Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայկական սահմանին վրայ վերջին օրերուն արձանագրուած դէպքերը պատճառ կը դառնան, որ դարձեալ Հայաստան- Ազրպէյճան պատերազմի հաւանականութեան մասին խօսուի:Շաբաթ չանցնիր, որ Հայկական կողմը զոհեր չտայ:Բնականաբար նոյնը կը կատարուի սահմանէն այն կողմ եւ այդ մէկը կը թաքցուի: Այս բոլորը հետեւանք են Ազրպէյճանի վարած սադրիչ քաղաքականութեան:Թշնամին կը սպասէ հայկական դիրքերու թուլութեան: Հայ զինուորին աչքին փակուիլը, կամ թեթեւ նիրհը բախտաբեր առիթներ են:Նոր չէ այս խաղաոճը:Սադրիչները կը սիրեն այս կերպ պատերազմիլ:Պարտուածներուն սիրած ձեւը սադրանքն է: Նպատակը, ոչ թէ պատերազմ մը սկսիլն է այլ հայկական սահմանային շրջաններու երկայնքով խուճապ ստեղծելը:
Ազրպէյճանեան բանակին մասին տեղեկացուած չեմ, բայց վստահ եմ, որ ինչպէս Արցախեան պատերազմի ատեն ան չի վարանիր վարձկան զինուորներ օգտագործել:Հայկական ճակատին վրայ, պատկերը այլ է: Հայկական բանակի ամէնէն ընդգծելի կէտը հաւատքն է: Հաւատք հողին հանդէպ եւ կեանքի գնով սահմանները պահպանելու վճռակամութիւն: Քսան-քսաներկու տարեկան զինուորներուն համար Հայաստանի սահմանները պահելը շարադրութիւն գրել չի նմանիր , ոչ ալ Գեղարդի, Սեւանի կամ Տաթեւի ճոպանուղին նստելու կը նմանի: Այդ հերոս-զինուորներուն ամէնէն վառ օրինակները Արմէն Յովհաննիսեանն ու Ազատ Ասոյեանն են, որոնք իրենց արիւնը խառնեցին այս հողին
Այս լարուածութեան ֆոնին վրայ պէտք է մտաբերել Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան պատշտպանութեան նախարար Զօր. Մովսէս Յակոբեանի շաբաթներ առաջ կատարած յայտարարութիւնը այն մասին, որ Հայկական բանակը պիտի ոչնչացնէ բոլոր այն դիրքերը , որոնցմէ անզէն բնակչութեան դէմ կրակ կը բացուի: Ու այդպէս ալ եղաւ: 31 Յուլիսին Ազրպէյճանական հերթական սադրանք- գրոհին դիմաց Հայկական կողմը ծանրօրէն պատժեց թշնամին, որ ըստ Ազրպէյճանկան պաշտօնական եւ անպաշտօն լրատութեան ունեցաւ ծանր կորուստներ (խօսուեցաւ 14 մեռեալի մասին իսկ 50 –է աւելի վիրաւորներ ուղղաթիռներու Պաքու տարուեցան):
Վերջին դէպքերէն ետք, հակառակորդին մօտ ներքին խուճապի նոր ալիք մը սկսած է զարգանալ:Ատոր ցուցանիշներէն միայն մէկուն մասին խօսելով պէտք է ուշադիր կարդալ Haqqin.Az կայքի յօդուածագիր Եուսէֆ Ալիեւի ստորագրած մէկ գրութիւնը, ուր յօդուածագիրը ծանր մեղադրանքներ կը հնչեցնէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հասցէին զայն նկատելով անփորձ ու ձախողած:
Թէ ինչ զարգացումները տեղի կ'ունենան մօտիկ օրերուն կը դժուարանամ ըսել: Ենթադրութիւններով կամ կանխազգուշացումներով հանդէս գալը նոյնիսկ մեղաւորութիւն է : Բայց ընդհանուր մթնոլորտ մը կայ, որ Ազրպէյճան պատրաստ չէ պատերազմի: Նախ անոր համար որ Ալիւին համար ձեռնտու չէ պատերազմը իսկ վերջին օրերու ապտակը նաեւ ցոյց կուտայ, որ Ազրպէյճանի «հարուստ» բանակը ինչ խեղճ դրութեան մատնուեցաւ: Զոհերէն զատ կայ նաեւ խայտառակութիւնը: Այս տուելաները եթէ նժարի վրայ դնենք, ուրեմն ոչ Ալիեւ եւ ոչ ալ իր ճիրաններուն տակ գործող բանակը պատրաստ են որեւէ լուրջ քայլերու:
Գուցէ Հայաստանն ալ պատրաստ չէ: Մէկ տարբերութեամբ, որ Հայաստանի համար ցանկացած պատերազմի տխուր աւարտ կրնայ անդառնալի հետեւանքներ ունենալ: Այ՛ո Հայաստան տեղ չունի նահանջի: Որովհետեւ որեւէ նահանջ մահ կը նշանակէ:
Մտահոգիչն այն է, որ Հայաստան իր երեք նախագահներով, իր իշխանութիւն- ընդդիմութիւն վէճերով,իր ռուսական կամ եւրոպական արեւելումով, իր Մոսկուա կտոր մը սեւ հացի համար վազող որդիներով, եւ հազար ու մի մարմիններով չկրցաւ վերաբնակացնել սահմանային շրջաններուն վրայ եղած տարածքները: Հակառակ անոր որ, բոլորը լաւ գիտեն որ Հայ զինուորին թիկունքին ամրացման առաջին խնդիրը ոչ թէ անոր լաւ մատակարարումն ու մարտական ոգին բարձր պահելով կ'ըլլայ միայն այլ նաեւ անոր կռնակը ամուր պահող բնակչութեամբ:
Պատմական հայրենիքը գերադասող սփիւռքն ալ այս քսան տարուան մէջ չսորվեցաւ մտածել ապրող Հայաստանի իրական եւ ոչ երեւակայական սահմաններուն մասին: Քսան տարուան մէջ Սփիռքին համար գերխնդիր է Հայաստան երթալ ժողով ընելու համար, Հայաստան երթալ լուսանկարուելու համար, Հայաստան երթալ խորոված ուտելու համար: Իսկ քսան տարուան Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացիներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը իր առջեւ դրաւ մէկ խնդիր, «Ոնց անեմ աւելի փող աշխատեմ», «Ոնց անեմ ամրանը աւելի գեղատեսիլ լողափ հասնեմ», եւ «ոնց անեմ աւելի սիրուն տաչա կառուցեմ»:
Այս վիճակներուն մէջ գտնուեցաւ մէկ տուեալ կար , որ պահեց ու տակաւին կը շարունակէ պահել Հայաստանի իրաւական,հոգեբանական ու մանաւանդ ֆիզիքական սահմաններն ու անվտանգութիւնը:Եւ այդ պահողը եղաւ սահմանին կանգնած Հայ զինուորը:
Պատերազմի վտանգներուն մասին ամէն օր կը գրուի: Կը գրուի նաեւ հայոց բանակին պատրասկամութեան, անոր ձեռք ձգած մարտունակութեան եւ ամենակարեւորը անոր ժառանգութեամբ փոխանցուած բարձր ոգիին մասին: Այդ ոգին , ոչ ընտիր ճաշերով կը սնուցանուի, ոչ վայելուչ համազգեստներով, ոչ հանգստավէտ անկողիններով ոչ ալ արդիական զօրանոցներով:
Ոգին որուն կ'ակնարկեմ մարդու խորքին մէջ հաստատուած , անոր երակներէն հոսող արեան մէջն է: Առանց այդ ոգիին աշխարհի ամէնէն ընտիր զէնք ունեցող բանակն անգամ կը պարտուի:
Ամէնէն նոր օրինակը Իսրայէլի բանակն է, որուն մասին կ'ըսուի, թէ աշխարհի հզօրագոյն չորրորդ բանակը ունի:Սակայն Իսրայէլեան բանակը այսօր անկարող է Կազան գրաւել ու ատոր դիմաց ամէն խելագար միջոց կ'օգտագործէ արեան մէջ խեղդելու համար համար Պաղեստինցի անզէն ժողովուրդը պատրուակ ընելով, որ «Համաս» խաղաղ բնակիչները իրեն որպէս մարդկային վահան (Human Shields)կը գործածէ:
Ուրեմն այսօրուան գերագոյն արժէքը հայ զինուորին նուիրուածութիւնն է ու վստահ եմ, որ Սփիւռքն ալ գիտէ այս մէկը: Ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը, Չաւախքի հայութեան խնդիրները Հալէպն ու Մուսէլը կարեւոր են:Կարեւոր է նաեւ Քեսապը:
Բայց պատմութեան ընձեռած այս վերջին Հայաստանին սահմաններուն ապահովութիւնը անասկարկելի են: Այդ սահմանները,ոչ միայն Հայ ժողովուրդի ֆիզիքական բերդին պարիսպներն են, այլ անոր ոգեղէն գոյութեան հիմնական զէնքերը:
Առանց այդ բերդերուն մեր գոյութիւնը կը դառնայ անիմաստ:
Այդ բերդերու կորուստով մենք, անխնայաբար կրակած կ'ըլլանք մեր գոյութեան վրայ:Կրակած ու շրջած կ'ըլլանք մեր պատմութեան վերջին էջը:
Սագօ Արեան