Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Աղբյուրը՝armeniangenocide100
Ենովք Արմենյանի պատմությունը
Ատաբազար
1915-1916 թվականներին տնօրեն-ուսուցչի պաշտոն էր զբաղեցնում Ատաբազարում: 1915-ի փետրվարին հավաքագրում են քաղաքի մտավորականներին ու երևելի այրերին և աքսորում, իսկ մամուլը սուտ լուրերով գրգռում է թուրք հասարակությանը: Ենովք Արմենյանն ականատես է լինում քաղաքում առաջին ոճրագործություններին, թե ինչպես են հրապարակավ կախում քահանային ու նրա որդուն:
1915-1916 դպրոցական տարեշրջանի համար, Ենովք Արմէն(եան) տնօրէն-ուսուցիչի պաշտօնով կը գտնուի Ատաբազար։
Փետրուար 1915-ին քաղաքէն հաւաքելով մտաւորականները եւ երեւելիները՝ կ՚աքսորեն դէպի Սուլթանիէ։ «Փօլիս Մեճմուասը» պարբերաթերթը սուտ լուրերով կը գրգռէ թուրք հասարակութիւնը։ Ցեղասպանութեան գեհենային ծրագիրին խմորումն է, որ կ՚եռայ ու կ՚ուռճանայ։ Ենովք Արմէն ականատես կ՚ըլլայ քաղաքին մէջ առաջին ոճրային դէպքին. Պօլուէն հայ քահանայի որդի՝ երիտասարդ մը, մերժելով հայասպան թուրքերուն ծառայել իբր հեռաձայնի գրասենեակի պաշտօնեայ եւ զինուորագրուած սպայ, փախուստ կու տայ եւ հօրը տունը կը պահուըտի։ Հայրը եւ որդին կը ձերբակալեն ու կը կախեն։
Պոլսոյ կեդրոնական բանտի տնօրէն, նախկին հրոսակ քիւրտ Գարա Իպրահիմ Պարտիզակի մէջ աւերներ գործելէ ետք կու գայ Ատաբազար։ Յաջորդ օրը, քաղաքը կը պաշարուի եւ 200-300 հայեր կը ձերբակալուին ու հայոց Սբ. Կարապետ եկեղեցին կը թխմուին։ Առաւօտուն Ենովք Արմէնն ալ կը ձերբակալուի ու կը տարուի թուրք ոստիկան-զինուորներով պաշարուած Սբ. Կարապետ եկեղեցին։ Երկարատեւ ու ջլատիչ սպասումէ ետք, Գարա Իպրահիմ կը ժամանէ եւ, տաճարին մէջտեղը կանգնած, հայ ձերբակալուածներուն կը հրամայէ բոլոր զէնքերը բերել եւ յանձնել, սպառնալով, որ հակառակ պարագային, տեսակ-տեսակ չարիքներ պիտի տեղացնէ անոնց գլխուն։
Ձերբակալուածներէն «Սխթար» Չալըքեան խօսք առնելով կ՚ըսէ, թէ զէնքեր բաժնած կուսակցութիւնները հիմա լուծուած են։ Սպառնալիքներ կը տեղան ձերբակալուածներուն վրայ։ Անոնք խորհրդակցութեան կը սկսին ոտքի վրայ։ Այս միջոցին Չալըքեան դուրս կը կանչուի։ Ատեն մը ետք կը վերադառնայ տաճար՝ խոշտանգուած եւ ծեծուած։ Անմիջապէս ետք, թուրքերը կը խոշտանգեն եւ կը ծեծեն հայերը եկեղեցիին մէջ։ Ծեծուողներուն ներբաններէն արիւնը կը ժայթքի։ Այս խառնիճաղանճին մէջ Գարա Իպրահիմ կը մօտենայ Ենովք Արմէնին եւ ինքնութիւնը կը հարցնէ։ Ան կը պատասխանէ, թէ Պոլսէն է եւ զէնք չունի։
Ասոր վրայ, ոստիկանապետը կ՚արտօնէ, որ Ենովք Արմէնը ազատօրէն դուրս ելլէ սրահէն։ Գեհենին զարհուրանքէն ազատ արձակումը անհաւատալի կը թուի Ենովք Արմէնին: Տուներուն մէջ հայ ազգաբնակչաթիւնը մեռելային անշարժուեան կը դատապարտուի։ Տասնեւչորս օր շարունակ ծեծը եւ խոշտանգումները կը շարունակուին եկեղեցիին մէջ։ Տանջանքներու զարհուրելի տեսակներ, մինչեւ իսկ եղունգ քաշել, ի գործ կը դրուին։ Զէնք յանձնողները ազատ կ՚արձակուին։ 13 կառք զէնք կը հաւաքուի։ Տանջուողներուն մէջ խենթացողներ, աչքի պայթում ունեցողներ եւ օրերով մահամերձ դիակի պէս անօթի-ծարաւ տուայտողներ կ՚ըլլան։
Երկու շաբաթ քաղաքը պաշարաած կը մնայ։ Վերջին օրը, եկեղեցիին տանջահար բազմութիւնը կ՚արձակուի։
Երկու օր ետք կը սկսի զանգուածային աքսորը։ Ատաբազարի քսան հազար հաշուող հայութիւնը ոտքի կը հանուի։ Տարագիր բազմութեան առաջին զանգուածը ապրանքատար վակոններու մէջ կը լեցուի։
Ենովք Արմէն կը մնայ տակաւին չտեղահանուած հայութեան խումբին մէջ։ Ենովք Արմէն իր օսմանցիութեան հանգամանքն օգտագործելով տրամաբանօրէն կը խնդրէ որոշ ատեն մը քաղաքը մնալ՝ պէտք եղած դիմումները կատարելու համար։ Երեք օր պայմանաժամ կը ստանայ։
Կը ներկայանայ կուսակալ Ալի Ֆայիքին՝ եւրոպական տիպարով գերազնիւ անձ մը, որ յարգանքով կ՚ընդունի զինք։ Սիրալիր ընդունելութեան աւարտին, կուսակալը հեղինակին կը յուսադրէ քաղաքին մէջ մնալը արտօնել։
Բացուած քննութեան իբր արդիւնք չեն արտօներ, որ Ենովք Արմէն քաղաքը մնայ։ Ան Թավշանլը գիւղը կը հեռանայ։ Հոս զարմանքով կը լսէ իր «վտանգաւոր եւ կասկածելի» ըլլալու մասին։ Կ՚այցելէ հայկական եկեղեցին։ Իրեն հետ վախուդողով վերաբերող քահանան կը մերժէ տեղ մը գիշերելու ցուցում տալ իրեն։ Բարեբախտաբար, իր գրական անունին ծանօթ երկու քաջասիրտ հայեր, ամէն վտանգ արհամարհելով, կը հովանաւորեն զայն՝ իրեն օթեւան ճարելով։
Բերնէ բերան տարաձայնութիւն կը շրջի, թէ գաղթականներն իրենց տեղերը վերադառնալու արտօնուած են։ Ենովք Արմէն կ՚արտօրայ դէպի Կուտինա, սակայն հոս յուսախաբ կ՚ըլլայ։ Կը հալածուի, այս անգամ աւելի դաժան կերպով, իբր աքսորավայրէ փախուստ տուող մէկը։ Պահուըտելէ զատ ուրիշ ճար չի մնար։ Չորս-հինգ սքանչելի հայեր պաշտպանելով զինք, կը կազմակերպեն իր թաքնուիլը։ Թեւֆիք պէյ անսովոր համակրութիւն ցոյց կու տայ իրեն հանդէպ։ Անոր հետ կը ներկայանայ ոստիկանապետ Զեքերիէին, որ կը մերժէ երեք օր երկարաձգել իր՝ քաղաք մնալը։ Յուսահատութիւն չճանչցող Ենովք Արմէն մէկ տարի փախստական ապրելէ ետք Կուտինայի մէջ, կրակի գիծեր ճեղքելով կ՚անցնի Պոլիս:
Գերսամ Ահարոնեան (խմբագիր) գործակցութեամբ` Նազարեթ Թոփալեանի, «1915 – 1965. Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի», Գ. Տպագրութիւն, հրատ. «Զարթօնք» օրթ.-ի, Պէյրութ, 1987, 1115 էջ:Ենովք Արմէն, «Մեծ Եղեռնի Օրերուն», Մարսէյլ, էջ 601-615։