Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կիլիկիոյ մէջ իր ժողովուրդին ջարդը ապրած ու 24 Ապրիլ 1915-ին դէպի թրքական եաթաղան առաջնորդուած Դանիէլ Վարուժան սրբազան կտակ մը, ապագայատեսիլ պատգամ մը փոխանցեց գալիք սերունդներուն ըսելով՝ «Մենք, զաւակներդ օգոստափառ, պիտի կերտենք նո՜ր Արշալոյս…»։
Անցնող 100 տարիները հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եղան ջարդի ու մահուան, աքսորի ու տառապանքի տարիներ. միաժամանակ եղան ինքնահաստատման ու վերակազմակերպումի, վերականգնումի ու վերածննդեան տարիներ. եղան նաեւ պայքարի ու պահանջատիրութեան տարիներ։ Եւ այսօր, 100 տարիներ յետոյ, ցեղասպանին ու աշխարհի դիմաց կանգնած, միասնական ոգիով ու ամուր վճռակամութեամբ կ’ըսենք նոյն բանաստեղծին բառերով՝ Մենք, զաւակներդ օգոստափառ, կերտեցի՛նք նո՜ր Արշալոյս…։
Նոր արշալոյս կերտեցինք Սարտարապատի յաղթանակով ու 1918 Մայիս 28-ի Հայաստանի անկախութեամբ։ Նոր արշալոյս կերտեցինք մշակութային արժէքներով ու իրագործումներով հայ ժողովուրդին կեանքը ծաղկեցնելով։ Նոր արշալոյս կերտեցինք Արցախի մեր ժողովուրդին ինքնիշխանութեան վերահաստատումով։
Նոր արշալոյս կերտեցինք 21 Սեպտեմբեր 1991-ին Հայաստանի անկախութեան վերակերտումով։ Ցեղասպանը ուզեց բնաջնջել հայ ազգը ազգերու ընտանիքէն ու ջնջել Հայաստանը աշխարհի քարտէսէն։ Այսօր, 100 տարիներ յետոյ Հայաստանը աշխարհի քարտէսին վրայ իր առանձին տեղը ունի եւ հայ ազգը՝ միջազգային ընտանիքին մէջ իր իւրայատուկ տեղը։
Արդ, մենք յաղթեցինք ցեղասպանին՝ գոյատեւելով ու պայքարելով, յիշելով ու յիշեցնելով իր գործած ոճիրը մեր ազգին ու համայն մարդկութեան դէմ եւ մանաւանդ արդարութի՛ւն պահանջելով։ Մեր յաղթական գնացքը կանգ չէ առած. ան պիտի շարունակուի 100-ամեակէն անդին՝ վերանորոգ վճռակամութեամբ ու ամբողջական յանձնառութեամբ ի խնդիր «նոր արշալոյսերու» կերտման…։
Մենք Թուրքիայէն ցաւակցութիւն չենք խնդրեր, այլ դատապարտում ու ճանաչում կը պահանջենք հայ ժողովուրդին դէմ իր պապերուն, Օսմանեան թուրք կայսրութեան կողմէ պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան։ Ներկայ Թուրքիան, իր ունեցած աշխարհաքաղաքական ու տնտեսական առաւելութիւններով չի կրնար պատմական ճշմարտութիւնը ծածկել։
Ներկայ Թուրքիոյ ղեկավարները իրենց ուղղակի թէ անուղղակի սպառնալիքներով, ուղղուած Հայաստանին եւ Սփիւռքին, չեն կրնար լռեցնել պահանջատիրական ձայնը աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, իրենց նախահայրերու եաթաղանին զոհ գացած մեր նահատակներու թոռներուն։
Մենք պահանջատէր ժողովուրդ ենք, որովհետեւ մեր մարդկային ու ազգային իրաւունքները տակաւին կը մնան բռնաբարուած։ Մենք Թուրքիայէն կը պահանջենք մեր բռնաբարուած իրաւուքներու վերականգնումը՝ քաղաքական, իրաւական, հողային ու տնտեսական իմաստով։
Արդարեւ, այսօր, երբ մէկ անձի արիւն կը թափի, ոճրագործը ենթակայ կ’ըլլայ պատիժի։ Ինչպէ՞ս կարելի է անտարբեր մնալ երբ մէկուկէս միլիոն անմեղ հայերու արիւն է թափած պետութեան կողմէ ծրագրուած կերպով։
Այսօր, երբ մէկու մը սեփականութիւնը եղող ինչքը կամ կալուածը կը բռնագրաւուի, պետական օրէնքը կը պարտադրէ անոր շուտափոյթ վերադարձը։ Ինչո՞ւ բռնագրաւուած կը պահէ Թուրքիա մեր ազգապատկան թէ անհատական հազարաւոր կալուածները, ինչպէս նաեւ մեր հոգեւոր ու մշակութային գանձերը։ Ինչպէ՞ս կարելի է լուռ մնալ այս շարունակուող այլապէս ցեղասպանութեան դիմաց։ Ինչո՞ւ միջազգային համայնքը անտարբեր կը մնայ երբ Թուրքիան կը քաջալերէ ծայրայեղականութիւնը ու ահաբեկչութիւնը շրջանէն ներս։
Ինչո՞ւ արաբական աշխարհը լուռ կը մնայ երբ Թուրքիան իր ապօրէն միջամտութեամբ երկպառակութիւն կը սերմանէ ամէն տեղ։ Ցեղասպանութիւնը ոճիր է. իսկ լռութիւնը՝ ա՛յլ ոճիր։ Մենք երախտապարտ ենք մեր արաբ եղբայրներուն, որոնք ցեղասպանութենէն յետոյ ընդունեցին մեր որբ ու գաղթական զաւակները եւ իրենց հացն ու հայրենիքը բաժնեցին անոնց հետ։ Արաբական աշխարհը դարձաւ սփիւռքի հայութեան վերածննդեան աղբիւրը։
Մենք երախտապարտ ենք նաեւ ֆրանսական, ամերիկեան, զուիցերիական եւ դանիական կրօնական ու մարդասիրական կազմակերպութիւններուն, որոնք զանազան ձեւերով օժանդակեցին ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր զաւակներուն։ Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք այն բոլոր պետութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնք պաշտօնապէս ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Մեր սպասումն է որ արդարութեան ու մարդկային իրաւանց պաշտպան երկիրները դատապարտեն 20-րդ դարու այս առաջին ցեղասպանութիւնը ու զօրավիգ կանգնին հայ ժողովուրդի արդար դատին։
Սա պահուն, մեր սրբացած նահատակներու աճիւնները պարփակող վերանորոգուած ու վերաօծուած Մատուռին առջեւ կանգնած, «նոր արշալոյսեր» կերտելու հաւատքով ու կամքով, տեսիլքով ու յանձնառութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կոչ կ’ուղղեմ շարունակելու մեր յաղթական երթը համահայկական տարողութեամբ ու միասնական ոգիով։ Ո՛չ, 100-ամեակը վերջակէտը չէ, այլ նոր մեկնակէտը մեր պահանջատիրական պայքարին։
Ո՛չ, Թուրքիոյ երբեմն կարծր ու երբեմն քաղցր մօտեցումները չեն կրնար վախցնել կամ խաբել մեր ժողովուրդը։ 100 տարիներու մեր դառն փորձառութիւնը, մեր ձեռք ձգած իրագործումները, մեր հաստատած կապերը ու մանաւանդ ներկայ աշխարհի պայմանները մեզ պէտք է մղեն մարտավարական թէ ռազմավարական նոր մօտեցումներու՝ միշտ մեկնելով Հայաստանի ու մեր ժողովուրդի ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն։ Այսօր ի սփիւռս աշխարհի մեր ժողովուրդը արդարութեան իր պահանջքը կը վերահաստատէ՝ իւրաքանչիւր հայ իր ձեւով, իւրաքանչիւր գաղութ իր միջոցներով։
Ու աշխարհը մեզ կը դիտէ՝ ցեղասպանութենէ վերապրած, յարութեան շունչով ու տեսիլքով թրծուած, իր նահատկներու կտակին հաւատարիմ, իր ազգային իրաւունքներուն համար պայքարող այս ժողովուրդը։ Աշխարհը մեզ կը դիտէ վստահաբար հիացումով ու յարգանքով, որովհետեւ մենք մեր ողջ պատմութեան ընթացքին բարիք սերմանող, սէր տարածող, արդարութեան համար պայքարող ու խաղաղութեան ձգտող ժողովուրդ մը եղած ենք։
Ա՛յս ոգիով պիտի շարունակենք մեր կեանքը ու մեր պահանջատիրական պայքարը։
Միասնականութիւնը մեր հզօրագոյն զէնքն է ու հաւատքը մեր յաջողութեան երաշխիքը։ Արդ, քալէ յառաջ, ժողովուրդ հայոց, «նոր արշալոյսեր» կերտելու տեսիլքով ու վճռակամութեամբ։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
24 Ապրիլ 2015
Անթիլիաս