կարևոր
1489 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-09-19 12:51
Քաղաքական

Մենք պինդ ենք մեր հմոզումներուն մէջ եւ պատրաստ՝ ամենուրէք կանգնելու Հայաստանի եւ Արցախի կողքին

Մենք պինդ ենք մեր հմոզումներուն մէջ եւ պատրաստ՝ ամենուրէք կանգնելու Հայաստանի եւ Արցախի կողքին

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը Պուէնոս Այրէսի մէջ Արցախի Բարեկամներու Ֆորումի հիմնադրութեանը.

Սիրելի հայրենակիցներ ու հայ ժողովուրդի բարեկամներ,

Այսօր հայ աշխարհը տագնապի մէջ է: Մինչեւ 2020 թ. յաղթանակած ազգի իրավիճակի մէջ էինք, Հայաստանն անկախացած էր, Արցախը՝ ազատագրուած, Ջաւախքը՝ վերազարթնած եւ սփիւռքը գօտեպնդուած՝ իր հայ դատի յաղթանակներով եւ հայրենիքի զարգացումով:

Եւ Հայ Դատի օրակարգը 1990ականներէն սկսեալ հարստացած էր նոր ուղղութիւններով եւ կեդրոնացած հետեւեալ չորս հիմնական նպատակներուն վրայ՝

1. Հայաստանի եւ Արցախի համաշխարհային իրազեկման / լոբբիինկի գործը – Հայաստանի պարագային՝ անոր միջազգային վարկի բարձրացման, օտար երկիրներու հետ կապերու ամրապնդման եւ օժանդակութիւն ապահովելու համար. իսկ Արցախի պարագային՝ նոյն նպատակներուն, առաւել անոր ինքնորոշման իրաւունքի սատարման համար:
2. Հայոց ցեղասպանութիւն ճանաչումը ապահովելը եւ հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու պահանջատիրութիւնը:
3. Աշխարհասփիւռ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ, որպէս իրաւատէր քաղաքացիներ, պաշտօնական համայնք կամ ազգային փոքրամասնութիւն:
4. Հայ ժողովուրդի, մանաւանդ անոր երիտասարդութեան, քաղաքականացումը:

2020ի պատերազմը եւ հայ կողմի պարտութիւնը ցնցեց համաշխարհային հայութիւնը: Հայրենի զարգացման հարցը փոխարինուեցաւ հայրենիքի, թէ’ Հայաստանի, թէ’ Արցախի, անվտանգութեան օրակարգով: Եւ ներկայ հանգրուանն է էականը երբ հայ ժողովուրդը աւելի քան երբէք կարիքն ունի իր բարեկամ քաղաքական, մտաւորական, ակադեմական, լրագրական, արուեստի եւ մշակութի ղեկավարներուն, որոնց լաւագոյն ներկայացուցիչներդ հոս էք այսօր:

Թուրքիա եւ Ազրպէյճան յարձակողապաշտ (aggressive, militaristic war-mongering) նկրտումներ, հայատեաց լայնատարած քարոզչութիւն եւ ցեղասպանական նոր քաղաքականութիւն են որդեգրած:

Անոր համար հրատապ հարցի է վերածուած հայրենի անվտանգութեան խնդիրը: Ազրպէյճանը գրաւած է Արցախի Հանրապետութեւն մեծ տոկոսը, շրջափակած է մնացեալը եւ Արցախահայութիւնը սովամահութեան դատապարտելով նոր ցեղասպանութիւն է կազմակերպած. միաժամանակ՝ յարձակած է Հայաստանի վրայ, կը շարունակէ ներթափանցել անոր սահմաններէն ներս, կը սպառնայ բռնի ոյժով բանալ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքը» Ազրպէյճանի եւ նախիջեւանի միջեւ: Այս լուրջ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար մենք ոչ միայն պիտի յենուինք աշխարհատարած հայ ժողովուրդի կարողականութեան վրայ, այլեւ կարիքն ունինք ձեր աջակցութեան:

Արցախը իր գոյութեան եւ հայկական դիմագծի պահպանման ճգնաժամի մէջ է: Մեր նպատակն է համահայկական ճիգով ցոյց տալ աշխարհին, որ վճռակամ ենք մեր պայքարին մէջ, եւ համոզել մեր Արցախի հայրենակիցները թէ մինակ չեն եւ կը վայելեն մեր ամբողջական նեցուկը:

Երկու մարտահրաւէրներու դէմ հանդիման կը գտնուինք .-

Առաջինը՝ Շրջափակման հարցն է – այսինքն՝ Լաչինի միջանցքի փակումը, որ մարդկային աղէտի առաջնորդած է եւ փաստած՝ Արցախի հայաթափման Ազրպէյճանի ցեղասպանական ծրագիրը: Ամբողջ աշխարհը պարտի ճնշել Ազրպէյճանի վրայ, որ անմիջապէս բացուի Լաչինի միջանցքը, որպէս Հայաստանի (եւ արտաքին աշխարհի) հետ Արցախի միակ կապը:

Երկրորդը՝ Արցախի կարգավիճակի խնդիրն է – Արցախի ինքնորոշման բացարձակ իրաւունքը պէտք է ամրապնդուի համաշխարհային ընտանիքին կողմէ. Արցախի կարգավիճակը տակաւին չէ յստակացած եւ անհրաժեշտ է ամէն կերպ բացառել որեւէ ենթակայութիւն Ազրպէյճանի:

Մենք պինդ ենք մեր հմոզումներուն մէջ եւ պատրաստ՝ ամենուրէք կանգնելու Հայաստանի եւ Արցախի կողքին. Միաժամանակ, մեծապէս երատապարտ ենք ձեր աջակցութեան համար, հայ ժողովուրդի սիրելի բարեկամներ, որովհետեւ ձեր նեցուկով կը զօրանանք եւ կը գօտեպնդուինք համոզուելով, որ մինակ չենք մեր պայքարին մէջ:

Շնորհակալութիւն:

ՅՏԽ
2023-9-16
Buenos Aires