛, այդ յօդուածներուն մէջ խօսած էի հայկական արժէքներու, հայկականացման մասին, փաստօրէն Լիբանան եւ այլ շրջաններ նման մարտահրաւէրի դիմաց են, բայց մեզի համար Լիբանանն է կարեւորը, որովհետեւ մենք տակաւին հաւատացողն ենք, որ Լիբանանի հայութիւնը պիտի մնայ երկար ժամանակ սփիւռքահայութեան համար կարեւոր կեդրոն, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի եւ Արցախի հայութեան համար: Տկարացնենք Լիբանանի հայութիւնը` տկարացուցած կ՛ըլլանք բոլորը. միշտ ըսած եմ` շղթայի մը օղակներն ենք, պողպատեայ օղակներէն մէկն ենք. ասիկա մեծամտութիւն չէ, այլ` իրականութիւն: Մեր արժէքները կը կորսուին Լիբանանի մէջ. պարզ օրինակ մը տամ. խթման գիշերը մեր ընտանիքները տան մէջ կը հաւաքուէին, կ՛այցելէին իրենց մեծ հայրերուն ու մայրերուն եւ ընտանեկան միջավայրին մէջ խթում կը տօնէին, հիմա ճաշարաններուն մէջ են: Այո՛, ժամանակները փոխուեցան, արդիականութիւնը մեզ տուներէն հանեց եւ ճաշարանները տարաւ, բայց հայկականութիւնը նահանջեց:
Ս. Ծննդեան առիթով լիբանանեան հեռատեսիլի կայաններ, որոնց մէջ տեղ գտած ելոյթները, ցուցադրեցին յայտագիրներ, յարգելով հանդերձ կարգ մը անձերու ելոյթները, անմակարդակ էին: Եթէ այդ է հայուն Ս. Ծնունդը, կը ներէք, ատիկա հայկականութեան պահպանում չէ: Հոս մշակութային միութիւնները, եկեղեցին, քարոզչական կառոյցները պարտաւորութիւններ ունին, անտարակոյս, բայց մենք պարտաւոր ենք մեր արժէքները պահել-պահպանել: Այսօր աշխարհը, ճիշդ է, համաշխարհայնացումի կ՛երթայ, բայց չմոռնանք նաեւ, որ մարդիկ իրենց արմատներուն վերադառնալու ձգտումը ունին ամէն տեղ: Յօդուածներով խօսեցայ նաեւ երիտասարդութեան հայկականացման մասին. ճիշդ է, նաեւ գրառումներ եղան այս ուղղութեամբ` ինչո՞ւ երիտասարդութեան տագնապի մասին կը խօսիք, ի՞նչ կ՛ընէք երիտասարդութեան, ինչո՞ւ երիտասարդութեան տեղ չէք տար: Նոյն նիւթին մասին խօսուեցաւ Ազգային ընդհանուր ժողովի ընթացքին. այո՛, մենք երիտասարդութեան տագնապին մասին կը խօսինք, որովհետեւ կը տեսնենք եւ կ՛ուզենք, որ երիտասարդները գան, դրօշը վերցնեն ու գործը շարունակեն: Ճիշդ չէ, որ առիթ չենք տար մեր կառոյցներուն մէջ թէ՛ ազգային, թէ՛ կուսակցական, թէ՛ մեր կուսակցութեան, թէ՛ այլ կուսակցութիւններու մէջ: Ասոնք իրականութիւններ են. ան որ ինքզինք հեռու կը պահէ, կը փորձէ պատրուակել, որ իրեն տեղ չի տրուիր. միւս կողմէ կայ նաեւ այն, որ դժուար է տեղ տալ հայ երիտասարդի մը, որ հայերէն չի խօսիր, որ` հայկական արժէքներուն ծանօթ չէ, որ` հայկական ընտանիքին մէջ ինքզինք չէ կրցած հայ զգալ. սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ այդ երիտասարդները հայ չեն: Մենք այսօր ոսկեայ միջին լուծում մը պէտք է գտնենք այն անհատին համար, որ ինքզինք հայկականութեամբ ապրող կը տեսնէ, եւ անոր համար, որ աստիճանաբար կը հեռանայ հայկականութենէն. կրնայ իր անձնաթուղթին մէջ հայ անունը պահած ըլլալ, կրնայ Հայաստան երթալ եւ հայաստանեան անցագիր ու հպատակութիւն ստանալ, բայց անպայմանօրէն չի կրեր հայկականութեան դրոշմը, որ պէտք է փոխանցուի սերունդէ սերունդ, որ հաւաքականութիւնը պիտի պահէ: Ճիշդ է, որ մարդիկ իմ կամ ուրիշներու յօդուածներուն մէջ կրնան տեսնել խուճապային մթնոլորտ. ո՛չ, խուճապային մթնոլորտ չկայ, բայց կանխազգուշացում մը կայ: Ես իմ պատասխանատուութիւններուս բերմամբ յաճախ ներկայ կ՛ըլլամ ոչ հայկական եկեղեցիներու մէջ արարողութիւններու. կը տեսնեմ հայեր. ես պարտաւորուած եմ երթալու, որովհետեւ քաղաքական պարտաւորութիւն մը կայ, բայց միւսները ինչո՞ւ պիտի երթան: Ինչո՞ւ Հայ եկեղեցիէն պիտի հեռանան հայ ընտանիքները, ինչո՞ւ աղանդաւորական պիտի դառնան, ինչո՞ւ այս կամ այն «եղբօր» պիտի հետեւին. երբեմն բարեմիտ կերպով, զուտ քրիստոնէական, մարդասիրական իմաստով խնդիրին կը մօտենանք, բայց ինչո՞ւ պիտի չմտածենք, որ այս բոլորը կրնան օր մը, տեղ մը մեր ժողովուրդին ամրութիւնը հարուածելու համար ստեղծուած, շատ գեղեցիկ զարդարանքով, շատ գեղեցիկ ծածկոյթով մեզի հրամցուած վնասակար թոյներ ըլլան: Նոյնն է մոլութիւններու հետեւելու պարագան: Ատենին արցունքով գրած էինք, որ սիրելի՛ երիտասարդներ, դուք որ ապրիլ 24-ին բռունցք կը բարձրացնէք թրքական դեսպանատան դիմաց, ձեր կանչերը կը կրկնէք, մենք չենք կասկածիր ձեր հայկականութեան վրայ, բայց այդ ուժը, որ ունիք, փոխանակ մոլութիւններու մէջ վատնելու, եկէք, ի սպաս դրէք մեր ժողովուրդին: Հիմնական խնդիրը այս է, որ կը տագնապեցնէ մեզ. փիլիսոփայելու կարիք չկայ, թեր եւ դէմ կարծիք տալու կարիք չկայ, թերեւս մօտեցումներու տարբերութիւն կայ, եւ պէտք է ըլլայ: Երիտասարդները պէտք է դժգոհ ըլլան իրենց ղեկավարներէն, այո՛, ղեկավարութիւնը, այդ դժգոհութիւնը տեսնելով հանդերձ, պարտաւոր է տակաւին հօր պէս հետեւելու եւ սրբագրելու անոնց սխալները. մենք ալ մեր երիտասարդ տարիքին բնականաբար պոռթկացած ենք, ժամանակի ընթացքին փոփոխութիւններ եղած են, հետզհետէ պատասխանատուութիւններ ստանձնած ենք, եւ այդ ընթացքը աստիճանաբար փոխուած է դէպի դրական: Մենք կ՛ըսենք, որ մեր երիտասարդները հայկականութեան գիրկը պէտք է պահենք, որովհետեւ մտահոգ ենք, որ մեր ծնողները, որ մեր մեծ հայրերն ու մայրերը վաղը իրենց հայարիւն թոռնիկներուն կողմէ անհրաժեշտ հոգածութիւն չունենան: Թերեւս ասիկա տխուր պատկեր մըն է, բայց իրականութիւն է, որովհետեւ հայկական աւանդներն են, որ կը քանդուին:
Յօդուածներուս մէջ խօսած էի տարեդարձներու մասին, այո՛, մենք տարեդարձներ կը տօնակատարենք. Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակը յիշեմ. այն ատեն ալ խօսած էինք նոյն բանին մասին. աշխարհի մէջ քանի՜ հարիւր խաչքար, քանի՜ հարիւր յուշարձան կառուցեցինք. 102-րդ ամեակին քանի՞ հոգի այդ յուշարձանները այցելեց, այդ խաչքարերը այցելեց, չենք գիտեր: Փոխանակ խաչքարին, յուշարձանին, քարին ծախսելու` հայ մարդուն վրայ մեր ներդրումը կատարենք, հայ ընտանիք մը փրկենք:
Պատասխանատուութեան բերմամբ, երբեմն անմիջական մեր շրջապատէն` Պուրճ Համուտէն, Անթիլիասէն դուրս կ՛ելլենք եւ քիչ մը անդին կը տեսնենք, որ հայութենէ հեռացած հայեր կան, որոնց առաջին խօսքը կ՛ըլլայ. «Եթէ մեր մորթը քերթէք, մենք հայ ենք, մեզ ինչո՞ւ առանձին կը ձգէք»: Մենք ենք պատասխանատուն: Անցեալին թերեւս մեծ էր հայութեան թիւը, հարիւրէն 10-ը, 20-ը նկատի չէինք առներ, որ հայկական իրականութենէն հեռու են, բայց այսօր մենք պարտաւոր ենք գուրգուրալ եւ յատուկ ուշադրութեան արժանացնել, որպէսզի անոնք ալ վերադառնան մեր հայ իրականութեան. թերեւս այն մէկը, որ կը վերադառնայ, իր ներդրումը բազմապատկուած ձեւով կու տայ:
Հ.- Այս տարի կարեւոր յոբելեաններու նշում պիտի ըլլայ: Ինչպէ՞ս կարելի է առիթները լաւապէս ծառայեցնել ազգային արժէքներով վերանորոգուելու իմաստով:
Յ. Բ.- Ես կը հաւատամ, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, Լիբանան եւ այլուր, խթան մը հանդիսացաւ նոր ձեւով հայութեան մօտենալու, թէ՛ ոչ հայկական աշխարհը հետաքրքրուեցաւ եւ թէ՛ հայեր, որոնք կտրուած էին հայութենէն, զգացին, որ հայութեան Դատը տակաւին իրենց արեան մէջ է: Խնդիրը հետեւողական ճիգն է. այո՛, այս տարի Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակն է, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը, Արցախի 30-ամեակը եւ այլն, բայց մենք ամեակապաշտութիւն պիտի չկատարենք, մենք տարեդարձները պիտի յիշենք, որպէսզի անոնք խթանող ուժ ըլլան երիտասարդութեան եւ երէց սերունդին` վերյիշելու արժէքները եւ նոր ճանապարհ անցնելու: Ասոր մէջ բոլորս պատասխանատու ենք, բոլոր կուսակցութիւները անխտիր. կարեւոր չէ` հարցերուն մասին ի՞նչ վերաբերում կ՛ունենանք. փաստօրէն Հայաստանի Ա. անկախութիւնը եթէ չըլլար, այսօրուան Հայաստանը գոյութիւն չէր ունենար. փաստօրէն Արցախի 88-ի ժողովրդային պոռթկումը եթէ չըլլար, այսօր ազատ Արցախ պիտի չունենայինք: Այս պարզութեամբ պէտք է հարցերը ընկալենք: Կուսակցութիւնները, եկեղեցին, մեր կղերական դասը, մեր բոլոր միութիւները` բարեսիրական, կնոջական, մշակութային, մարզական, հայրենի պետութիւնը, դեսպանատուները պէտք չէ անձնականացնեն կատարուած դէպքերը, յոբելեանները, տէրերը, այլ զանոնք անհրաժեշտ է վերածել համահայկական համընդհանուր թուականներու` մենք մեզ զօրացնելու ծառայող:
Հ.- Մեզի կրնա՞ք տեղեկութիւններ տալ, թէ ինչպիսի՛ գործունէութիւն կը տանի Երեսփոխանական գրասենեակը, եւ ի՞նչ է հիմա իր աշխատանքի ծիրը:
Յ. Բ.- Երեսփոխանական գրասենեակը 1974-էն հիմնուած գրասենեակ մըն է. անցեալին Երեսփոխանական գրասենեակը հիմնականին մէջ ոչ լիբանանցիներու կեցութեան թուղթերով կը զբաղէր եւ կարգ մը պարագաներու` դատական փոքր հարցերով: Ժողովուրդին կարիքներուն բազմացման հետ աստիճանաբար Երեսփոխանական գրասենեակը պարտադրաբար իր աշխատանքներուն ծիրը ընդարձակեց, եւ չմնացին զուտ միջնորդութիւններու սահմաններուն մէջ:
Վերջին տարիներուն գրասենեակը հետապնդեց նաեւ սուրիահայերուն կեցութեան թուղթերու ապահովումը: Ասոր կողքին կայ Լիբանան ապաստանած մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն առողջապահական, կրթական եւ կենցաղային կարիքներու հոգածութիւնը, լիբանանահայ մեր զանգուածին կարիքներուն հոգածութիւնը` ըլլայ ուտեստեղէնի, դեղորայքի տրամադրում, հիւանդանոցի, կրթական, համալսարանական նիւթական յատկացումներ, նպաստաբաշխում, զանազան միջնորդութիւններ: Պարզ օրինակ մը տամ, մենք մէկ տարուան մէջ, 2017 յունուարէն դեկտեմբեր 2370 դիմում ստացած ենք, եւ 79 առ հարիւրը գոհացուցած ենք, մնացեալ 90 առ հարիւրին պարագան ընթացքի մէջ է, կրնայ պատահիլ, որ դատական հետապնդումներ կան, եւ մեր փաստաբանները կը հետեւին, կամ` դժուարութիւններ կան, որոնք պէտք է հարթուին: Կան կարգ մը պարագաներ, երբ մենք առաջին օրէն կ՛ըսենք` չենք կրնար միջամտել, անոնցմէ մէկը թմրամոլութեան կապուած խնդիրն է, ոչ թէ չենք օժանդակեր անոնց, որոնք դժբախտ վիճակի մէջ են եւ ինկած են այդ մոլութեան մէջ, այլ երբեք չենք միջամտեր այն պարագաներուն, երբ բանտարկուած են թմրեցուցիչի առեւտուրի, թմրեցուցիչ տարածելու, մարդասպանութեան կամ խաբէութեան յանցանքով. դժբախտաբար ասոնք տարածուած են մեր իրականութեան մէջ: Երնէկ այն օրերուն, երբ կ՛ըսէին, որ լիբանանեան բանտերուն մէջ հայ չկայ, բայց վերջին հաշուով մարդ են, կեանքին մէջ կը սխալին:
Հետաքրքրական է, որ մարդիկ երբեմն կը դիմեն պարզապէս տեղեակ ըլլալու համար, թէ ի՛նչ կ՛ընենք, եւ գոհունակութեամբ դուրս կու գան, ոչ թէ միայն հայեր, այլ` ոչ հայեր նաեւ, եւ ատիկա իրենց նախանձը կը գրգռէ, թէ ինչպէ՛ս այս հայկական միաւորը կրնայ օժանդակել. ի միջի այլոց, ոչ հայեր ալ կու գան ու դիմում կը կատարեն, եւ մենք կ՛օգնենք առանց հարցնելու իրենց կրօնին, ընտրաշրջանին, կուսակցական պատկանելիութեան մասին: Եթէ պատահի, որ անհատներու դիմումը չընդունուի կամ չկարենանք օգտակար դառնալ, չի նշանակեր, որ այս գրասենեակը չ՛աշխատիր, կը նշանակէ, որ տուեալ պարագան լուծելի պարագայ չէ: Չխաբուինք անհատներու կատարած միջամտութիւններէն, որոնք շահակցական մտահոգութեամբ կատարուած են: Պատահած է, որ մարդիկ օժանդակութիւն ստացած են, բայց ընտրութիւններուն մեր թեկնածուներուն դէմ քուէարկած են: Երբեք հարց չէ, կարիք ունեցողին կը հոգանք, կապ չունի` ան ռամկավար է, հնչակեան է, համայնավար է, կաթողիկէ է, աւետարանական է, հիմնականը հայ մարդուն օգտակար ըլլալն է: Ատիկա մեր պարտաւորութիւնն է եւ առաքելութիւնը, եւ մենք պիտի շարունակենք` հակառակ երբեմն լսուող դժգոհութիւններուն, հակառակ երբեմն փայլող լեզուանի աստղերուն, որոնք մէկ անգամ իրենց կեանքին մէջ բարիք ընելով` կը կարծեն, թէ համայնքը ցմահ, յաւիտեանս յաւիտենից իրենց շնորհակալ պէտք է ըլլայ: Եթէ մեր ժողովուրդին կողմէ ընտրուած պատասխանատուներն ենք, մեր կուսակցութեան կողմէ ընտրուած պատասխանատուներ ենք, ուրեմն մենք պարտաւորութիւն ունինք մեր ժողովուրդին հանդէպ, այլապէս մենք պարտաւոր ենք մեր տեղը զիջիլ ուրիշներու:
Հարցազրոյցը վարեց` ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ
Արտագրեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ