կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2016-12-06 17:01
Տարածաշրջան

Սիրիահայությունը լիբանանյան պետության համար բեռ չէ. Հակոբ Բագրատունի

Սիրիահայությունը լիբանանյան պետության համար բեռ չէ. Հակոբ Բագրատունի

Աղբյուրը՝ Aztagdaily

Սուրիոյ պատերազմին իբրեւ հետեւանք իրենց երկիրը լքած սուրիահայերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ 15 հազար սուրիահայեր գաղթած են Հայաստան, իսկ 14 հազար` Լիբանան, ուրկէ որոշ տոկոս մը մեկնեցան:

«Մենք մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կ՛օժանդակենք անոնց` գլխաւորաբար մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելով: Դժբախտաբար ՄԱԿ-ը ոչ մէկ օժանդակութիւն կը տրամադրէ հայոց, որովհետեւ անոնք գաղթակայաններու մէջ չեն գտնուիր, եւ չկան այլ երկիրներ, որոնք կ՛օժանդակեն սուրիահայութեան: Հետեւաբար մենք մեր ճակտի քրտինքով կ՛օգնենք անոնց, ինչպէս նաեւ կ՛օժանդակենք ոչ հայերու, յատկապէս Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի մէջ: Տիրող իրավիճակը ողբերգական է, արձանագրուած են մեծ թիւով նահատակներ: Կը մաղթենք, որ Հալէպի պատերազմը շուտով վերջ գտնէ. Լիբանան գտնուող սուրիահայութեան մօտ իրենց երկիրը վերադառնալու պատրաստակամութիւն կայ, հակառակ անոր որ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիահայութեան թիւը բնաւ չի ծանրաբեռներ լիբանանեան պետութիւնը», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

«Մեր Նպատակը Աղբի Լերան Վերացումն Է»

Աղբերու տագնապին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ աղբի լերան վերացումը ուշացնող որեւէ կեցուածքի պարագային, վնասազերծուած թափօններու վայրին աշխատանքները իսկոյն պիտի կասեցուին, եւ աղբերը դարձեալ պիտի ողողեն փողոցները:

«Ոչ ոք թող իմաստուն ձեւանայ: Մեր նպատակը աղբի տագնապին լուծման ժամանակաւոր` չորս տարուան փուլին մաս կազմել է, եւ ապա վնասազերծուած թափօններու վայրը փակել եւ տեսնել, որ լիբանանեան պետութիւնը ո՞ւր հասած է այդ տագնապին լուծման գծով», եզրափակեց Յ. Բագրատունի: