կարևոր
640 դիտում, 3 շաբաթ առաջ - 2024-11-11 14:00
Հասարակություն

Բնապահպանի Դիմակով Ցեղասապան

Բնապահպանի Դիմակով Ցեղասապան

ՔՈՓ 29-ը ՄԱԿ-ի կողմէ գումարուած կլիմայի փոփոխութեան դէմ քայլերու ձեռնարկելու տարեկան վեհաժողովն է, որուն կը մասնակցին 197 պետութիւններ իրենց պատուիրակութիւններով:

Խորհրդաժողովին կը քննարկուին կլիմայի փոփոխութեան առաջքը առնելու միջոցները եւ հետագայ ծրագիրները:

Այս տարի Ազրպէյճան կը վայելէ բարձր հովանաւորութիւնը` հիւրընկալելու ՔՈՓ 29-ը: Պետութիւն մը, որուն առեւտրական շահոյթին աւելի քան 90 տոկոսը կը կազմէ նաւթի եւ կազի արտածումը, կը հանդիսանայ կենսոլորտի ապականումի եւ կլիմայի փոփոխութեան մեծագոյն սպառնալիքներէն մէկը,`իր սահմաններէն ներս ունենալով ապականած լայնածաւալ տարածքներ, այս տարի կլիմայի պաշտպանութեան համաժողովը կը կազմակերպէ:

Ազրպէյճանի իշխանութիւնը, կենսոլորտի եւ բնութեան դէմ գործած իր ոճիրներուն կողքին, նաեւ շարունակ հալածանքներու կ՛ենթարկէ Ազրպէյճանի ընդդիմութիւնը եւ անընդհատ բռնութիւն կը կիրարկէ պետութեան սահմաններէն ներս բնակող փոքրամասնութիւններուն դէմ, որոնք երկրին մէջ կը յառաջացնեն անկայուն վիճակ:

Այս բոլորին զուգահեռ, Ազրպէյճան արցախեան հարցի շուրջ կ՛անցնի մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման բոլոր կարմիր գիծերը: 2020 թուականի քառասունչորսօրեայ պատերազմին Ազրպէյճան արձանագրած է ՄԱԿ-ի կողմէ ընդունուած միջազգային օրէնքներու զանազան խախտումներ` յաճախակի կերպով ռմբակոծումի ենթարկելով Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը եւ օգտագործելով միջազգայնօրէն արգիլուած զէնքեր, որոնք մարդկային կեանքերու հասցուցած վնասներու կողքին, նաեւ մեծապէս կը վնասեն բնութեան:

Ազրպէյճան կատարելագործեց մարդկութեան դէմ իր ոճիրները դեկտեմբեր 2022-ի Արցախի շրջափակումով, որ տեւեց մօտաւորապէս 9 ամիս, իսկ անկէ ետք կրակ բացաւ Արցախի խաղաղ բնակչութեան վրայ` կատարելով 21-րդ դարու ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ: 2023 սեպտեմբերին հայոց հազարամեայ պատմութեան ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով Արցախը հայաթափուեցաւ: Նաեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները անհիմն մեղադրանքներով կը շարունակեն կալանքի տակ պահել Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարները, որոնց շարքին` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը:

ՔՈՓ 29-ը յարմարագոյն առիթն է համայն աշխարհին ցոյց տալու Ազրպէյճանի ոճրագործ իշխանութիւններուն իսկական դէմքը` դէմ դնելով նաւթի շահերով կատարուող լրատուական եւ ընկերային ցանցներու հսկայական քարոզչութեան: Ազրպէյճան արժանի չէ կրելու բնապահպանի դիմակը, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը ցեղասպանած պետութիւն է:

Ուստի, իբրեւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի երիտասարդներ` մեր նուազագոյն պարտքն է ձայն բարձրացնել բոլոր հարթակներուն վրայ բացայայտելու համար Ազրպէյճանի ծաւալապաշտական ախորժակները եւ քաղաքակիրթ աշխարհին ու միջազգային ընտանիքին յիշեցնելու Ռուանտայի ցեղասպանութեան ընթացքին իրենց նշանաւոր խօսքը` «Never again»:

 

ԿԱՐԷՆ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղ

«Ազդակ»