Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Աղբյուրը`«Գանձասար»
«Յանուն Ազգի եւ Հայրենիքի» կարգախօսով Կիրակի, 16 Դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս փառաշուք տօմախմբութեամբ յիշատակուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ծննդեան 128-ամեակը։
Տօնակատարութեան ներկայ էին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի եւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդներուն ներկայացուցիչները, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ ընկ. Արթիւր Ղազարեան, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը, Պատկան Մարմինը, Սուրիոյ հայազգի երեսփոխանը, հայկական կազմակերպութիւններու, Ազգ. Իշխանութեան, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ երիտասարդներու հոծ բազմութիւն մը։
Հայերէն բացման խօսք արտասանեց Յովիկ Ղազարեան, իսկ արաբերէն՝ Ճեմմա Տաուլէ։
Ներկայացուեցաւ գեղարուեստական նրբաճաշակ յայտագիր մը: Ազգային-յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը: Ասմունքով, երգերով եւ նուագով ճհանդէս եկան ՍԵՄ-ական երիտասարդ կատարողներ: Ելոյթ ունեցաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանակիր, հայրենի արուեստագէտ, ջութակահար պրն. Արմէն Ճէնտերէճեան։
Օրուան հանդիսավարներն էին Մինաս Ապաճեան եւ Սեւանայ Հալլաճեան։
Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի անդամ Կարօ Իւզպաշեան խօսք առնելով շեշտեց, որ Դաշնակցութեան դերկատարութիւնը հայ կեանքէն ներս կը շարունակուի նորովի թափով ու կորովով, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ Թիֆլիսի մէջ որպէս «Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւն», օրին նպատակ ունենալով մէկտեղել բոլոր յեղափոխական ուժերը՝ ի նպաստ հայոց ազատագրական շարժումին:
Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ մնալ համախմբող կուսակցութիւն, համայն հայութեան կուսակացութիւն, եւ կոչուած է ծառայելու հայ ժողովուրդին՝ Հայաստանէն մինչեւ Արցախ եւ Սփիւռք նոյն յանձնառութեամբ եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ, մինչեւ կերտումը ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի: Ապա ան դիտել տուաւ, որ Հալէպի Մայր գաղութը կարեւոր դերակատարութիւն եւ առաքելութիւն ունի ողջ Սփիւռքին համար։ Ան դիմացաւ պատերազմի ծանր պայմաններուն եւ անկոտրում կամքով պիտի շարունակէ իր երթը ու ծաղկի, վերականգնի՝ հոսանքն ի վեր դիավարելու գնով անգամ: Ապա ան երախտագիտական խօսք ուղղեց Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին , որ դժուարին պայմաններու մէջ գրկաբաց ընդունեց Եղեռնէն ճողոպրած հայութիւնը եւ ծաղկելու առիթ տուաւ անոր։ Եզրափակելով Իւզպաշեան յայտնեց, որ հայ եւ սուրիացի ժողովուրդները նոյն թշնամիին ծաւալապաշտական նկրտումներուն դէմ կը պայքարին ու պիտի շարունակեն պայքարիլ մինչեւ որ իրականութիւն դարձնեն անկատար տենչերը: Ան երախտագիտական խօսք ուղղեց Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին՝ հայ համայնքին դերն ու մասնակցութիւնը բարձրօրէն գնահատելուն եւ անոր զօրավիգ կանգնելուն համար:
Օրուան բանախօս ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ ընկ. Արթուր Ղազարեան ակնարկ մը նետեց ՀՅԴ հիմնադրութեան ու պատմութեան բոլոր փուլերուն վրայ, դիտել տալով որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հայոց հողին համար պայքարի տարիներուն ծնունդ առաւ եւ մղուեցաւ պայքարի՝ յանուն հայ հողին եւ հայ մարդուն։
Ապա ան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան գործունէութեան, տարբեր իշխանութիւններու շրջանին թէ՛ որպէս ընդդիմադիր եւ թէ որպէս Համախոհական կառավարութեան անդամ գործունէութեան, լուսարձակի տակ առաւ ՀՅԴ-ի ջանքերով իրականացած սահմանադրական փոփոխութիւնները, թուրք-հայկական արձանագրութիւններու ստորագրման մերժումը, երկիրի ղեկավարման համակարգը խորհրդարանական դարձնելու ուղղուած ջանքերը, Արցախի եւ Հայ Դատի ուղղութեամբ Դաշնակցութեան մղած պայքարը եւ այլն:
Բանախօսը ողջունեց հալէպահայ դիմացկուն գաղութը, դիտել տալով, որ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայեր նոր մշակոյթ բերին երկրին, ապա կոչ ուղղեց հալէպահայութեան պահպանել իր կազմակերպ կեանքն ու ազգային առողջ գիտակցութիւնը, գործել նոյն խանդավառութեամբ ու ազգային արժէքներու հաւատարմութեամբ ու լծուիլ աշխատանքի՝ վերականգնելու հեքիաթային, հրաշք Հալէպը։
Աւարտին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի խօսքը ընթերցեց Տէր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան: Սրբազան հայրը շնորհաւորելով Դաշնակցութեան 128-ամեակը դիտել կու տար որ ամեակները ոչ միայն պատմութիւնը յիշելու այլ վերակազմակերպուելու ու նորոգուելու առիթ են: «Անբաւարար է միմիայն յայտարարել, որ կը հաւատանք երիտասարդ նոր բացուող սերունդին, անհրաժեշտ է ու պարտաւոր ենք վստահիլ անոնց կարողականութեան, իմացականութեան եւ նախաձեռնող ոգիին ու կամքին, ըստայնմ նոյնպէս փոխանցել անոնց լուրջ կոչուած պարտականութիւններ, որ նորոգեն իրենց ու մեր կեանքը, կազմակերպութեան եւ ազգին գործելաոճը, որպէսզի ՀՅԴ-ն կազմակերպ իր շարքերով, հաւաքաբար յաղթահարէ իր դիմաց ծառացող դժուարութիւնները եւ յաղթական դուրս գայ», կը գրէր Տէր Շահան:
Ընթերցուեցան այս առիթով ուղղուած հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու շնորհաւորագրերը:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան «Մշակ բանուոր» քայլերգով։
Մանրամասնութիւնները՝ «Գանձասար»ի Դեկտեմբեր Գ. Համարով: