Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Գերմանիոյ Խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով որդեգրուած բանաձեւէն անմիջապէս ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նամակ մը յղեց Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքելին ողջունելով պատմական նշանակութիւն ունեցող Գերմանիոյ քաջ քայլը, զայն նկատելով «Պերճախօս վկայութիւն մը մարդկային իրաւանց նկատմամբ Գերմանիոյ յանձնառութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհին ուղղուած պատգամ մը՝ անցեալին պատասխանատու կերպով մօտենալու կարեւորութիւնը յիշեցնող»։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսւթիւնը եւս զոհն է Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան, եւ թէ ինչպէս իր նախորդներէն Սահակ Բ. Կաթողիկոսին, միաբանութեան հետ միասին, թրքական իշխանութեան կողմէ պարտադրուեցաւ հեռանալու աւելի քան 700 տարիներու պատմութիւն ունեցող եւ Սիսի մէջ հաստատուած Հայ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոսարանէն։
Անդրադառնալով Գերմանիոյ Եկեղեցիներու դերակատարութեան, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ «Որպէս Ատենապետ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին, Գերմանիոյ Եկեղեցիներուն հետ իր ունեցած միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ընթացքին, վկայած է անոնց յանձնառութիւնը արդարութեան նկատմամբ եւ պայքարը անպատժելիութեան դէմ»։
Արամ Ա. Կաթողիկոս մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին անունով իր գնահատանքը յայտնեց, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւնը՝ անարդարութեան դէմ պայքարի ի խնդիր։