Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Երեկ ՀՅԴ տեղեկատվական գրասենյակը լիբանանյան լրատվամիջոցներին հղել է հետեւեալ հաղորդագրությունը.
«Վերջին օրերուն կարգ մը լրատուամիջոցներ անճիշդ լուրեր տարածեցին այն մասին, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ձեռնարկած է արշաւի մը` Պուրճ Համուտէն, Տորայէն եւ Նապաայէն քիւրտեր վտարելու:
ՀՅԴ տեղեկատուական գրասենեակը կը փութայ յստակացնելու, թէ Պուրճ Համուտը էր ու կը մնայ անխտիր բոլոր համայնքներու եւ յարանուանութիւններու համակեցութեան խորհրդանիշը` աշխարհագրական մէկ տարածքի մէջ:
Հարցը աւելին չէ, քան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ համադրաբար շրջանը վերադասաւորել` նկատի ունենալով, որ կայ տարբեր հպատակութիւններու տէր օտար աշխատաւորներու մեծ թիւ մը, որոնք շրջանին մէջ գտնուող մէկ կամ երկու սենեակէ բաղկացած տան մը մէջ կը բնակին աւելի քան 10-15 հոգիով: Ասիկա մեծ անհանգստութիւն կը պատճառէ շէնքերու միւս բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ նման պայմաններով ապրողներուն տուներուն վարձերը անօրինական են, չեն արձանագրուած քաղաքապետութեան մօտ, չեն յարգեր վարձակալութեան համաձայնագիրներու օրէնքները: Կայ նաեւ այն, որ անոնք ինքնութեան փաստաթուղթեր չունին:
Միւս կողմէ, բազմացած են անապահովութեան դէպքերը, շրջանի բնակիչներուն դէմ գործողութիւնները, ինչ որ պատճառ կը դառնայ, որ բնակարանային, առեւտրական, ճարտարարուեստական դիմագիծ ունեցող Պուրճ Համուտը վերածուի վայրի մը, որ խճողուած է անօրինական կերպով Լիբանանի մէջ ապրող օտարներով, որոնք ունին տարբեր հպատակութիւններ` սրիլանքացի, ֆիլիփինցի, եթովպիացի, եգիպտացի, սուրիացի, հնդիկ եւ թիւրքմեն:
Արդարեւ, ընդառաջելով շրջանի բնակիչներու եւ քաղաքացիական մարմիններու պահանջներուն, ինչպէս նաեւ մեկնելով Դաշնակցութեան նախանձախնդրութենէն` Պուրճ Համուտի, Տորայի եւ Նապաայի շրջանները պահելու բնակարանային վայր մը, ուր քաղաքացին կը վայելէ հանգստութիւն, տեղափոխուելու ազատութիւն, ապահովութիւն եւ կայունութիւն, կուսակցութիւնը նախաձեռնեց դիմելու քաղաքապետութեան, որպէսզի այս խորթ ու անօրէն վիճակին վերջ դրուի: Այս քայլին ետին չկայ քաղաքական, համայնքային, յարանուանական կամ ազգութեան վերաբերող որեւէ նկատառում:
Նկատի ունենալով, որ կուսակցութեան քաղաքականութիւնը եւ գործելաոճը ծանօթ են բոլորին` լայնախոհութեան, համագործակցութեան եւ երկխօսութեան իմաստով, նկատել կու տանք, որ լրատուամիջոցներուն կողմէ շրջան ընող հրապարակումները անճիշդ են եւ իրականութեան հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունին:
ՀՅԴ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ»