կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2016-11-30 13:45
Հասարակություն

ՀՅ Դաշնակցության 126-ամյակը՝ Կիպրոսում

ՀՅ Դաշնակցության 126-ամյակը՝ Կիպրոսում
Աղբյուրը՝ Artsakank
 
ՀՅ Դաշնակցութեան 126ամեակը Կիպրոսի մէջ փառաշուք կերպով նշուեցաւ Շաμաթ 26 Նոյեմμերին, Նիկոսիոյ Նարեկ Ազգային Վարժարանի հանդիսասրահին մէջ։ Այս առթիւ, ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէն Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրած էր Արցախի ազատագրական պայքարի ազատամարտիկ, պատմութեան եւ ռազմագիտութեան դասախօս, ԼՂՀ նախագահին կողմէ «Արիութիւն» մետալով պարգեւատրուած եւ 2016-ի քառօրեայ պատերազի մասնակից ընկ. Արթուր Եղիազարեանը, որ ներկաներուն փոխանցեց օրուայ պատգամը։
Յայտագրի սկիզբը ներկաներու մասնակցութեամբ, հնչեց ՀՅԴ քայլերգը։

Բացման խօսք արտասանեց հանդիսավար Նայիրի Մուրատեան, իսկ ՀՅԴ Կոմիտէի խօսքը փոխանցեց ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի Ներկայացուցիչ ընկ. Սիմոն Այնէճեան։

Գեղարուեստական յայտագիրը կը պարունակէր մարտական պար, կատարողութեամբ՝ Համազգայինի «Օշական» մասնաճիւղի եւ ղեկավարութեամբ՝ լիբանանահայ պարուսոյց Գօգօ Քէլէշեանի, մեներգ՝ պատանի Արազ Մանուշեանի կողմէ եւ հայրենասիրական երգերու փունջ մը, կատարողութեամբ Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ քառաձայն երգչախումբին, խմբավարութեամբ՝ Նառա Սարտարեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Երեցկին Թամար Հապէշեանի։
 
Նիկոսիոյ Հոգեւոր Հովիւ Տէր Մոմիկ Հապէշեանի Պահպանիչով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը, որու յաջորդեց աւանդական ճաշկերոյթ-խրախճանք, ՀՄԸՄ-ՀԵՄ ակումբէն ներս, ուր ազգային-յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ ընկ. Յովիկ Մանուշեան։