կարևոր
0 դիտում, 10 տարի առաջ - 2014-05-06 09:50
Տարածաշրջան

Հալեպում շարունակվում են Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքները

Հալեպում շարունակվում են Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքները

Սուրիոյ մէջ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքները 2014ին նոր հանգրուան թեւակոխեցին: Մեր աւանդական ոգեկոչական Կեդրոնական ձեռնարկներուն կողքին, շարք մը այլ կարեւոր նախաձեռնութիւններ իրականացան եւ կը շարունակուին իրագործուիլ:

 

-Գլխաւոր նախաձեռնութիւնը 24 Ապրիլ 2014ին, Սուրիոյ Խորհրդարանէն ներս կատարուած քննարկումն էր, ուր դատապարտուեցաւ 1915ին Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրագործուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը:

 

Խորհրդարանը դրուատանքով արտայայտուեցաւ Սուրիոյ հայ քաղաքացիներու բարեհամբաւ վաստակին եւ ստեղծագործ աշխատանքին մասին:

 

Երկրորդ նախաձեռնութիւնը` տեղի ունեցաւ Պաաս կուսակցութեան հովանաւորութեամբ, Չորեքշաբթի,23 Ապրիլ 2014ի կէսօրուան ժամը 12.00ին, Հալէպի «Թըշրինե մշակութային սրահէն ներս: Ձեռնարկը զեկոյց եւ զրոյցէր «Օսմանցիներու Գործադրած Ցեղասպանութիւնները Պատմութեան Ընթացքինե բնաբանով:

 

Ձեռնարկին ներկայ էին Հալէպի նահանգապետը, Պաաս կուսակցութեան կուսակցապետը, քաղաքապետը, Մշակութային կեդրոնի տնօրէնը,  Նահանգային խորհուրդի նախագահը, Պաաս կուսակցութեան Հալէպիպատասխանատու մարմնի անդամները, բազմաթիւ Արհ.Միութիւններու Վարչութիւններու նախագահներ կամ ներկայացուցիչներ, եւ Սուրիոյ Հայ համայնքի համայնքապետ` Վեր.Յարութիւն Սելիմեան:

 

Զեկուցաբերներն էին` Պաաս կուսակցութեան Հալէպի պատասխանատու մարմնի անդամ` Մահէր Ալ Մուաքքէ, փաստաաբան Մարիա Գաբրիէլեան եւ լրագրող ու ուսումնասիրող` Սալբի Գասպարեան:

 

Պաաս կուսակցութեան ներկայացուցիչը (Մ.Մ.) իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած ոճիրներուն, առանձնապէս նշելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Ան անդրադարձաւ թուրքժողովուրդին եւ Օսմանեան կայսրութեան ղեկավարութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններուն, կոչ ուղղելով բոլորին միահամուռ ճիգերով դիմագրաւելու Սուրիոյ տագնապը, որուն գլխաւոր մեղսակիցներէն է Թուրքիոյներկայ կառավարութիւնը:

 

Սալբի Գասպարեան հանգամանօրէն ներկայացուց թուրք այլախոհներու կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ, յատկապէս մէջբերելով այլախոհ` Թանէր Աքչամի սերտողութիւններէն բաժիններ: Անլուսարձակի տակ առաւ նաեւ թուրք կառավարութաեն խտրողական քաղաքականութիւնը:

 

Փաստ.Մարիա Գաբրիէլեան ներկայացուց Հայ Դատի իրաւական հիմքերը` միջազգային դաշնագիրներու եւ պայմանագիրներու առանցքներով: Ան շեշտադրեց պահանջատիրական գործընթացի գլխաւոր տուեալներուառկայութիւնը` որպէս հիմք Հայ Դատի հետապնդման աշխատնքներուն: Ապա լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման, վնասից հատուցման եւ հայկական հողերու վերատիրացման Հայ Դատիգլխաւոր սկզբունքները:

 

Զեկոյցներէն ետք տեղի ունեցաւ զրոյց եւ պատմաքաղաքական հարցերու քննարկում:

 

Երրորդ նախաձեռնութիւնը կը հովանաւորէր Պաաս կուսակցութեան Հալէպի Պետական Համալսարանի Մարմինը: Ձեռնարկի կազմակերպումը յանձնուած էր Հալէպի Պետական

 Համալսարանի Մշակութային-լրատուական Գրասենեակին եւ Համալսարանի Ուսանողական Միութեան:

 

Ձեռնարկը զեկուցական հանդիպում էր, որ կազմակերպուեցաւ 24 Ապրիլ 2014ին, Հալէպի պետական համալսարանի բշժկական ճիւղի կեդրոնական լսարանէն ներս:

 

Ձեռնարկին ներկայ էին Սուրիոյ հայ երեք համայքնապետները, Բերիոյ Թեմի Ազգ.Վարչութեան անդամները, Պաաս կուսակցութեան Հալէպի Պետական Համալսարանի մարմնի ներկայացուցիչն ու անդամները, Հալէպիպետական զանազան մարմիններէ ներկայացուցիչներ, համալսարանի դասախօսներ եւ մեծաթիւ ուսանողներ:

 

Ձեռնարկին հետեւեալ զեկոյցները ներկայացուեցան.-

 

ա. Հայկական ցեղասպանութեան իրագործման պատմական տուեալները, որ մատուցուեցաւ ճարտարագիտական համալսարանի դասախօս Արտեմ Չիրիշեանի կողմէ:

 

բ. Հայ Դատի պահանջատիրական աշխատանքի իրաւական հետապնդումը, զորս ներկայացուց փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան:

 

գ. Հայկական Ցեղասպանութիւնը թուրք այլախոհներու ուսումնասիրութիւններուն մէջ, զորս ներկայացուց լրագրող Սալբի Գասպարեանը:

 

Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ` Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, որ ներկայացուց Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքները, շեշտը դնելովմիջազգային օրէնքներու համաձայն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն վրայ:

 

Ներկայութեան իմաստով զեկուցական հաւաքը ունէր բարձր մակարդակի լսարան, նկատի ունենալով բարձրակարգ պատասխանատուի անձնաւորութիւններու կողքին, Հալէպի համալսարանի զանազան ճիւղերուգիտական բարձրաստիճան կոչում ունեցող մեծաթիւ դասախօսներու, տնօրէններու եւ գիտաշխատողներու ներկայութիւնը, որոնց կարելի եղաւ յստակօրէն փոխանցել Հայ Դատի մեր սկզբունքները, իրաւունքներն ու պահանջները:

 

Վերոնշեալ երկու ձեռնարկներէն ետք, տեղի ունեցաւ նոյն թեմաներով ցուցահանդէսներու բացումներ, կազմակերպուած միեւնոյն մարմիններու կողմէ:

 

Կարճ ժամանակուան մէջ յաջողութեամբ ընթացած այս աշխատանքները նուաճում են Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն ուղղութեամբ, որ իրենց կարգին կ‏՛ամրապնդեն Դատի հետապնդման ընթացքին մեզիուղղուած մարտահրաւէրներու դիմակալման հիմքերը եւ կը զօրացնեն հաստատուն քայլերով մեր յառաջընթացը:

 

Հալէպի Լրատուական Գրասենեակ