կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-02-05 17:57
Առանց Կատեգորիա

Դատապարտում ենք ազգային-պետական արժէքներ կամ խորհրդանիշներ վարկաբեկելու, արժեզրկելու որեւէ փորձ. ՀՅԴ Բյուրո

Դատապարտում ենք ազգային-պետական արժէքներ կամ խորհրդանիշներ վարկաբեկելու, արժեզրկելու որեւէ փորձ. ՀՅԴ Բյուրո

Հ.Յ.Դ. Հանրային կապերու գրասենեակի թղթակիցը հետեւեալ հարցումով դիմած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին.

– «Ի՞նչ է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի տեսակէտը Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը փոխելու շուրջ աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր ընթացող հրապարակային բանավէճի մասին»։

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը տուած է հետեւեալ պատասխանը.-

«Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ընկերներ, անցնող օրերուն հրապարակաւ անդրադարձած են այս հարցին՝ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն։

Կրկնելու գնով ըսեմ. Հ.Յ.Դ. Բիւրոն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համաշխարհային կառոյցին անունով կը յայտնէ իր յուսախաբութիւնն ու դժգոհութիւնը այն մասին, որ ՀՀ Ազգային Ժողովի եօթերորդ գումարման առաջին նստաշրջանի բացումէն օրեր անց, Ազգային Ժողովի մեծամասնութեան որոշ ներկայացուցիչներ արտախորհրդարանական՝ ընկերային ցանցերու վրայ եւ կամ հարցազրոյցներու ընթացքին կատարուած յայտարարություններով ՀՀ օրհներգը փոխելու հարցը դարձուցին հանրային քննարկումի առարկայ։

Հաւանաբար հանրային հարթակներու վրայ այս քննարկումին անդրադառնալու անհրաժեշտութիւն չ՚ըլլար, եթէ ըստ էութեան արդէն իսկ փակուող Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ փորձ չկատարուէր այս տխրահռչակ բանավէճին մէջ ներքաշելու տարբեր շրջանակներ եւս։

Դատապարտելով ազգային-պետական արժէքներ կամ խորհրդանիշներ վարկաբեկելու, արժեզրկելու որեւէ փորձ՝ կոչ կ՚ընենք չ՚ենթարկուիլ ամէն ինչ փոխելու և վերատեսութեան ենթարկելու անառողջ գայթակղութեան։ Այսպիսի հաւակնութիւնները ինքնահաստատման լաւագույն ձեւը չեն։

Անհրաժեշտ կը գտնենք յստակ արձանագրել, որ պետական խորհրդանիշերու փոփոխութեան վերաբերեալ անհարկի քննարկումները որեւէ իրաւաքաղաքական հիմք չունին: Հայաստանի դրօշը, օրհներգն ու զինանշանը մեր պետականութեան յարութեան եւ անկախութեան պատգամները նուիրականացնող սրբութիւններ են. այդ խորհրդանիշները կարելի չէ փոխել գեղագիտական նախասիրություններու եւ ճաշակի վրայ հիմնուած։

Մեր հայրենիքը ունի իսկապէս լուրջ մարտահրաւէրներ, որոնք յաղթահարելու կոչուած է արտահերթ ընտրութիւններով ձեւաւորուած այս Ազգային Ժողովը եւ կառավարութիւնը»: