Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ Asbarez
Կիրակի, 11 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 126ամեակի տօնակատարութիւնը:
ՀՄԸՄի շեփորախումբին եւ սկաուտներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն եւ Հայաստանի ու ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգներու ունկնդրութիւն:
Օրուան հանդիսավար Գաբօ Սոմունճեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս կանգնելու՝ յարգելու համար յիշատակը ՀՅ Դաշնակցութեան բոլոր հանգուցեալ ընկերներուն եւ նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին յանուն հայ ժողովուրդին:
ՀՅԴ «Մ. Փափազեան», «Ս. Զէյթլեան» կոմիտէներու եւ «Ա. Գարօ» Ուսանողական Միութեան կողմէ հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Գաբօ Սոմունճեան: Ողջունելէ ետք ներկաները ան ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան հակիրճ պատմականը։
Բացման խօսքին յաջորդեց ասմունք՝ Ժագ Յակոբեանի «Յաղթերգութիւնը», Սոնա Թիթիզեանի կողմէ: Ապա տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութիւններէն ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան շարքերը փոխանցման արարողութիւն: 42 պատանիներ կատարեցին իրենց խոստումը՝ ծառայելու եւ նուիրուելու հայ ժողովուրդին, ՀՅԴ ԳԵՄի շարքերուն անդամակցելով:
ՀՅԴ ԳԵՄի «Լ. Շան»չ եւ «Բ. Աշոտ» մասնաճիւղերու անունով խօսք առաւ Ժան-Յակոբ Չուխաճեան, որ ողջունեց ԳԵՄի շարքերը փոխանցուող ընկերները, շեշտելով որ այս քայլը վճռական դարձակէտ մը պիտի ըլլայ իրենց կեանքին մէջ, ուր պիտի անցընեն իրենց դաշնակցական կեանքի յաջորդ հանգրուանը՝ շարունակելով իրենց աշխատանքները ՀՅ Դաշնակցութեան հովանիին տակ:
Օրուան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները՝ նշեց, որ ՀՅԴն ծնունդ առաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն օրհասական եւ դժուար օրերուն: ՀՅԴն կիսեց իր ժողովուրդի գողգոթան եւ առաջնորդեց իր ժողովուրդը մերժելու յուսահատութիւնը, մահը եւ նայելու ճակատագիրի աչքերուն մէջ եւ փոխելու զայն:
Ր. Տօնապետեան հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ինչպէս անցեալին, այսօր եւ վաղը պիտի շարունակէ Հայաստանի ու հայութեան հանդէպ իր անսակարկ ծառայութիւնը: Ան նաեւ շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը միշտ կարեւոր նկատած է հայութեան հզօրութեան բոլոր կռուանները, մանաւանդ հայկական զինուած ուժերը եւ հայրենիքի պաշտպանութիւնը: Այս ծիրէն ներս ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը արդէն իսկ կնքած են համաձայնագիր եւ ՀՅԴն իր կամաւորներու ցանկը դրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տրամադրութեան տակ, անգամ մը եւս վերահաստատելու համայն հայ ժողովուրդին ծառայելու իր տեսլականը:
Ր. Տօնապետեան նաեւ անդրադարձաւ Գանատայի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութեան եւ յատկապէս Գանատայի տարածքին հայկական գաղութներու կազմաւորման մէջ ունեցած իր դերակատարութեան: Ընկերը ներկայացուց միութեան կողքին գործող հայկական եկեղեցին, միութիւնները, Հայ Դատի աշխատանքները եւ կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»ը:
Օրուան հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանը փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Սրբազանը շեշտեց, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը բնական արդիւնքն էր հայ ժողովուրդի անբնական կեանքի պայմաններուն: Ան ըսաւ, որ ծառայութիւնը աստուածային պարգեւ է մարդուն, ինչպէս՝ ազատութիւնը: Սակայն կարեւորը այն է, թէ մարդ ինչպէ՞ս կ՛ապրի այդ ազատութիւնը եւ կը պայքարի պահելու իր ազատութիւնը. նաեւ կարեւոր է, թէ մարդ ինչպէ՞ս կը դրսեւորէ եւ կ՛արժեւորէ ծառայութիւնը իր անհատական, ընտանեկան, հաւաքական, ընկերային եւ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս: ՀՅ Դաշնակցութեան 126ամեակը առիթ մըն է մտածելու այս կուսակցութեան 126 տարուան գործունէութեան, գաղափարախօսութեան եւ պայքարին մասին:
Իր խօսքը աւարտելով Բաբգէն արք. Չարեան շնորհաւորեց ՀՅ Դաշնակցութեան ընտանիքը ընդհանրապէս եւ Գանատայի ՀՅԴի ընտանիքը յատկապէս եւ մաղթեց շարունակել ժողովուրդի ծառայութեան իր յանձնառութեան նուիրական առաքելութիւնը՝ ի խնդիր մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման:
Ձեռնարկի աւարտին ազգային-յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան հիւր երգիչներ Սագօ Թաշճեան եւ Գօգօ Թիւթիւնճեան: