կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2016-12-19 17:54
Հասարակություն

ՀՅԴ 126-ամյակը՝ Հոլանդիայում

ՀՅԴ 126-ամյակը՝ Հոլանդիայում

Աղբյուրը՝ aztagdaily

Իւրաքանչիւր տարեվերջի աւանդութիւն դարձած է հրապարակային նշում կատարել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տարեդարձին առիթով` տարբեր գաղութներու, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ:

Բնականաբար յարաբերաբար նոր գաղութները եւս անմասն չեն մնար այս աւանդութենէն: Վկա՛յ Հոլանտայի հայ գաղութը, որ սրընթաց կերպով կ՛աճի, կը բազմանայ ու ինքնաբերաբար ուժեղ պահանջ կը զգայ կազմակերպուելու եւ արդէն իսկ հետզհետէ կը կազմակերպուի լրջօրէն, ոչ միայն ներազգային, այլեւ քաղաքական առումով: Ամսթերտամ, Ռոթերտամ, Լահէյ, Ալքմաար, Ութրեխթ, Առնհէյմ քաղաքներուն մէջ եթէ հայեր կան նկատառելի ու հետզհետէ բազմապատկուող քանակով, ապա Ալմելոյի մէջ կայ համախումբ ու կազմակերպուած գաղութ, ուր աշխուժօրէն կը գործեն` հայ եկեղեցին, Հայ դատը, ՀՄԸՄ-ը եւ ՀՅԴ Արամ Մանուկեան կոմիտէութիւնն ու ՀՅԴ Գարեգին Նժդեհ Երիտասարդական Միութիւնը:

Շաբաթ, 10 դեկտեմբերի երեկոյեան, Ալմելոյի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ հոլանտահայ գաղութը հանդիսաւորապէս նշեց ՀՅԴ 126-ամեակը` ժողովրդային սքանչելի ներկայութեամբ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Հանդիսութիւնը յատուկ ու բարձր ոճով վարեցին Շաքէ Արամեանը եւ Լիպարիտ Սիմոնեանը:

ՀՅԴ Արամ Մանուկեան կոմիտէի խօսքը արտասանեց ներկայացուցիչ Մինաս Արսէնեան, որ շեշտը դրաւ Հոլանտայի մէջ Հայ դատի աշխատանքները եւ գաղութային կեանքը յաւելեալ կազմակերպելու հրամայականին վրայ, հաստատելով, որ ՀՅԴ, ինչպէս միշտ, այսօր եւս կը գտնուի այս իմաստով առաջին գիծի վրայ եւ պատրաստ է ստանձնելու առաջնորդողի իր պարտականութիւնը` համախմբելով անխտիր բոլո՛րը:

Գեղարուեստական բաժինով բացառիկ ելոյթ ունեցան Զաւէն Զաքարեան եւ Նայիրի Մովսէսեան: Առաջինը առնական ու կուռ կատարողութեամբ մեկնաբանեց Սիամանթոյէն ծաղկաքաղ մը, իսկ երկրորդը քնքուշ կատարողութեամբ ապրեցուց Պարոյր Սեւակը` ծաղկաքաղի մը ընդմէջէն:

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի պատգամը տուաւ Հրաչ Վարժապետեան` շեշտադրելով Եւրոպայի տարածքին թրքական յարձակողապաշտ ու հակահայ քաղաքականութեան ըստ արժանւոյն ու համապատասխան քայլերով հակազդելու լրջութեան վրայ` քաղաքական, դիւանագիտական թէ հասարակական մակարդակներու վրայ հաւասարապէս, ընդգծելով այս առումով միասնական ու համադրուած աշխատանքային բաժանման կարեւորութիւնը` հայրենի դիւանագիտական մեքենային եւ Հայ դատի միաւորներուն միջեւ, վերահաստատելով ՀՅԴ-ի անվերապահ համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը:

ՀՅԴ Գարեգին Նժդեհ Երիտասարդական Միութեան խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Փոլոյեան: Ան խոստացաւ գաղափարական հենքով ու կազմաւորումով շարունակել ծառայել հայ ժողովուրդին, մինչեւ մեր բոլոր նպատակներուն յաջողութեամբ պսակումը, ինչպէս նաեւ միութեան ամբողջ ներուժը դնել ի սպաս գաղութի կարիքներուն:

Օրուան բանախօս, Պէյրութէն յատուկ հրաւիրուած` «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան Դաշնակցութեան գաղափարական եւ քաղաքական աշխարհահայեացքով վերլուծեց ներկայ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, Հայաստանի ու հայութեան հիմնահարցերը, կատարելով յստակ մատնանշումներ եւ առաջադրանքներ` արդիական ներկայ մթնոլորտին հետ քայլ պահելու հիմնական ուղղուածութեամբ, առանց որուն` կարելի չէ յաղթական կէտեր արձանագրել որեւէ մարզի մէջ, որեւէ մակարդակի վրայ:

Դիպուկ էր Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեանի խօսքը (արտասանուած` հիւպատոս Անդրանիկ Գրիգորեանի կողմէ)` ուղղուած հանդիսութեան: Դաշնակցութեան անցեալը, ներկան ու ապագան ամենայն առարկայականութեամբ մեկնաբանող Հայաստանի ներկայացուցիչին ուղերձը լաւագոյնս կ՛արժեւորէր Դաշնակցութեան դերն ու տեղը հայ ազգային-քաղաքական կեանքին մէջ:

Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ հայր Արէն Շահինեան, որ յայտնելէ ետք Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի յատուկ ողջոյններն ու շնորհաւորութիւնները սոյն հանդիսութեան առիթով, գօտեպնդիչ ու ոգեւորիչ ամփոփումով վեր առաւ Դաշնակցութեան գծած ուղին` ամբողջ 126 տարի, մաղթելով նորանոր իրագործումներ` յանուն ազգի ու հայրենիքի:

Հուսկ, տպաւորիչ երեկոն աւարտեցաւ յեղափոխական երգերու ելոյթով, կատարողութեամբ Յակոբ Եաղլըճեանի, որուն ամբողջ սրահը եւ յատկապէս երիտասարդութիւնը յոտնկայս ընկերակցեցան, թնդացնելով սրահը եւ մթնոլորտը հասցնելով գագաթնակէտին:

Հոլանտայի մէջ ՀՀ դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեանի Ուղերձը ՀՅԴ 126-Ամեակին Առիթով

Իր պատմութեան ողջ ընթացքում Դաշնակցութիւնը առերեսուել է համազգային նշանակութեան բարդագոյն խնդիրների լուծմանը: Լինէր դա օտարի բռնակալութեան ներքոյ ապրող յուսահատ ժողովրդի համար ազատագրական տեսլականի մշակումը, օսմանեան հայասպան քաղաքականութեան դէմ ինքնապաշտպանական մարտերի կազմակերպումը, ծանրագոյն ընկերային-տնտեսական պայմաններում, դարեր շարունակ անկախութիւն չունեցող երկրում պետականութեան հաստատութիւնների կայացումը, մայր հայրենիքից կտրուած հայապահպանութեան առաքելութեան իրականացումը, հայ ժողովրդի արդարացի պահանջները միջազգային օրակարգում պահելը, ինքնաշէն զէնքերով արցախեան գոյամարտին լծուելը, նորանկախ Հայաստանի քաղաքական համակարգում արժանի տեղը զբաղեցնելը:

Միանշանակ կարելի է պնդել, որ Դաշնակցութիւնը պատուով է դուրս եկել վերը նշուած խնդիրների լուծումից: Պատուով է դուրս եկել, քանզի այս ծանր մարտահրաւէրներին առերեսուել է գաղափարական ամուր հենքով, կուռ կազմակերպչական կառուցուածքով, մեծ հայրենասիրութեամբ եւ գործին նուիրուածութեամբ, երբեք չի խուսափել պայքարի առաջնագծում լինելուց եւ իր վրայ պատասխանատուութիւն վերցնելուց:

Անգնահատելի է Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը 1918թ. մայիսեան յաղթանակների եւ դրանց արդիւնքում Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման գործում: Նոյնքան անգնահատելի է դաշնակցական ջոկատների աւանդը հայ ժողովրդի նորագոյն պատմութեան մեծագոյն յաղթանակում` արցախեան գոյամարտում: Շահէն Մեղրեանը, Պետրոս Ղեւոնդեանը եւ շատ ուրիշներ իրենց քաջութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ ցոյց են տուել, որ հայ ժողովրդի ազատատենչ ոգու առջեւ անզօր են թուաքանակով եւ զինատեսակներով գերազանցող, վարձկաններով եւ ահաբեկիչներով իրենց շարքերը համալրած բանակներն անգամ:

Այսօր էլ Դաշնակցութեան առջեւ ծառացած խնդիրները պակաս կարեւոր չեն` Հայաստանում ընթացող բարեփոխումների գործընթացին, սփիւռքում հայ ինքնութեան պահպանութեան գործին աշխուժ մասնակցութիւնը, օտար հասարակութիւններում եւ քաղաքական շրջանակներում համահայկական խնդիրների վերաբերեալ իրազեկուածութեան բարձրացումը: Յուսով ենք, որ դաշնակցականների նոր սերունդը եւս, իր նախնիների խիզախութիւնն ու հայրենասիրութիւնը ժառանգած, կը կարողանայ կուսակցութեան դրօշը տանել դէպի նորանոր բարձունքներ:

Վստահ ենք, որ ՀՅԴ Հոլանտայի կառոյցները` «Արամ Մանուկեան» կոմիտէն, Հայ դատի գրասենեակը, Հոլանտայի ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութիւնը, ՀՄԸՄ-ը եւս պատրաստ են լինելու այս պայքարի առաջամարտիկները:

Ընդունուած ճշմարտութիւն է` Հայաստանն ուժեղ է ամուր սփիւռքով, իսկ սփիւռքն ամուր է, երբ կենսունակ եւ համախմբուած են սփիւռքեան կառոյցները: Համահայկական նշանակութեան խնդիրների լուծումը` արցախեան հիմնահարցի արդարացի կարգաւորումը, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը, Հայաստանի հետագայ հզօրացումն ու բարգաւաճումը, հայրենիք-սփիւռք կապերի ամրապնդումը, տարբեր երկրներում վտանգի մէջ գտնուող հայկական համայնքներին աջակցելու եւ մեր մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերը պահանջում են սփիւռքեան կառոյցների, այդ թւում` հոլանտահայութեան աշխուժ եւ համախմբուած մասնակցութիւնը: Նախորդ տարի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, հոլանտահայութիւնն ապացուցել է, որ ունի բաւարար ներուժ եւ կամք` իրականացնելու համահայկական նշանակութեան առաքելութիւն: Զարմանալի չէ, որ Հոլանտայի ՀՅԴ կառոյցները այս անգամ եւս հոլանտահայ այլ կազմակերպութիւնների հետ միասին պայքարի առաջնագծում էին:

Տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք,

Մեծանուն հասարակական-քաղաքական գործիչ, դաշնակցական Նիկոլ Աղբալեանն իր հարազատ կուսակցութեան մասին գրել է. «Դաշնակցութիւնը համամիտ մարդկանց մի պատահական խմբաւորում չէ, այլ մի կազմակերպութիւն է, այսինքն մի մնայուն մարմին է, որ ամէն օր, ամէն ժամ իր գործն ունի եւ հետապնդում է իր ծրագիրը»: Եւս մէկ անգամ շնորհաւորելով ՀՅԴ հիմնադրման 126-րդ տարեդարձի առթիւ, ցանկանում եմ մաղթել` տոկունութիւն` մշտապէս մնալու գաղափարի մարտիկ, պատուով կրելու դաշնակցականի անունը եւ շարունակելու ձեր քաջարի նախնիների յաղթական երթը` ի շահ Հայաստանի, ի շահ համայն հայութեան: