կարևոր
2104 դիտում, 11 ամիս առաջ - 2023-12-22 13:37
Քաղաքական

Տարին կը փակենք Արցախի կորուստին խոր ցաւով

Տարին կը փակենք Արցախի կորուստին խոր ցաւով

2023-ը կը փակենք տխուր էջով մը, որուն վրայ պատմութիւնը պիտի արձանագրէ Արցախի կորուստը, Արցախի յանձնումը, արցախցի մեր ազգակիցներուն բռնի տեղահանումը եւ Արցախի պետական այրերուն Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ ձերբակալուած մնալը:

Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները բոլորովին անտեսուեցան, իսկ Ատրպէյճան հայկական հողի մշակութային ժառանգութիւնը աստիճանաբար քանդելու եւ աղաւաղելու լծուած է, որպէսզի ոչ միայն Արցախի հայկականութիւնը հերքէ ու հերքել տայ ողջ աշխարհին, այլեւ նսեմացնէ հայութիւնն ու իր մշակոյթը թշնամական իր վերաբերմունքով:

Արցախը հայկական է, ունեցած է անկախ կարգավիճակ ոչ միայն Արցախի Հանրապետութեան կերտումով, ժողովրդային հանրաքուէով, այլ նոյնիսկ Խորհրդային Միութեան տարիներուն:

Մինչ Երեւանը տօնածառի լոյսերով կը պսպղայ, կսկիծը կը պատէ բոլորիս սրտերը, որովհետեւ տարին կը փակենք առանց Արցախի, կամ իր բնիկ ժողովուրդէն դատարկուած Արցախով:

Արցախի հայկականութիւնը կարելի չէ ուրանալ՝ խաղաղութեան պայմանագրերու խաբուսիկ շղարշով կամ միջազգային դերակատարներու կամակատարութեան պարտադրանքին տակ, քանի որ Արցախը միայն հողատարածք չէ, Արցախը պայքարի օրրան է, մշակութային ժառանգութիւն է, նահատակներու արեամբ սրբացած հայրենիք է:

Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներն ու անվտանգութեան հարցերը մէկընդմիշտ հանուեցան բանակցութիւններու օրակարգերէն: Մէկ խօսքով պատմական մեր հայրենիքի մէկ մասը կորսնցուցինք ու մեզ կը ստիպեն մոռնալ հայկական այդ հողը՝ յանուն խաղաղութեան:

Բայց միթէ՞ խաղաղութիւն կարելի է հաստատել անարգելով նոյնիսկ պարտուող կողմին տարրական իրաւունքները, իր հայրենի հողին վրայ ապրելու միջազգային, մարդկային իրաւունքը:

Ինչո՞ւ Հայաստան տէր չի կանգնիր արցախցիներուն, որպէսզի իրենց հողին վրայ, իրենց ծննդավայրին մէջ ապրին: Այդ ո՞ր միջազգային օրէնքն է, որ հաշտ աչքով կը դիտէ ժողովուրդի մը զանգուածային տեղահանումը իր հայրենիքէն ու վերադարձի կամուրջներու մէկընդմիշտ այրումը:

Տարին կը փակենք ու տակաւին ոչ մէկ յոյս Արցախի մէջ ապօրինաբար ձերբակալուածներու ազատ արձակման մասին: Ձերբակալուած են մարդիկ, որոնք իրենց ժողովուրդի ձայնին անսալով ստանձնած են պետական պաշտօններ ու ապրելու խաղաղ ու ազատ միջավայր ստեղծելով, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային իրաւունքէն մեկնելով սատարած արցախցիներու բնականոն կեանքին:

Անոնք մեր հպարտութիւնն էին, մեր ազգի կամարտայայտութեան վկաները, բայց տակաւին չենք յաջողած միջոցներ գտնել դուրս բերելու զիրենք Ատրպէյճանի բանտերէն:

Ի՞նչ խաղաղութեան համաձայնագիրի մասին կը խօսուի Արցախի ժողովուրդին հաշուոյն, խաղաղութեան պայմանագիրը արդիւնաւորուելու համար պիտի բխի երկու կողմերու իրաւունքներէն, այլապէս ոչ թէ խաղաղութեան, այլ՝ Հայաստանին նկատմամբ յաւելեալ ճնշումներու անփակելի դուռ մը պիտի բանայ:

Այնքան ատեն որ միջազգային օրէնքը թոյլ կուտայ պատմական իրենց հողին վրայ ապրող ժողովուրդներուն ինքնորոշուիլ, արդար է պահանջել իրենց պատմական հայրենիքէն բռնի տեղահանուած արցախցիներու վերադարձի իրաւունքը միջազգային երաշխիքներով եւ Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ տառապող մեր ազգակիցներուն ազատ արձակումը:

2024-ը մտնենք գէթ այս յանձնառութեամբ, միշտ յիշելով որ Արցախի համար սերունդներ իրենց կեանքը նուիրեցին որպէս պայքարող ոչ թէ յանձնուող ազգի զաւակներ: Անոնց պանծալի յիշատակը նսեմացնելու իրաւունք չունինք ազգովին:

«Գանձասար»-ի խմբագրական