կարևոր
0 դիտում, 8 տարի առաջ - 2016-06-08 10:47
Հասարակություն

Աթոռի պատիվը

Աթոռի պատիվը

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ունեցած է իր արժանաւոր գահակալները, որոնք ամէնէն դժուար պահերուն արժանապատուութեամբ եւ պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ ղեկավարած են Արեւմտեան Հայաստանի հայութիւնը՝ անհրաժեշտ շրջահայեցութիւնը միշտ պահպանելով, որպէսզի չգրգռեն ցեղատեաց թուրք իշխանաւորները:

Շրջահայեցութիւնն ու զգուշաւորութիւնը, սակայն, շատ դիւրութեամբ կրնան վերածուիլ ստորաքարշութեան եւ վախկոտութեան, եւ ի՛նչ հանգամանք ալ տարածուի նման վերաբերմունքով շարժողներուն վրայ՝ անխուսափելիօրէն վարկաբեկման կնիքին կ՛արժանանան անոնք հանրութեան ու պատմութեան առաջ:

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի՝ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առթիւ անհեթեթ արձագանգը, անոր ջղագրգիռ, անհաւասարակշռուած ու պետական-քաղաքական գործիչի մը բոլորովին անյարիր յայտարարութիւնները միջազգային հեգնանքի արժանացած են, իսկ Պոլսոյ Պատրիարքական Ս. Աթոռի տեղապահը այս առիթը օգտագործած է՝ ամբողջ ազգին կամ համայն պոլսահայութեան անունով զօրակցելու Էրտողանին, եւ իր «կսկիծն ու վիշտը յայտնելու» անոր՝ Գերմանիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանին ընդունած որոշումին համար:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

«Ասպարեզ»