Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը արդիւնաբեր հանդիպում մը ունեցած է Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյսի հետ. ընթացքին քննարկուած են հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր, գլխաւորաբար՝ Արցախի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու եւ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը երաշխաւորելու կարելիութիւնները։
Հանդիպումը կայացած է քոնկրեսականի Պրէայի գրասենեակին մէջ, Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17ին, մասնակցութեամբ Հայ Դատի տեղական, նահանգային եւ ազգային մակարդակներէ ներկայացուցիչներու։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան նկատել տուած է, թէ ամերիկահայութիւնը բախտաւոր է, որ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ երկարատեւ եւ շինիչ յարաբերութիւն ունեցող Ռոյս ստանձնած է Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետի կարեւոր պաշտօնը, աւելցնելով, որ 2014ին Հայ Դատի յանձնախումբին հետ Հայաստան այցելած Ռոյս մօտէն ծանօթ է հայութիւնը յուզող հարցերուն՝ սկսած Արցախի հիմնախնդիրէն ու հասնելով մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը։
«Քոնկրեսական Ռոյսի հետ մօտէն պիտի շարունակենք աշխատիլ՝ ապահովելու համար իր ու քոնկրեսական Էլիըթ Էնկըլի առաջարկներուն իրականացումը», նշած է Յովսէփեան։
Ռոյսի եւ Էնկըլի առաջարկները, որոնք կը վայելեն Հայ Դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը եւ ապահոված են Հայաստանի ու Արցախի հաւանութիւնը, կը պարունակեն հետեւեալ գլխաւոր կէտերը.
– Արձակազէններու եւ ծանր զէնքերու հեռացում սահմանային շրջաններէն.
– Յարձակող կողմը բացայայտող սարքերու տեղադրում.
– ԵԱՀԿի յաւելեալ դէտերու հաստատում։
Աւելի քան 90 քոնկրեսականներ եւս կ՛աջակցին այս առաջարկներուն, սակայն Ատրպէյճան ցարդ հաւանութիւն չէ տուած անոնց գործադրութեան։
Հայ Դատի ներկայացուցիչները Ռոյսի հետ հանդիպման ընթացքին լուսարձակի տակ առած են նաեւ այսպէս կոչուած Մատրիտեան սկզբունքներուն անպատասխանատու կէտերը՝ շեշտելով, որ անոնց իրականացումը շրջանի խաղաղութեան վրայ բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ։
Հայ Դատի յանձնախումբը խորապէս սխալ ու անխոհեմ կը նկատէ Մատրիտեան սկզբունքները, որոնք Լեռնային Ղարաբաղէն ռազմավարական ու անդարձ զիջումներ կը պահանջեն՝ Ատրպէյճանի կողմէ անորոշ կարգավիճակի մը տրամադրման խոստումին դիմաց։ Այս նպատակով արշաւ մը սկսած է արդէն, կոչ ընելու համար ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին եւ ամերիկացի քոնկրեսականներուն, որ աջակցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ժողովրդավար ճամբով լուծում մը գտնելու ջանքերուն, որոնք պիտի երաշխաւորեն ինքնորոշման համամարդկային գաղափարի իրականացումը եւ մարդկային հիմնարար իրաւունքներու ապահովումը: Այս արշաւին միանալու համար, այցելել այս նպատակով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին պատրաստած կայքէջը՝ www.anca.org/madrid։