կարևոր
0 դիտում, 10 տարի առաջ - 2014-03-25 15:11
Տարածաշրջան

Մանրամասնություններ Քեսաբում բռնարարքների եւ վնասների մասին

Մանրամասնություններ Քեսաբում բռնարարքների եւ վնասների մասին

Քեսապ միշտ ալ խաղաղ աւան մը եղած է, անոր բնակիչները խաղաղասէր եղած են: Անոնք իրենց օրապահիկը կ՚ապահովէին հողագործութեամբ, եւ աւանդականի թեթեւ զբօսաշրջիկութեան գործերով: Քաղաքին մէջ զինուորական կեդրոնատեղիներ կամ նման անձնական կեդրոններ չկան, այդ բոլորը ծայրամասերուն վրայ կը գտնուին, հետեւաբար արդարացուցիչ պատճառներ չկան ժողովուրդը իրենց խաղաղ տուներէն տեղահանելու: Եղածը կը նպատակադրէ չարդարացուած պատճառներով շրջանը իր բնիկ ժողովուրդէն դատարկել:

 

Ժողովրդին կառոյցներու վնասներու տարողութիւնը

Այս մէկը պատահեցաւ քանի մը շէնքերու երբ Ուրբաթ օր այդ ընտանիքները լքեցին իրենց տուները, տակաւին յստակ թիւեր չունինք, չնայած տարածուած շատ մը տեսաերիզները ցոյց կու տան մխացող տուներ եւ շէնքեր:

(Մինաս Պէտիրեանին տունը, Սեպուհ Գարաեագուպեանին հիւրանոցը:)

 

Առեւանգումներ

Երբ Ստիւ Շեխուկեան իր մոթորսայքլով կը հեռանար Տուզաղաճի շրջանէն (պաշտօնական անունը Ալ Շաճարա, որ բախումի շրջան էր Քեսապի մէջ), անոր գնացքը կը խոչընդոտէ զինեալ մը եւ կը ստիպէ անոր վար իջնել իր մոթորսայքլէն: Ստիւ կ՛ըսէ, որ այդ անձը որ զինք կեցուցած էր մօրուքաւոր մէկն էր, որ արաբերէն չէր խօսեր: Երբ Ստիւ ըսած էր, թէ ինք հայ է, մօրուքաւորը դանակ մը հանելով սպառնացած է մորթել զինք կոկորդէն, որմէ ետք Ստիւին շղթայած են մօտակայ շէնքի մը երկաթեայ պատուհանին: Երբ կռիւը սաստկացեր է եւ կրակի բոցեր բարձրացած են, զինեալը փախուստ տուած է եւ զինք ձգած հոն: Ստիւ կրցած է ձերբազատուիլ իր շղթաներէն, թուփերուն մէջէն ճամբայէն դուրս գալ եւ հասնիլ հոն ուր տեղահանուողները ապաստանած էին:

 

Բռնի ուժով ներխուժում

Տիգրանուհի Մանճիկեանը, տարեց եւ անհանգիստ կին մըն է, այն քիչերէն էր որ չկրցան տեղափոխել զինք, իր առողջապահական պայմաններուն պատճառաւ: Քաղաքի կեդրոնը խուզարկելէ ետք, անոնք բռնի ուժով մտան իր տունը, ուր զինեալ մը, բանաւոր եւ մարմնային սպառնալիքներով, ոսկեղէն եւ այլ արժէքաւոր բաներ պահանջեց իրմէ, որ ինք արդէն չունէր: Զինեալը տունը  տակնուվրայ ընելով առաւ այն ինչ որ գտաւ եւ հեռացաւ: Ան իր այս վկայութիւնը հեռախօսով հաղորդեց:

 

Այլ բռնի ուժով ներխուժումներ

Շատ մը տեղահանուողներ, հեռաձայնեցին իրենց տուները, իմանալու համար որ ով պիտի պատասխանէ, ահաւասիկ օրինակներ.-

 

*Մինաս Սողոմոնեանը, որ տնային ճաշեր կը պատրաստէ, երբ զանգեց, անոնցմէ մէկը պատասխանելով իրեն ըսաւ, որ մենք կը վայելենք ձեր համեղ, իսկապէս լաւ գործ կ՛ընէք, որ մեր գործը չէ:

 

*Նման բան պատահեցաւ Ժոզէֆ Քէլաղպեանին հետ, ուր ներխուժողը ըսաւ կը վայելենք ձեր ուտելիքները:

 

*Անի Պոյմուշաքեան երբ հեռաձայնեց Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ գրասենեակը, անոնք պատասխանեցին եւ ըսին որ այս վայրը արդէն մեր հսկողութեան տակ է եւ մեր հաշւոյն եկածին պէս այս տեղին հետ պիտի վարուինք... հեռաձայնը գոցելով ան ըսաւ, որ զինեալները իրենց սպառնալիքները կը կատարեն:

 

*Փարէն Յովսէփեան երբ զանգեց, անոնք իրեն վստահեցուցին թէ շատ գեղեցիկ կահոյք ունի:

 

*Նազարէթ Դանիէլեան նոյնպէս, ներխուժողներ կային իր տան մէջ:

 

Գողութեան տարողութիւնը:

*Զաւէն Բանոսեանին կանաչեղէնի խանութը:

 

*Նշան Ինճէճիկեանին կանաչեղէնի խանութը:

 

*Արմէն Չէրչիկեանին ուտեստեղէնի խանութը եւ այլ խանութներ:

 

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ - ՀԱԼԷՊ

25 Մարտ 2014