կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-02-28 15:39
Քաղաքական

ՏԵՍԱՆՅՈՒԹ․ Արտաքին թշնամիին դիմադրելու համար նախ պետք է մեր տունը կարգի բերենք․ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Հակոբ Տեր-Խաչատուրյանի ելույթը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցության 34-րդ Ընդհանուր ժողովի բացմանը.

Յարգարժան հիւրեր,

սիրելի հայրենակիցներ եւ ընկերներ,

Մի քանի շաբաթներ առաջ, Փետրուար 5-ին, Երեւանի մէջ նշուող ՀՅԴ Օրուան առթիւ մեր խօսքին ընդմէջէն մեր ժողովուրդին ներկայացուցինք 2021 տարուան մեր հաշուետուութիւնը եւ պարզեցինք Դաշնակցութեան դիրքորոշումները այսօրուան հիմնախնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն կապակցութեամբ:

Դաշնակցությունը քաղաքական ուժ ըլլալու կողքին այն կազմակերպութիւնն է, որ իր պատմութեամբ, գաղափարախօսութեամբ, բարոյական արժէհամակարգով, տարբեր պայմաններու մէջ գործելու հանգամանքով, ցանցային կառուցուածքով ունի խիստ ուրոյն նկարագիր։ Եւ այդ նկարագրին հաւատարիմ մնալով է, որ Դաշնակցությունը կարողացած է պահել իր կենսունակութիւնը։

Այսօր ՀՅԴ 34րդ Ընդհանուր Ժողովի պաշտօնական բացման նիստով կը յայտնենք, որ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքի ներկայացուցիչները աշխարհի չորս ծագերէն հաւաքուած են հայրենիքի մէջ գումարելու ՀՅԴ կամքը ներկայացնող բարձրագոյն Ժողովը, որուն որոշումները անառարկելի ու պարտադիր են Կուսակցութեան բոլո՛ր ժողովներուն, բոլո՛ր մարմիններուն եւ բոլո՛ր ընկերներուն համար: Ընդհանուր Ժողովը գերագոյն պահակն է ՀՅԴ գաղափարաբանութեան եւ բարոյական ըմբռնումներուն:

Այս Ընդհանուր Ժողովը կը գումարուի մեր հայրենիքի ու հայութեան համար խիստ բախտորոշ ժամանակահատուածի մէջ. Հայաստանը կորսնցուցած է յաղթանակած երկիր ըլլալու հանգամանքը, Արցախը վիրաւոր է եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը տագնապահար վիճակի մէջ է: ՄԻնչեւ Սեպտեմբեր 2020, մեր ազգային նորագոյն զարթօնքը Հայաստանի վերանկախացումէն եւ Արցախի ազատագրումէն ետք, խարսխուած էր անխոցելիութեան պատրանքին վրայ եւ, հակառակ ՀՀ բազմապիսի ներքին վերիվայրումներուն, մեր մտքին մէջ ամրագրած էր յաւերժական անկախ Հայաստանի տեսլականը: Այսօր՝ խարխլած է այդ տեսլականը ու հայկական անկախ պետականութիւնն ալ՝ վտանգուած: Այս իշխանութեան անընդունելի եւ աններելի քայլերու շնորհիւ տեղի ունեցաւ 44 օրեայ պատերազմի աղիտալի արդիւնքը, շարունակուող պառակտումի քաղաքականութեան սաստկացումը, մեր թշնամիներու հանդէպ ցուցաբերուող պարտուողական հոգեբանութիւնը, միակողմանի զիջումներու պատրաստակամութիւնը եւ կեղծ խաղաղութեան պատրանքով ժողովուրդը մոլորեցնելու ու թշնամիին հաճոյանալու ամբոխավարութիւնը:

Տասնամեակներու պայքարը իմաստազրկելու, արեան, տառապանքներու, զոհողութիւններու գնով ձեռք բերուած մեր յաղթանակը ոչնչացնելու այս ընթացքը պետք է կասեցուի։ Մեր նոր պետականութեան, ազգային նորագոյն զարթօնքի խորհրդանիշ հանդիսացող Արցախը ծանրագոյն հարուած է ստացած, բայց մեզի պարտադրուող զիջումներու հետ համակերպուելու իրաւունք չունինք։ Գոյաբանական սպառնալիքի դէմ հանդիման ենք. այսօր՝ մեր լինելիութեան, մեր արժանապատուութեան, մեր ապագայի հարցերը կը կազմեն մեր օրակարգը։ Այս պայմաններուն մէջ ազգային բոլոր ուժերու գերխնդիրը մեր անկախ պետականութեան, հայրենիքի փրկութիւնն է։ Չյաջողելու իրաւունք չունինք։

Բայց արտաքին թշնամիին դիմադրելու համար նախ պետք է մեր տունը կարգի բերենք։ Այսօրուան պայքարը սոսկ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն հարթության մեջ չէ, սա դասական իմաստով քաղաքական պայքար չէ, այլ պայքար է յանուն արժանապատուութեան, յանուն ազգային արժէքներու վերականգման, յանուն հայրենիքի փրկութեան։ Այս համոզումը արմատաւորելու, այս գիտակցութեամբ պայքարը շարունակելու հարց ունինք։

Մեր ներկայ իրականությիւնը արժէքներու եւ հասկացողութիւններու ձեւախեղուած արտացոլացումն է։ Երեկուան ընտրակեղծարարները կը ներկայանան որպէս արդարութեան պաշտպաններ, նախկին իշխանութիւններուն գլխիկոր ծառայածները դարձած են բարեպաշտ քաղաքական գործիչներ, սակաւապետ-օլիգարխները՝ մեծ սեփականատէրեր կամ գործարարներ, նախապէս կողոպուտի եւ ուրիշներու բիզնեսներու մեջ փայ մտածները՝ նուիրատուներ, չկայացածները՝ յեղափոխական ու դուխով տղաք, ծախու վախկոտները՝ փողով հայհոյախառն «ստատուս» ու «քոմենթ» գրող, իսկ բանակէն խուսափածները՝ արցախեան ազատամարտի հերոսներուն հայրենասիրութիւն քարոզողներ։ Հասարակության խեղուած արժեհամակարգը պետք է շտկուի։ Սա իւրաքանչյուր առողջ մտածողութիւն ունեցողի հարցն է։ Քաղաքական նախընտրութիւնները, կուսակցական պատկանելութիւնը, ընկերային (սոցիալական) դիրքը եւ ունեցած հանգամանքը ամենեւին կարեւոր չեն։ Անշուշտ, սա հեշտ գործ չէ, բայց այս է միակ ճիշտ ճանապարհը։

Ներկայիս նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուինք, որովհետեւ պարտուած ու ազգային գաղափարախօսութենէ պարպուած Հայաստանի իշխանութիւնները հայրենի շահերը պաշտպանելու իրենց անկարողութիւնը փաստած են, շարունակական նահանջի մէջ են միջազգային բեմերու վրայ եւ ամէն տեսակի զիջումներու ալ` պատրաստ: Իսկ Արցախի իշխանութիւնն ալ դարձուցած են կամակատար, այսպիսով նսեմացնելով Արցախի ինքնիշխանութեան մակարդակը: Բարեբախտաբար Արցախի մէջ կան նաեւ ազգային եւ ինքնորոյն ոյժեր, որոնք ամուր կանգնած են պատնէշի վրայ եւ կը սատարեն Արցախի իրաւունքներու աներեր հետապնդման:

Նոր մարտահրաւէրներու առջեւ է նաեւ Սփիւռքը, որ ցնցումի եւ յուսահատութեան կեցուածքէն պարտի անցնիլ վերստին պայքարի պատրաստակամութեան՝ ի շահ հայրենիքին ու հայութեան: Ունինք նաեւ Սփիւռքին նոր աւիշ եւ կենսունակութիւն ներարկելու խնդիր: Եւ մանաւանդ՝ ազգային օրակարգ ձեւաւորելու եւ անոր շուրջ ամբողջ հայութիւնը համախմբելու հրամայական:

Այդ մարտահրաւէրներուն դիմագրաւելու ու մեր ընելիքները ճշդելու առաքելութեան պիտի լծուի 34րդ Ընդհանուր Ժողովը ճշդելով յառաջիկայ քառամեակի մեր ռազմավարութիւնը, ուղղութիւններն ու առաջնահերթութիւնները թէ՛ հայրենի, թէ՛ սփիւռքեան ու թէ՛ համահայկական առումով:

Իւրաքանչիւր Ընդհանուր Ժողով իր օրակարգով կը կատարէ ՀՅԴ Բիւրոյի գործունէութեան քննարկումը, ինչպէս նաեւ մշակումը` եկող քառամեակի քաղաքական ուղեգծին ու ռազմավարութեան եւ Հայ Դատի գործունէութեան ուղղութիւններուն. ժողովը նաեւ կ’ընդգրկէ ներազգային կացութեան գնահատումն ու քննարկումը, ՀՅԴ կազմակերպական հարցերը, քարոզչական միջոցներն ու քաղաքականութիւնը եւ տնտեսական իրավիճակը: Այդ օրկարգերուն քննարկման ընդմէջէն պիտի բիւրեղանան Դաշնակցութեան յաջորդ քառամեակի կեցուածքներն ու առաջնահերթութիւնները:

Այդ որոշումները վստահաբար պիտի հիմնուին մեր երկար տարիներու հետեւեալ համոզումներուն ու իրավիճակի գնահատման վրայ՝

Ա) Արցախի վերականգնում – Մեր գնահատմամբ, նոյեմբերի 9-ի տխրահռչակ, ըստ էության, անձնատուական (capitulation) զինադադարով ոչ թէ վերջակէտ է դրուած ամէն ինչի, այլ նոր գործընթացներ սկսուած են։ Աշխարհաքաղաքական, տարածաշրջանային, ներազգային առումներով մենք միանգամայն նոր իրողութիւններու եւ մարտահրաւէրներու առջեւ ենք կանգնած։ Ունեցած ենք մարդկային, նիւթական, տարածքային եւ տնտեսական ահռելի կորուստներ։ Անչափելի է նաեւ բարոյական կորուստը՝ վիրաւորուած է հայ մարդու արժանապատուությունը, սասանուած է մեր ազգային ինքնավստահութիւնը։ Հսկայական ընելիք կայ եւ գերջանքեր գործադրելու անհրաժեշտութիւն։ Դաշնակցութեան համար Արցախի հարցը կը շարունակէ մնալ Հայ Դատի բաղկացուցիչ հիմնական մաս, հայոց անկախ պետականութիւնը՝ գերագոյն արժէք։ Այս հասկացողութեամբ եւ նոր պայմաններու թելադրանքով Դաշնակցութիւնն իր քույր կառոյցներով եւ համակիրներով քաղաքական, դիւանագիտական, կազմակերպական, տնտեսական, բարեսիրական ուղղություններով լծուած է ամէնօրեայ աշխատանքի։ Մենք հաւատացած ենք, որ ծրագրաւորուած, հետեւողական, ճիշտ աշխատանքի պարագային միայն հնարաւոր է ունենալ երաշխաւորուած յաջողութիւններ։

Բ) Մէկ ազգի գաղափարի եւ Հայրենիք-Սփիւռք միասնութեան ամրագրում – Որպէս աշխարհասփիւռ ժողովուրդ իսկապէս ունինք մրցակցային առաւելութիւններ, որոնք ՀՀ իշխանութիւնները լաւապէս չեն արժեւորած անցեալին եւ չեն ալ գնահատեր այսօր: Ժամանակակից համաշխարհայնացման (գլոբալացիա) միջավայրին մէջ մենք ունինք մեր համեմատական մրցակցային առաւելությունները ազգովին լիարժեք օգտագործելու անհրաժեշտութիւն:

ժամանակն է, որ որպէս համաշխարհային ազգ, կերտենք միաձոյլ հայկական աշխարհ՝ իր առանցքին մէջ ունենալով անկախ Հայաստանն ու Արցախը։ Ջաւախահայութիւնը, հայապատկան հողերու վրայ ապրող մեր հայրենակիցները, դասական ու նորաստեղծ Սփիւռքի հայութիւնը մէկ անբաժան միասնութիւն են մեր ազգային լինելիութիւնն ու պետականութեան գոյատեւումը ապահովող:

Ազգովին պարտինք համոզուիլ որ մենք վստահելու ենք միայն մեր հաւաքական ուժերուն վրայ, ոչ արեւելքէն, ոչ ալ արեւմուտքէն իմաստալի օժանդակութեան պատրանքներ սնուցանելով: Հայկական արեւելումով եւ մեր բազկի, մտքի եէ ձեռներէցութեան վրայ վստահելով միասնաբար պիտի կառուցենք մեր իտէալ պետութիւնն ու հայկական աշխարհը: Ազգովին պարտինք վերականգնել հաւատքը մեր ուժերու նկատմամբ, յաղթահարենք հիասթափութիւնները և դուռ բանանք նոր յաղթանակներու համար։

Մեր ժողովուրդի միասնականութեան ամրապնդումը էական է մանաւանդ այս օրերուն, երբ Ռուսաստան-Արեւմուտք լուրջ ընդհարումը Ուկրանիոյ հարցով ստեղծած է համաշխարհային պայթունավտանգ կացութիւն, որ իր անդրադարձը կրնայ ունենալ հարաւային կովկասի տարածաշրջանին մէջ, թուրք-Ադրբեջանական ախորժակները առաւել սրելով Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ: Արդ՝ աւելի քան երբէք պարտինք համախմբել մեր բոլոր ուժերը ի սպաս մեր հայրենիքին:

Հայութեան առջև ծառացած մարտահրաւէրներուն մենք ի զօրու ենք դիմագրաւելու, եթէ առաջնորդուինք համահայկական օրակարգով, ըլլանք համախմբուած եւ գործենք միասնաբար։ Մեր խոր հաւատքն է, որ յանձնառու եւ հայրենիքով տոգորուած Սփիւռքը լաւագոյն գրաւականն է հզօր ու ինքնավստահ հայրենիքի: Եւ փոխադարձաբար՝ իր Սփիւռքը իսկապէս արժեւորող Հայաստանը, Սփիւռքի նկատմամբ յատուկ գուրգուրանք ու հոգածութիւն տածող հայրենիքը լաւագոյն ազդակն է հայ ազգի գոյատեւման ու հայրենիքի ամրապնդման:

Գ) Որակապէս նոր պետութեան անհրաժեշտութիւն – Աներկբայ իրողութիւն է, որ կը կայանան եւ յաջողություններ կ’ունենան այն պետությունները, որոնք ռազմավարական յստակ նպատակներ ճշդած են: Այս առումով մենք խնդիր ունինք։ Փոքր, կենսական տարածքներէ զուրկ Հայաստանը հեռանկար չի կրնար ունենալ եթէ որակապես նոր պետություն չստեղծուի, հիմնուած՝ իր որդիներու մաքուր հայրենասիրութեան եւ անկախ հայրենիքը ամէն գնով պաշտպանելու, զարգացնելու աներեր պատրաստակամութեան վրայ: Այո, մենք կ’ապրինք այնպիսի տարածաշրջանի մէջ, որ մշտապէս եղած է աշխարհի մեծերու շահերու բախման թատերաբեմ, ուր կազմակերպուած ըլլալը կենսական անհրաժեշտութիւն է։ Հայաստանի մէջ ի վերջոյ պէտք է հաստատուի արժանիների իշխանութիւն, որու հետեւանքով հնարաւոր կը դառնայ կառուցել մեր բոլորի պատկերացրած երկիրը՝ ազատ, արդար ու համերաշխ։

Մենք բաց ենք ամէն տեսակի արժանապատիւ եւ ազգանպաստ համագործակցութեան համար. չունինք որեւէ կաշկանդում եւ պատրաստ ենք երթալու մինչեւ վերջ։ Պետականաշինութեան գործի նոր սկիզբ դնելու հարց ունինք եւ այդ պարտինք ընել ճիշտ քայլերով – նոր սխալներու, փորձութիւններու այլեւս ոչ ժամանակ ունինք եւ ոչ ալ՝ համազգային մեծ ու անհատնում միջոցներ։

Դ) Հայոց բանակի եւ մեր ժողովուրդի մարտունակութեան վերականգնում –
Հայոց բանակը բարոյալքուած վիճակի մէջ է այսօր եւ ՀՀ կառավարութիւնը շարունակական փոփոխութեան կ’ենթարկէ անոր հրամանատարական ու սպայական կազմը: Ամէն հալածանք ու անյարկի փոփոխութիւններ անյապաղ պէտք է դադրին: Բանակը պարտի դառնալ համազգային գուրգուրանքի եւ հոգածութեան առարկայ: Մեր աշխարհագրական խիստ վտանգաւոր ու փխրուն պայմաններու մէջ հարկաւոր է զօրաւոր եւ ինքնավստահ բանակ, որ կարողանայ ատակօրէն պաշտպանել հայրենիքի սահմանները:

Ե) Անապահով խաւերու ընկերա-տնտեսական կացութեան բարելաւում –
Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդի անապահով (ցածր-միջին, աղքատ, թոշակառու) խաւի թիւերը շարունակական աճ կ’արձանագրեն: Կառավարութեան կիզակէտը պարտի հանդիսանալ այդ խաւին ընկերա-տնտեսական վիճակի բարելաւումը, որպէսզի կենսամակարդակի նուազագոյն ընդունելի սահմաններու հասնի անոր եկամուտը, մի քիչ ազատօրէն շնչելու հնարաւորութիւն ունենան այդ խաւի հայորդիները եւ չմտածեն արտագաղթելու մասին: ՀՀ եւ ԱՀ ԱԺներու ՀՅԴ պատգամաւորները առաջնահերթութեամբ հետապնդելու են այս հարցը:

Սիրելի հայրենակիցներ,

Մեր ժողովուրդի սպասումներն ու ակնկալիքները Դաշնակցութիւնէն միշտ մեծ են եղած՝ յատկապէս դժուար իրավիճակներու պարագային։ Այսօր ալ այդպէս է։ Նոյնիսկ գերագնահատուած սպասելիքներու պարագային երբէք յանձնառութեան պակաս չենք ունեցած։ Այսօր ալ չունինք։ Թէեւ քաջ գիտենք, որ մենք իսկ երբէք չենք բաւարարուիր արդիւնքներով։

Մեր Ընդհանուր Ժողովները լոկ ձեւական հաւաքներ չեն, այլ անկաշկանդ, մտածուած, բազմակողմանի եւ, ինչու չէ նաեւ, բուռն քննարկումներու վայր: Այդ կը պարտադրէ մեր ներքին առողջ ժողովրդավարութիւնը եւ կարծիքներու անսանձն արտայայտութեան նուիրականացած իրաւունքը: Իսկ Ընդհանուր Ժողովներու բանաձեւերու կայացումէն ետք, այդ որոշումները իւրաքանչիւր Դաշնակցականի համար կը դառնան ամբողջովին իւրացուած ու գործադրելի յանձնառութիւն: Այդ կը պահանջէ մեր Դաշնակցականի կարգապահութիւնը եւ ուժականութիւնը: Այդ խոստումը կու տայ նաեւ իւրաքանչիւր դաշնակցական երբ կ’երդնու «իր պատւոյն եւ հայրենիքին վրայ՝ միշտ հաւատարիմ մնալ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ծրագրին, Կանոնագրին ու որոշումներուն եւ իր բոլոր ուժերով – իսկ եթէ հարկ ըլլայ՝ նաեւ կեանքի գնով – ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին»:

Շնորհակալութիւն։

ՅՏԽ
Երեւան, 28 փետրուար, 2022թ