Փոխարժեքներ
28 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 391.63 |
EUR | ⚊ | € 412.31 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.58 |
GBP | ⚊ | £ 494.04 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.93 |
Ուրբաթ, 24 նոյեմբերին Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց քաղաքացիներու կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն: Հարցում ուղղելու իրաւունք ստացեր էին ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները, այլեւ սփիւռքահայերը: Հարցումները յղուած էին նախապէս եւ պատշաճօրէն խմբագրուած:
Համբերութեամբ հետեւեցայ մօտ ութ ժամ տեւած այս եզակի հարցազրոյցին: Հարցումներուն ոճը կը նմանէր հեքիաթներու մէջ պատմուող հպատակ-թագաւոր զրոյցին` «Թագաւորը ապրած կենայ, ես խնդիրք մը ունիմ, մեռնեմ քո հոգիին»: «Թագաւորը» կը պատասխանէր բարեացակամ ոճով, երկար-բարակ բացատրելով կրկին ու կրկին ծանօթ իրողութիւններ: Առիթը օգտագործելով, Նիկոլ Փաշինեան երբեմն նիւթէն կը շեղէր ու իր տեսակէտները անգամ մը եւս ներկայացնելու առիթ կը ստեղծէր: Հարցազրոյցի աւարտին մօտ հասաւ մինչեւ… Պապ թագաւոր (4-րդ դար):
Հետաքրքրական բազմաթիւ նիւթերու մէջէն կ՛ուզեմ առանձնացնել Հայաստանի ներկան ու ապագան բնորոշող հիմնական գաղափար մը, կարելի է ըսել` արդիական գաղափարախօսութիւն մը: «Խաղաղութեան խաչմերուկ» հանդիսանալու կոչուած Հայաստանը, ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, 29800 քառ. քմ տարածքով երկիր մըն է, որուն վրայ հիմնուած է պետութիւն մը: Այս պետութիւնը, մօտաւոր ապագային ճշդելի սահմաններով, հայոց հայրենիքն է: Նիկոլ Փաշինեան կը դաւանի, որ հայրենիք եւ պետութիւն անշփոթ կերպով միացած են իրարու, ինչպէս Հայ եկեղեցւոյ դաւանած Քրիստոսի աստուածային եւ մարդկային բնութիւններու անշփոթ միացումը:
Բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատային, որ հայ ազգին հայրենիքը այն տարածքն է, ուր գոյացած է ցեղերու միախառնում, ուր կերտուած է պատմական անցեալ, խօսուած է լեզու ու պաշտուած կրօն, ստեղծուած են սովորութիւններ, աւանդութիւններ, կենսակերպ, մշակոյթ, գիր ու գրականութիւն, երաժշտութիւն ու պարարուեստ, ճարտարապետութիւն ու քանդակագործութիւն եւ տակաւին այլ հարստութիւններ, խաբկանք եղած է: Դարերով հալածուած, ջարդուած, խժդժութեանց ենթարկուած, բայց միշտ իր ինքնութիւնը պահպանած ժողովուրդի հաւաքական ապրումներն ու իղձերը եղած են սուտ եւ անիրական:
Հայոց պատմական հայրենիքին մէկ փոքրիկ պատառին վրայ ծուարած ժամանակակից պետականութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութիւնը թանկագին աւանդ է, զոր պարտինք սիրել ու պաշտպանել: Սակայն ամբողջական Հայաստանը չէ, հայոց հայրենիքին մէկ մասն է միայն:
Գուրգուրալ հայկական ժամանակակից պետականութեան վրայ, պաշտպանել զայն, օժանդակել անոր բարգաւաճման, չ՛ենթադրեր ուրանալ ամբողջը: Ոչ ոք, ոչ իսկ Նիկոլ Փաշինեանը ընտրողներու բազմութիւնը իրաւունք տուած է իրեն որոշելու, որ Հայաստան հողային պահանջ չունի հարեւաններէն ու ապագային ալ` պիտի չունենայ: Հասկնալի է, որ այսօրուան պայմաններուն մէջ հողային պահանջներու արկածախնդրութեան կարելի չէ դիմել, սակայն ներկայիս ապրողներս իրաւունք չունինք ապագայ սերունդներու իրաւունքը ինչ որ խաղաղութեան պայմանագիրներով խափանելու: Ամէն ժամանակամիջոց կ՛ունենայ իր պայմանները, որոնք կրնան օր մը նպաստաւոր կացութիւններ ստեղծել ու սերունդի մը հնարաւորութիւն տալ սրբագրելու պատմական անարդարութիւնը:
Նոր անարդարութիւն մըն ալ ստեղծուեցաւ Արցախի պարպումով: Վերադարձի կարելիութեան մասին հարցումին Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց Արցախի գաղթական ժողովուրդը հրաւիրելով ստանալու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն: Այսինքն` մոռնալու Արցախը: Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեան մաս չի կազմեր (թէեւ ինք յայտարարած էր. «Արցախը Հայաստան է, ու վերջ»), ուրեմն հայրենիք չի համարուիր: Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի դառնալով հանրութեան մէջ մերուելով, արցախցիները հայրենադարձ կը դառնան ու փաշինեանական դաւանանքը գործադրուած կ՛ըլլայ:
Ես միշտ խուսափած եմ վիրաւորական արտայայտութիւններէ: Սակայն պետութիւնը ժամանակաւորապէս ներկայացնող իշխանութեան ղեկին կանգնողներուն հրաժարումը իրենց իսկ նախընտրական խոստումներէն, որ կ՛երկարի մինչեւ հայրենիքի գաղափարին ուրացումին, կը ստիպէ զիս վկայելու, որ ականատես ենք ազգային դաւաճանութեան հրապարակային դրսեւորման:
Վերջ պէտք է տրուի այս գահավէժ անկումին:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com