կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-02-23 16:00
Քաղաքական

Հայկական Արդարութիւն Հայաստանի Մէջ

Հայկական Արդարութիւն Հայաստանի Մէջ

Մէկուկէս ամիս մնաց Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, յստակացած են մասնակից կուսակցութիւններն ու դաշինքները եւ շուտով իւրաքանչիւր կողմ պիտի ներկայացնէ իր ընտրական ծրագիրը (փլաթֆորմ)։

Ըսած ենք արդէն, որ խորհրդարանական կառավարումի անցնելու առաջին քայլն է սա ու ատոր համար ալ, այս ընտրութիւնները յատուկ նշանակութիւն ունին եւ խորքին մէջ, նոր սկիզբ մը կը հանդիսանան Հայաստանի համար։

Նոր սկիզբ ամբողջովին նոր դրութեան մը, որուն կեանքի կոչուիլը տակաւին որոշ ժամանակի կը կարօտի։ Ուրեմն, Հայաստան կը թեւակոխէ գործընթաց մը, զոր պէտք է ծառայեցնել երկրի ներքին ուժեղացումին՝ ժողովրդային առաւելագոյն մասնակցութեամբ։ Այս առաւելագոյն մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է բազմաթիւ ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներ դիմագրաւող Հայաստանը զօրացնելու համար։ Միայն ժողովրդային ուժեղ հիմք ունեցող կառավարութիւնն է, որ կրնայ դիմագրաւել արտաքին թշնամին, լուծել (կամ լուծման ընթացքի մէջ դնել) երկրի ընկերային ֊ տնտեսական խնդիրները։ Ինչ որ կ’ըսենք, ոչ նորութիւն է, ոչ ալ գիւտ։

ՆԱԽ՝ ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ԿԷՏԵՐ

Եթէ «իշխանութեան հիմքը, աղբիւրը ժողովուրդն է» միտքը կարգախօսէն անդին անցնելով կեանքի պիտի վերածուի ու իր իսկական իմաստը պիտի ստանայ, կը նշանակէ, որ ժողովուրդին կամքը դրսեւորելու համար նպաստաւոր մթնոլորտ պէտք է ստեղծել ու քայլեր առնել այդ ուղղութեամբ։

Այս ծիրէն ներս, ընտրակաշառքի խնդիրը առայժմ մէկդի դնելով (այդ մասին ուրիշ առիթով անդրադառնալու խոստումով), կենսական խնդիր է ընտրութիւններուն արդար ու թափանցիկ կայացումը։

Արդար ու թափանցիկ ըսելով կը հասկնանք այնպիսի ընտրական գործընթաց մը, ուր ընտրապայքարին մասնակից բոլոր ուժերուն (կուսակցութիւններ եւ դաշինքներ) համահաւասար պայմաններ կը տրուին, իրենց ընտրական քարոզչութիւնը կատարելու համար։

Կը հասկնանք այնպիսի գործընթաց մը, որ զերծ ըլլայ ապօրինութիւններէ։ Սակայն տրուած ըլլալով, որ Սուրբ հոգիի աղաւնակերպ մարմնացումը չէ ընտրութիւնները կազմակերպողը կամ քուէարկողը (ոչ միայն Հայաստանի, այլ բոլոր երկիրներուն մէջ), ուրեմն պէտք է հսկել, որ ապօրինութիւններ տեղի չունենան». հսկել, որ արդարութիւն երաշխաւորող օրէնքը կիրարկուի անխտիր բոլորին համար։
Հոսկէ՝ ընտրական դէտերու գաղափարը։ Այսինքն քաղաքացիներ, որոնք օրէնքի նախատեսած տրամադրութեան հիման վրայ, իրաւասութիւնը կ’ունենան դիտելու, հետեւելու ընտրական գործընթացին եւ եթէ ապօրինութիւններ նշմարեն՝ այդ ուղղութեամբ իրենց ըսելիքը կ’ունենան՝ դարձեալ օրէնքի տրամադրութեան համաձայն։

ՉՈՐ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ…

Միջազգային փորձառութիւնը մեզի կը յուշէ, որ մեծ ուժեր միշտ հետամուտ են իրենց ազդեցութեան գօտին ընդարձակելու, երբեմն բռնի իշխանափոխութեամբ (անցեալին Մոսատեղի Իրանքը, ապա Չիլին, 1973. ներկայիս Իրաք, Ուքրանիա, Վրաստան, Լիպիա, Հոնտուրաս ու շարքը երկար է), երբեմն ալ ի հարկին՝ միջամուխ դառնալով փոքր, կամ իրենց համար «կարեւոր» նկատուած երկիրներու ընտրական գործընթացներուն։ Հայաստանն ալ, իբրեւ թիրախ, մեծերու (Ռուսիա կամ Արեւմուտք) տեսադաշտին մէջն է, անոնց ռատարին վրայ է։
Հայաստանի այս ընտրութիւնները արդար մթնոլորտի մէջ կայացնելու մտահոգութիւնը բոլորիս յանձնառութիւնն է։ Այդպէս պէտք է ըլլայ։ Ասկէ կը ծնի գործնական խնդիրը՝ հսկելու, որ ապօրինութիւններ տեղի չունենան եւ ասիկա ողջունելի մօտեցում է։

Սակայն տրուած ըլլալով, որ հայութիւնը չէ, որ շահագրգռուած է Հայաստանի ընտրութիւններով եւ կան դուրսի ուժեր եւս, որոնք «ջերմեռանդ» հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն մեզմով։
Չկարծենք, որ «Թրանսփարենսի ինթըրնեշընըլ», «Իրաւունքի Եւրոպա» (Europe in Law), միլիառատէր Ճորճ Սորոսի «Բաց հասարակութիւն»ը, ամերիկեան National Democratic Institute ֊ ը եւ տասնեակներով նման կազմակերպութիւններ իրենց քունն ու անդորրը փախցուցած, կը տոչորին Հայաստանի մէջ ժողովրդավար ու արդար կարգեր տեսնելու հրայրքով… Բնա՛ւ երբեք։
Այս կազմակերպութիւններուն նպատակն է տուեալ երկրի մը, այս պարագային՝ Հայաստանի մէջ նպաստաւոր մթնոլորտ ու միջավայր ստեղծել այն արտաքին, օտար շրջանակներուն եւ ուժերուն, որոնց կը պատկանին իրենք։ Մէկ խօսքով, քիչ մը չորուցամաք բառերով՝ այս կազմակերպութիւնները արտաքին ուժերուն գործիքներն են, որոնց միջոցով նոյն այդ ուժերը կը փորձեն միջամուխ դառնալ Հայաստանի ներքին գործընթացներուն, դէպքերը իրենց համար նպաստաւոր ուղղութեամբ տանելու համար։

Այդպէս եղաւ մէկուկէս տարի առաջ, Հայաստանի ելեկտրական ցանցին կապուած ընդվզումի օրերուն, երբ փորձ եղաւ «առեւանգելու» նոյն այդ ընդվզումի ալիքը։ Այդպէս եղաւ նաեւ անցեալ Յուլիսի դէպքերուն առիթով, երբ արտաքին կողմեր փորձեցին իրենց ի նպաստ շրջել կացութիւնը եւ ուրիշին ձեռքով կրակէն շագանակ հանել…։ Այդ օրերուն, եղան բազմաթիւ պարագաներ, երբ իրենք զիրենք «քաղաքացիական հասարակութեան» ջատագով ներկայացնող խմբաւորումներ եւ անհատներ բացէ ի բաց զօրակցեցան… արիւնայեղութեան երեւոյթին, առանց անդրադառնալու, որ քաղաքացիական հասարակութեան հասկացութիւնը էապէս կը հակադրուի բռնութեան եւ արիւնայեղութեան։

Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵԼ

Պէտք է խուսափիլ օտար ուժերու միջամտութեան որեւէ պատրուակ տալէ, որովհետեւ որեւէ օտար միջամտութիւն միայն վնասակար է հայութեան ու Հայաստանին ու կը ծառայէ միայն ու միայն տուեալ օտար ուժերուն (Արեւմուտք թէ Ռուսիա) շահերուն։

Սակայն արդար, թափանցիկ ու մաքուր ընտրութիններ ունենալու ձգտումը ոչ մէկ կապ ունի արտաքին ուժերուն «պատրուակ»ին հետ։ Օրինակելի ընտրութիւնները ամէն բանէ առաջ համայն հայութեան արդարացի ու անկապտելի պահանջն է։

Կասկած չկայ, որ իւրաքանչիւր հայու (Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ) մտահոգութիւնն է Հայաստանի ընտրութիւններու արդար ու թափանցիկ կարգուսարքով կայացումը։ Սկզբունքով, ողջունելի պէտք է համարել, որ Սփիւռքի կարգ մը շրջանակներու մօտ (առաւելաբար հանրածանօթ արուեստագէտներ) տրամադրութիւն կայ դիտորդական առաքելութիւն կազմակերպելու եւ իբրեւ դէտ հսկելու ընտրութիւններուն։ Այս նպատակին համար ալ յառաջացուած է Justice Within Armenia (Արդարութիւն Հայաստանի մէջ) խմբակցութիւն մը։
Մտահոգութիւնը սակայն այն է, որ վերոնշեալ խմբաւորումը, Հայաստանի մէջ դիտորդական առաքելութիւն կատարելու համար, սերտօրէն կը գործակցի ոչ֊ հայկական, օտար կազմակերպութիւններու հետ (որոնց անուններէն մէկ քանին նշեցինք վերը), գործնականին մէջ վերածուելով ատոնց «հայկական մասնաճիւղին»։ Անկախ այն իրողութենէն, որ գէթ «Թրանսփարընսի Ինթըրնեշընըլ»ը Հայաստանի մէջ օրինական կարգով պետութեան մօտ արձանագրուած է, նաեւ՝ հայաստանահպատակ անձնակազմով ալ, սակայն չի դադրիր միջազգային կազմակերպութիւն ըլլալէ. միաժամանակ, ան կը ֆինանսաւորուի օտար աղբիւրներէ։

Այս յօդուածագրին կարծիքով, ճիշդը պիտի ըլլար այն, որ «Արդարութիւն հայաստանի մէջ» խումբը, իր հայաստանանպաստ նման նախաձեռնութեան համար, գործակցէր միայն ու միայն հայկակա՛ն ոչ ֊ կառավարական անկախ կազմակերպութիւններու հետ, որոնցմէ տասնեակներով կան Հայաստանի մէջ։ Մեր մտավախութիւնը այն է, որ Հայաստանի մէջ արդար կարգուսարքի յառաջացման, իրապէս ժողովրդավար կարգերը ամրապնդելու իր ջերմ ձգտումին մէջ, նոյն այս խմբաւորումը, ակամայ ու անգիտակցաբար, կրնայ շահագործուիլ օտար ուժերու կողմէ։
Այս մտավախութիւնը ունեցանք, աչքի առջեւ ունենալով քանատահայ ականաւոր բեմադրիչ Աթոմ Էկոյեանի հետեւեալ յայտարարութիւնը, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին կազմակերպած միօրեայ խորհրդաժողովին ընթացքին։

Էկոյեան, խօսելով յառաջիկայ ընտրութիւններուն եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդումի զօրակցութեան ճիգերուն մասին, կ’ըսէ, թէ «բաւարար չէ մտածելը, որ այս ընտրութեան ելքը պիտի որոշէ, թէ մեր դերը ինչ նշանակութիւն պիտի ունենայ։ Սա կարճատես մօտեցում է եւ պէտք է «զսպենք» մեր ակնկալութիւնները, որովհետեւ… գիտենք թէ ինչ պիտի պատահի ընտրութիւններուն եւ պէտք է ընդվզինք ի տես այն իրողութեան, որ քաղաքական հայեացք ունեցող մարդիկ կան, որոնք բանտերն են… Մենք գիտենք թէ ինչ պիտի ըլլայ ընտրութիւններուն արդիւնքը, սակայն այժմէն իսկ պէտք է յանձնառու ըլլալ ընտրութիւններէն ետք տեղի ունենալիքին կապակցութեամբ»։

Երկու դիտարկում.
Առաջին. յարգելի արուեստագէտը կը կրկնէ այն տեսակէտը, որ ընտրութիւններուն ելքը յայտնի է։ Շատ ուրիշներ եւս սկսեր են կրկնել այս «կարծիքը», ըստ որուն՝ «ինչ ալ ըլլայ, Հանրապետական կուսակցութիւնը պիտի վերընտրուի, այս իշխանութիւնները պիտի մնան»։ Սա էապէս վնասակար մօտեցում է, որովհետեւ անզօրութիւն կը ներշնչէ ժողովուրդին, յուսահատութեան կը մղէ զայն, որ ինչ ալ ընէ, նոյնիսկ եթէ ընտրակաշառք չառնէ՝ միեւնոյնն է, «տղերքը» պիտի վերընտրուին։ Եւ ուրեմն՝ ինչո՞ւ չառնէ…

Երկրորդ, եւ աւելի վտանգաւորը, Էկոյեան այժմէն իսկ «կը նախատեսէ» ընտրութեան արդիւնքները (ի նպաստ Հանրապետական կուսակցութեան) եւ կոչ կ’ուղղէ նախապատրաստուելու «ընտրութիւններէն ետք տեղի ունենալիքին կապակցութեամբ»։ Հմմ, չհասկցանք, այսինքն… ըմբոստութեա՞ն…։

Մինչդեռ արդարօրէն ակնկալելին այն էր, Էկոյեանի նման սրտցաւ արուեստագէտ մը կոչ ուղղէր ժողովուրդին, որ չվախնա՛յ իշխանութեան բոլոր տեսակի ճնշումներէն, արհամարհէ՛ ընտրակաշառքի ձեւով իր երեսին շպրտուող փշրանքները եւ քուէարկէ՝ անսալով միայն ու միայն իր խիղճին ու տրամաբանութեան, յանուն աւելի լաւ Հայաստանի մը։

Ուշ չէ տակաւին. Աթոմ Էկոյեան ու իրեն մօտիկ բոլոր արուեստագէտները պէ՛տք է անդրադառնան օտար կազմակերպութիւններուն հետ գործակցելու անխուսափելի վնասներուն։ Ու նաեւ բոլոր այն հայորդիները, որոնք հետամուտ են արդար Հայաստանի մը կերտումին, ժամանակն է որ անդրադառնան, թէ Հայաստանը կարիքը ունի ոչ թէ օտարամուտ, այլ միայն ու միայն հայկակա՛ն արդարութեան։

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ