կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-05-28 14:49
Հասարակություն

28 Մայիս 1918. Հայ ժողովուրդն արյամբ նվաճեց ազատ, անկախ և միացյալ ապրելու իր իրավունքը

28 Մայիս 1918. Հայ ժողովուրդն արյամբ նվաճեց ազատ, անկախ և միացյալ ապրելու իր իրավունքը

Աղբյուրը` arfd.am

Մա­յիս 28ին, 100 տա­րի ա­ռաջ, Ա­րա­րա­տեան դաշ­տին մէջ, հայ ժո­ղո­վուր­դը սե­փա­կան ու­ժով պար­տու­թեան մատ­նեց թրքա­կան աս­պա­տակ զօր­քե­րը եւ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս, այ­լեւ հե­րո­սա­կան ա­րեամբ նո­ւա­ճեց ա­զատ, ան­կախ ու միա­ցեալ ապ­րե­լու իր ի­րա­ւուն­քը։

1918 թո­ւի ­Մա­յիս 25ին ­Սար­դա­րա­պա­տի, իսկ յա­ջորդ օ­րե­րուն նաեւ ­Բաշ-Ա­պա­րա­նի եւ Ղա­րա­քի­լի­սա­յի ճա­կատ­նե­րուն վրայ, թրքա­կան բա­նա­կի ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նը կա­սեց­նե­լով, թշնա­մին նա­հան­ջի մղե­լով եւ դէ­պի յա­ռաջ շար­ժե­լով՝ հայ­կա­կան ու­ժե­րը — զօ­րա­յին­ներ թէ կա­մա­ւո­րա­կան­ներ — փաս­տօ­րէն շրջե­ցին հա­յոց պատ­մու­թեան վեց դա­րե­րու թա­ւալգ­լոր ան­կու­մի ըն­թաց­քը եւ բա­ցին, հայ­րե­նի հո­ղին վրայ, ազ­գա­յին ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեամբ ա­զա­տօ­րէն ապ­րե­լու եւ զար­գա­նա­լու պայ­ծառ հո­րի­զո­նը։

Ե­րեք ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րուն վրայ ալ, ­Մա­յիս 28ին, պար­տու­թեան մատ­նո­ւած թրքա­կան զօր­քե­րը խու­ճա­պա­հար նա­հան­ջի դի­մե­ցին, իսկ հայ­կա­կան ու­ժե­րը սկսան կրնկա­կոխ հա­լա­ծե­լու թշնա­մին։

28 ­Մա­յիս 1918ի օրհ­նա­բեր այդ օ­րը, Ա­րա­րա­տեան դաշ­տին մէջ ծո­ւա­րած բուռ մը հա­յու­թիւ­նը, ող­բի ու որ­բի հայ­րե­նի­քի վե­րա­ծո­ւած պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի այդ փոքր հո­ղակ­տո­րին վրայ, յաղ­թա­հա­սակ ու հպարտ ճա­կա­տով տօ­նեց մեր դա­րա­ւոր ե­րա­զին ի­րա­կա­նա­ցու­մը:

Հայ ժո­ղո­վուր­դը ի վեր­ջոյ յա­ջո­ղե­ցաւ սե­փա­կան ու­ժով պաշտ­պա­նել իր հողն ու ա­զատ եւ ան­կախ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը։

Հե­րո­սա­կան այդ յաղ­թա­նա­կի ընդ­հա­նուր ո­գին լա­ւա­գոյնս խտա­ցու­ցած է ա­տե­նի հայ­կա­կան զօր­քե­րու Ս­պա­յա­կոյ­տին կող­մէ ­Մա­յիս 28ին հրա­պա­րա­կո­ւած հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը.- «­Թիւր­քե­րը, ե­րեք օ­րո­ւայ կռիւ­նե­րից յե­տոյ, ջար­դո­ւած են եւ նա­հան­ջում են հապ­ճե­պով։ Ն­րանց զօ­րա­մա­սե­րը բաժ­նուած են ե­րեք խմբե­րի։ Ա­ռա­ջի­նը՝ Ա­լա­գեոզ կա­յա­րա­նից նա­հան­ջում է դէ­պի Ա­նի կա­յա­րա­նը, երկ­րոր­դը՝ ­Ղըմզ­լու եւ եր­րոր­դը՝ Աղ­ջա-­Կա­լա։ ­Մեր զօ­րա­մա­սե­րը քայլ առ քայլ հե­տապն­դում են նրանց։ Ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի է»։

Ա­րա­րա­տեան դաշ­տի հա­յու­թիւ­նը եւ Ե­րե­ւան կեդ­րո­նա­ցած հայ­կա­կան ու­ժե­րու ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը՝ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, պատ­մա­կան այդ օ­րե­րուն աշ­խար­հէն լքո­ւած էին՝ դէմ յան­դի­ման ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը իր ա­ւար­տին հասց­նե­լու ա­տե­լու­թեամբ եւ կա­տա­ղու­թեամբ լե­ցո­ւած թրքա­կան զօր­քե­րու գրո­հին։

Ինչ­պէս օր­հա­սա­կան դի­մադ­րու­թեան սկզբնա­կան օ­րե­րուն, նոյն­պէս եւ ­Մա­յիս 28ին, յաղ­թա­նա­կի դա­րա­կազ­միկ այդ պա­հուն, ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան կեան­քին ընդ­հա­նուր ղե­կը տա­կա­ւին կեդ­րո­նա­ցած կը մնար ­Թիֆ­լի­սի մէջ, ուր ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դը կը դի­մագ­րա­ւէր բո­լո­րո­վին տար­բեր, այ­լեւ ծան­րակ­շիռ կա­ցու­թիւն։

Ռու­սաս­տա­նի մէջ ­Ցա­րա­կան կայ­սե­րա­պե­տու­թեան ան­կու­մէն ու քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի բռնկու­մէն օգ­տո­ւե­լով՝ թափ ա­ռած էր ­Պա­քո­ւի նաւ­թա­հո­րե­րուն տի­րա­նա­լու նպա­տա­կով թուր­քեւ­գեր­ման միա­ցեալ գրո­հը։ Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­վա­րա­կան վե­րի­վայ­րում­նե­րու այդ օր­հա­սա­կան մթնո­լոր­տին մէջ, ­Թիֆ­լիս կեդ­րո­նա­ցած վրա­ցի, ա­զե­րի եւ հայ ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը, Անդր­կով­կա­սեան ­Սէյ­մի կա­ռա­վա­րու­մը ստանձ­նած ըլ­լա­լով, Մա­յի­սի վեր­ջին տաս­նօ­րեա­կին կանգ­նած էին բախ­տո­րոշ ընտ­րանք­նե­րու առ­ջեւ։

Ան­կա­խա­բար ­Ռու­սաս­տա­նի պոլ­շե­ւի­կեան իշ­խա­նու­թեանց հետ ի­րենց ու­նե­ցած տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րէն, Անդր­կով­կա­սեան ­Սէյ­մի կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած ե­րեք ազ­գերն ալ սուր հա­կադ­րու­թեանց մէջ էին ի­րա­րու հան­դէպ։
— Ա­զե­րի-թա­թար թրքու­թիւ­նը ա­մէ­նուր պար­զած էր ապս­տամ­բու­թեան եւ թրքա­կան ար­շա­ւող զօր­քին հետ միա­նա­լու դրօշ՝ ոչ միայն Իթ­թի­հատ-­Մու­սա­ւա­թի մշա­կած «ան­կախ Ատր­պէյ­ճան»ը ի­րա­կա­նաց­նե­լու, այ­լեւ՝ հա­յա­պատ­կան հո­ղեր հա­մաթր­քա­կան խմո­րո­ւող պե­տու­թեան կցե­լու նպա­տա­կով։

— Վ­րա­ցիք ա­մէն գնով կ­þու­զէին կան­խել պոլ­շե­ւի­կեան դրօ­շով ու կար­միր հա­մազ­գես­տով Անդր­կով­կաս վե­րա­դար­ձող ռու­սա­կան տի­րա­կա­լու­թիւ­նը։ Ար­դէն գաղտ­նի բա­նակ­ցու­թեանց մէջ էին տա­կա­ւին տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս գոր­ծող գեր­ման հրա­մա­նա­տա­րու­թեան հետ։ ­Նաեւ՝ ­Ջա­ւախ­քի եւ ­Լո­ռիի հայ­կա­կան շրջան­նե­րը վրա­ցա­կան գե­րիշ­խա­նու­թեան են­թար­կե­լու ա­խոր­ժակ­ներ կը սնու­ցա­նէին, հա­մա­պա­տաս­խա­նա­բար թրքա­կան զօր­քի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան հետ գաղտ­նի գոր­ծար­քի մէջ մտնե­լով։ Ա­զե­րի-թա­թար­նե­րու եւ վրա­ցի­նե­րու հա­կա­ռու­սա­կան այ­սօ­րի­նակ հա­շիւ­նե­րուն եւ ա­խոր­ժակ­նե­րուն դէմ յան­դի­ման՝ ­Սէյ­մի ղե­կա­վա­րու­թեան հայ­կա­կան թե­ւը, որ ինչ­պէս ­Թիֆ­լի­սի ու Ե­րե­ւա­նի Ազ­գա­յին ­Խոր­հուրդ­նե­րուն մէջ, նաեւ այս պա­րա­գա­յին մե­ծա­մաս­նու­թեամբ դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րէ կը բաղ­կա­նար եւ կը հե­տե­ւէր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ու­ղե­գի­ծին, ծան­րակ­շիռ ընտ­րանք կա­տա­րե­լու նեղ դրու­թեան մէջ յայտ­նո­ւած էր։

Նախ իր Ծ­րագ­րով իսկ, ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը Ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար կ­þա­ռա­ջադ­րէր ա­մէ­նէն լայն ա­պա­կեդ­րո­նա­ցու­մով ինք­նա­վա­րու­թիւն՝ դաշ­նակ­ցա­յին կա­պե­րով մաս կազ­մե­լով հա­մա­ռու­սա­կան պե­տա­կան ամ­բող­ջու­թեան։ Այդ հի­մուն­քով ալ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը մաս­նակ­ցած էր ­Փետ­րո­ւար 1917ի ­Ռու­սա­կան մեծ յե­ղա­փո­խու­թե­նէն ետք կա­տա­րո­ւած խորհր­դա­րա­նա­կան բո­լոր ընտ­րու­թիւն­նե­րուն եւ ար­ժա­նա­ցած էր Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի թէ ­Ռու­սաս­տա­նով մէկ ցրո­ւած հայ­կա­կան հոծ շրջան­նե­րու ջախ­ջա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թեան վստա­հու­թեան քո­ւէին։ Այդ վստա­հու­թեան դրա­մագ­լու­խով ալ կը ներ­կա­յաց­նէր հայ ժո­ղո­վուր­դին շա­հե­րը Անդր­կով­կա­սեան ­Սէյ­մին մէջ, ուր նախ չէր բաժ­ներ ա­զե­րի­նե­րու եւ վրա­ցի­նե­րու հա­կա­ռու­սա­կան ձգտում­նե­րը։ Ա­պա՝ կը դի­մագ­րա­ւէր թուր­քե­րուն հետ ա­զե­րի­նե­րու ու վրա­ցի­նե­րու մեր­ձեց­ման ծան­րա­գոյն վտան­գը, ո­րով­հե­տեւ ­Թուր­քիան մէկ աչ­քով կը նա­յէր դէ­պի ­Պա­քու՝ հա­մաթրքա­կան պե­տու­թեան իր ցնոր­քը ի­րա­գոր­ծե­լու, իսկ միւս աչ­քով Ե­րե­ւա­նին ու Զան­գե­զու­րին՝ պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի վեր­ջին բե­կոր­նե­րը եւս ցե­ղաս­պա­նու­թեամբ հա­յա­թա­փե­լու եւ բռնագ­րա­ւե­լու նկրտում­նե­րով։
Մա­նա­ւանդ որ ­Մա­յիս 21էն սկսեալ թրքա­կան բա­նա­կը ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նի ան­ցած էր Ե­րե­ւա­նի ուղ­ղու­թեամբ եւ վճռած էր փշրել հայ ժո­ղո­վուր­դի ող­նա­շա­րին վեր­ջին կռո­ւա­նը։

Պա­թում նստած թրքա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը ա­նընդ­հատ կը ճնշէր ­Սէյ­մի վրայ, որ­պէս­զի Անդր­կով­կա­սը ան­կա­խու­թիւն հռչա­կէ ­Ռու­սաս­տա­նէն։

Հե­տե­ւա­բար, մինչ Ա­րա­րա­տեան դաշ­տի հա­յու­թիւ­նը կե­նաց-մա­հու իր կռի­ւէն յաղ­թա­կան դուրս կու գար, ան­դին ­Պա­թու­մի մէջ ծանր բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կ­þըն­թա­նա­յին դէ­պի ­Պա­քու ուղ­ղո­ւող թրքա­կան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան եւ Սէյ­մի կա­ռա­վա­րու­թեան խառն պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մի­ջեւ։

Մա­յիս 26ին ընդ­մի­ջո­ւե­ցան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը եւ ­Սէյ­մի կա­ռա­վա­րու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը վե­րա­դար­ձաւ ­Թիֆ­լիս՝ իր ձեռ­քին ու­նե­նա­լով թրքա­կան կող­մի վերջ­նա­գի­րը, որ մէկ կող­մէ կը պա­հան­ջէր, քա­նի մը օ­րո­ւան պայ­մա­նա­ժա­մով, ­Սէյ­մի ան­կա­խա­ցու­մը ­Ռու­սաս­տա­նէն, իսկ միւս կող­մէ՝ ­Ջա­ւախ­քի եւ ­Նա­խի­ջե­ւա­նի վրա­յով թրքա­կան զօր­քե­րու ա­զատ տե­ղա­փո­խու­թիւ­նը դէ­պի ­Պա­քու։

Սէյ­մը ­Մա­յիս 26ի նոյն օրն իսկ ժո­ղով գու­մա­րեց, որ­պէս­զի ո­րո­շէ թրքա­կան վերջ­նագ­րին իր տա­լիք պա­տաս­խա­նը։ ­Բայց վրա­ցիք ար­դէն գաղտ­նի հա­մա­խո­հու­թեան մը ե­կած էին թրքա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան նա­խա­գահ ­Խա­լիլ փա­շա­յի հետ։ Առ այդ, վրա­ցի խորհրդա­րա­նա­կան­նե­րը ժո­ղո­վէն պա­հան­ջե­ցին լու­ծա­րու­մը ՍԷյ­մին։ Ա­զե­րի-թա­թար­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս հա­մա­ձայն էին եւ միայն հայ­կա­կան կողմն էր, որ պնդեց լու­ծար­ման քայ­լին վտան­գա­ւո­րու­թեան վրայ՝ ընդ­դի­մա­նա­լով նման ո­րո­շու­մի մը կա­յաց­ման։

Այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ վրա­ցիք ­Մա­յիս 26ին հրա­պա­րա­կե­ցին ի­րենց սե­փա­կան ընտ­րան­քը կա­տա­րե­լու ո­րո­շու­մը եւ հռչա­կե­ցին Վ­րաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը։

Յա­ջորդ օր՝ ­Մա­յիս 27ին ա­զե­րի-թա­թար­նե­րը դի­մե­ցին միեւ­նոյն քայ­լին եւ հռչա­կե­ցին Ատր­պէյ­ճա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը։
Հայ­կա­կան կող­մը գտնո­ւե­ցաւ կա­տա­րո­ւած ի­րո­ղու­թեան առ­ջեւ։ ­Մա­յիս 27ի ամ­բողջ գի­շե­րը եւ մին­չեւ ­Մա­յիս 28ի լոյս ա­ռա­ւօ­տը, բուռն քննար­կում­ներ կա­տա­րո­ւե­ցան բո­լոր շրջա­գի­ծե­րով՝ թէ՛ ­Սէյ­մի մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած գոր­ծիչ­նե­րու, թէ՛ Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դի, թէ՛ Դաշ­նակ­ցու­թեան թիֆ­լի­սեան կա­ռոյց­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Այդ քննար­կում­նե­րու ար­դիւն­քով՝ ո­րո­շո­ւե­ցաւ մեկ­նա­կէտ ըն­դու­նիլ ­Սէյ­մի լու­ծար­ման փաս­տը եւ Անդր­կով­կա­սի ան­կա­խա­ցու­մը Ռու­սաս­տա­նէն, ինչ որ ան­խու­սա­փե­լի կը դարձ­նէր Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան հռչա­կու­մը…

Այդ հի­ման վրայ, հայ­կա­կան յա­տուկ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը ան­մի­ջա­պէս ղրկո­ւե­ցաւ Պա­թում, որ­պէս­զի բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րէ ­Խա­լիլ փա­շա­յի ղե­կա­վա­րած թրքա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ։

Մինչ այդ թրքա­կան նա­հան­ջող զօր­քե­րուն դէմ թափ ա­ռած էր հայ­կա­կան զօր­քե­րու ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նը, ո­րով­հե­տեւ թրքա­կան գրաւ­ման տակ էր տա­կա­ւին Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը չէր հա­մա­կեր­պած ­Կար­սի կո­րուս­տին…
Ընդգ­ծե­լի է, որ հայ­կա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը ­Պա­թում ու­ղար­կե­լու այդ ո­րո­շու­մը նկա­տո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը ի­րո­ղա­պէս հռչա­կե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն եւ ­Մա­յիս 28ը, այդ­պի­սով, հռչա­կո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան Օ­րը։

Իսկ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ի­րա­ւա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Մա­յիս 30ին՝ ­Թիֆ­լի­սի ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դի հե­տե­ւեալ պատ­մա­կան յայ­տա­րա­րու­թեամբ, որ Ան­կա­խու­թեան մա­սին խօսք չու­նէր, այլ բա­ռա­ցիօ­րէն կը բա­ւա­րա­րո­ւէր հայ­կա­կան շրջան­նե­րու ինք­նիշ­խա­նու­թեան հռչա­կու­մով.-

«Անդր­կով­կա­սի քա­ղա­քա­կան ամ­բող­ջու­թեան լու­ծու­մով եւ Վ­րաս­տա­նի ու Ազր­բե­ջա­նի ան­կա­խու­թեան հռչա­կու­մով ստեղ­ծո­ւած նոր դրու­թեան հան­դէպ՝ ­Հա­յոց Ազ­գա­յին Խոր­հուր­դը ի­րեն յայ­տա­րա­րում է հայ­կա­կան գա­ւառ­նե­րի գե­րա­գոյն եւ միակ իշ­խա­նու­թիւն։ Ո­րոշ ծան­րակ­շիռ պատ­ճառ­նե­րով թող­նե­լով մօ­տիկ օ­րե­րը կազ­մել հա­յոց ազ­գա­յին կա­ռա­վա­րու­թիւն՝ Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դը ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս ստանձ­նում է կա­ռա­վա­րա­կան բո­լոր ֆունկ­ցիա­նե­րը՝ հայ­կա­կան գա­ւառ­նե­րի քա­ղա­քա­կան եւ վար­չա­կան ղե­կը վա­րե­լու հա­մար»։

Այս­պի­սի՛ն ե­ղաւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան եւ պե­տա­կան գե­րիշ­խա­նու­թեան ի­րա­ւա­կան հռչա­կու­մը, որ խոր­քին մէջ Ան­կա­խու­թեան յայ­տա­րա­րու­թե­նէ ա­ւե­լի՝ թրքա­կան գրո­հին դէմ հայ­կա­կան յաղ­թա­նա­կի կա­տա­րո­ւած փաս­տին ար­ձա­նագ­րու­թիւնն էր։
Այդ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը միա­ժա­մա­նակ հիմ­քը դար­ձաւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան եւ հա­յոց ա­զատ ու ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան ստեղծ­ման. ­Թիֆ­լի­սի ­Հա­յոց Ազ­գա­յին Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րու քա­ղա­քա­կան բա­ղադ­րու­թեան հի­ման վրայ, կազ­մո­ւե­ցաւ հա­յոց պե­տա­կան անդ­րա­նիկ օ­րէնս­դիր ժո­ղո­վը՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Խոր­հուր­դը, որ շու­տով ու­ղին պի­տի հար­թէր, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ընտ­րու­թեամբ, ­Հա­յաս­տա­նի անդ­րա­նիկ խորհր­դա­րա­նի կազ­մու­թեան։ ­Մա­յիս 28ի ­Յայ­տա­րա­րու­թեան հե­տե­ւե­ցաւ կազ­մու­թիւ­նը, Յով­հան­նէս ­Քա­ջազ­նու­նիի վար­չա­պե­տու­թեամբ, Հ.Հ. անդ­րա­նիկ կա­ռա­վա­րու­թեան։

Այս­պէ՛ս, հե­րո­սա­կան ա­րեամբ նո­ւա­ճե­լով 25-28 ­Մա­յիս 1918ի ­Մա­յի­սեան Յաղ­թա­նակ­նե­րը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը ­Մա­յիս 28ին ի­րո­ղա­պէս տի­րա­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան։

Այս ա­ռու­մով ­Մա­յիս 28ի խոր­հուր­դը լա­ւա­գոյնս կը խտաց­նէ Ս. Վ­րա­ցեան՝ իր կո­թո­ղա­կան «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն» գոր­ծին մէջ շեշ­տե­լով, որ՝

«Այս­պի­սով՝ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան յայ­տա­րա­րու­թեան օ­րը իս­կա­պէս պէտք է հա­մա­րո­ւէր ­Մա­յիս 30ը։ ­Հա­կա­ռակ դրան, հա­մար­ւում է ­Մա­յիս 28ը, այ­սինքն՝ այն օ­րը, երբ Ազգ. ­Խոր­հուր­դը վճռեց հաշ­տու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն ու­ղար­կել ­Պա­թում։ Ա­նուղ­ղա­կի կեր­պով, այս օրն էլ կա­րող է հա­մա­րո­ւել ան­կա­խու­թեան սկզբնա­ւո­րու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ թիւր­քե­րը հաշ­տու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­լու հա­մար նա­խա­պայ­ման էին դրել ան­կա­խու­թեան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը։ Ըն­դու­նե­լով թիւր­քե­րի պայ­մա­նը՝ Ազգ. Խոր­հուր­դը դրա­նով իսկ հաս­տա­տած էր լի­նում ան­կա­խու­թեան փաս­տը։

«Այս­պէս թէ այն­պէս, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ծագ­ման օ­րը ըն­դու­նո­ւեց ­Մա­յիս 28ը։ Այդ օ­րը դար­ձաւ նո­ւի­րա­կան՝ հայ ժո­ղովր­դի հա­մար եւ մտաւ ազ­գա­յին տօ­նա­ցոյ­ցի մէջ, իբ­րեւ սրբա­զան օ­րե­րից մէ­կը»։

Ն.