կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-09-11 11:08
Աշխարհ

Արամ Ա-ն միջեկեղեցական նոր նշանակումներ է արել

Արամ Ա-ն միջեկեղեցական նոր նշանակումներ է արել

Միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան կարեւոր բնագաւառներէն մէկը կը կազմէ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ո՛չ միայն միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բարձրագոյն մակարդակի վրայ ղեկավարի դիրքեր ստանձնած է, այլ՝ քաջալերողը Հայ Եկեղեցւոյ գործօն ու հետեւողական մասնակցութեան յիշեալ մարզէն ներս։ Եկեղեցին ժողովուրդը ըլլալով, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ եկեղեցականներուն առընթեր աշխարհականներուն եւ յատկապէս երիտասարդներուն՝ կին թէ այր, միջ-եկեղեցական կազմաւորման ու մասնակցութեան։

Այս հեռանկերով Նորին Սրբութիւնը վերջին օրերուն հետեւեալ նոր նշանակումները կատարեց.-
- Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան եւ Փրոֆ. Թենի Սիմոնեան՝ անդամ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնական վարչութեան։ Հայր Պօղոսը նաեւ անդամ նշանակուեցաւ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի կողքին Արեւելեան Ուղղափառ-Կաթոլիկ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան։
- Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան եւ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան՝ անդամ Արեւելեան Ուղղափառ-Անկլիքան եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան։
- Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի «Ուխտագնացոութիւն դէպի խաղաղութիւն ու արդարութիւն» յանձնաժողովի աստուածաբանական քննարկումի անդամ։
- Տիկ. Սեդա Խըտըշեան՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի «Ուխտագնացութիւն դէպի խաղաղութիւն ու արդարութիւն» յանձնաժողովի անդամ։
- Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան՝ Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Ս. Գրոց միջազգային ընկերակցութեան գործակցութեան յանձնախումբի անդամ։
- Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան՝ Արաբական Ծոցի շրջանի եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր վարչութեան անդամ։