Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Այլեւս սովորութիւն դարձած է. 19 Բաղրամեանի այժմու բնակիչներէն «զհաց մեր հանապազորդ»-ի յաճախակիութեամբ կը լսուին տարօրինակ եւ զարմանալի լուրեր, գիւտեր, իմաստութիւննե՜ր։
Անցեալ շաբաթ, քննարկուեցաւ տարեշրջանի կառավարական պիւտճէն, եւ ի՜նչ զարմանք, մոռցուած էր բռնագաղթի ենթարկուած արցախահայութեան իրավիճակը։
Իսկ այս օրերուն, կարելի է կամուրջներ նետել մէկ կողմէ՝ Հ․Հ․ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի անտրամաբանական եւ նէօ-ժողովրդավարական ձաբռտուքներուն եւ միւս կողմէ՝ Երեւանի մէջ կայացած՝ ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանին առիթով՝ վարչապետ Փաշինեանի խաղաղութիւն մուրացող «խոստովանանք»-ներուն միջեւ։
Եթէ Սիմոնեանի սովորութիւն դարձած ցնց(դ)իչ արտայայտութիւնները ոչ մէկ մտահոգութիւն կը ստեղծեն ունկնդիրներուն, պարագան նոյնը չէ Երեւանի «Կարէն Տէմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ, վարչապետ Փաշինեանի ո՛չ մարզական, ո՛չ ալ համերգային, այլ քաղաքական լուրջ նիւթ ընդգրկող՝ միամիտ, պարտուողական եւ սնանկ յայտարարութիւններուն։
Սիմոնեան, սովորականին նման եւ մտային (հարց է թէ տեղ մը միտք կա՞յ) խոր համոզումով, յայտնեց, թէ ներկայ հարցերու ստեղծման եւ հանգուցալուծման հիմնական թնճուկը Արցախն է։ Ան նոյնիսկ ժպրհեցաւ շեշտել, թէ արցախահայութիւնը… կը վտանգէ Հայաստանի անվտանգութիւնը։ Հայը ինքզինք չի կրնար մխիթարել ըսելով, որ Փաշինեան եւ ուրիշներ ալ նոյն վտանգը կը տեսնեն:
Նմանօրինակ տեսլական մը ունեցող եւ խղճի ամենայն հանգստութեամբ արտայայտուող պաշտօնատար մը երբ կը շարունակէ մնալ իրեն տրամադրուած դիրքին վրայ, ու 19 Բաղրամեանի աթոռներուն վրայ հանգստօրէն զինք ունկնդրող եւ ընկալող «խուլ ու համր» գաղափարակիցները լուռ ու մունջ մտիկ կ՛ընեն եւ ոչ մէկ բողոք կ՛արձագանգեն․․․։ Անդին, բանական մարդը, հայրենիքին ու Արցախին արժէքը չանտեսող հայը միայն ընդվզում կ’ապրի ի տես եւ ի լուր վիճակի մը, որուն շարունակութիւնը համա-եւրոպական ոլորտէն ներս կատարուեցաւ վարչապետին այլանդակ հաստատումներով։
Փաշինեան շեշտեց, թէ վերջին ամիսներուն պատահած դէպքերուն լոյսին տակ, կասկածէ վեր է, որ աշխարհը նոյնը պիտի չըլլայ (Աստուած հոգին լուսաւորէ Լափալիսին)։ Ինչպէ՞ս բացատրել կամ մեկնաբանել անոր դիտարկումը, որ շարունակուեցաւ լրատուական տեղեկագրութեամբ, թէ՝ շնորհիւ Եւրոպայի խորհրդարանին ժրաջան աշխատանքին, կարելի եղած է խաղաղութեան հասնիլ: Յետոյ, անգամ մը եւս դուրս տուաւ նորագոյն գիւտ- յանկերգը, թէ Հայաստանի տարածքը 29 հազար 800 քառակուսի քլմ․ է, իսկ Ատրպէյճանի տարածքը՝ 86 հազար 600 քառակուսի քլմ․, այլ խօսքով, անգամ մը եւս հաստատեց, թէ Արցախը կ՛ընդունի իբրեւ ատրպէյճանական հողամաս։ Իսկ յանկերգին վերջին «յաւելուա՞ծը»… Տեղեկութիւններ՝ կղզիացած տարածքներուն (անքլաւ) մասին։
Չմոռնանք նորագո՛յն գիւտը. Փաշինեան խօսեցաւ իր նորագոյն քաղաքական «մետաքսեայ ճանապարհ»-ին, այսինքն «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ին մասին, ահազանգ հնչեցուց, թէ Ալիեւ բազմիցս Հայաստան-ի փոխարէն կը գործածէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» եզրոյթը։ Կա՞յ մէկը, որ այս վարչապետէն կը սպասէ այնքան յիշողութիւն եւ իմաստութիւն, որպէսզի անդրադառնայ, թէ իր «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի ցնորական մենախօսութեան հետեւանքներէն մէկն ալ այն է, որ հայոց պատմութեան դասագիրքերէն վերցուած են Արցախն ու արցախահայութեան մասին մանրամասն տեղեկութիւններ։
Հաւանաբար վարչապետին միակ ճիշդ հաստատումը այն «վատ լուր»-ն էր, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան տակաւին կը խօսին դիւանագիտական տարբեր լեզուներով եւ յաճախ (դուք հասկցէ՛ք՝ երբեք) զիրար չեն հասկնար։
Սա սոսկ վատ լուր մը չէ, այլ հասկցողին համար շա՜տ աւելին։ Փաստօրէն, վատութեան եւ վարչապետին ապիկարութեան տարողութիւնը չափելու համար, կ’արժէ արձանագրել, որ նոյն «խաղաղասէր»-ը մէկ կողմէ կը հաւաստէ, որ Ատրպէյճանի հետ 70 առ հարիւրով համաձայնութեան հասած է, իսկ քանի մը վայրկեան ետք կը նկատէ, որ Ատրպէյճան թշնամանք ունի, «զիրար չենք հասկնար», եւ իրեններուն հետ կը բացայայտէ այն մտավախութիւնը, թէ նոր պատերազմ կրնայ շղթայազերծուիլ: Է՛, մա՛րդ, ո՞ր ըսածիդ հաւատանք: Ինքնահակասումն ու ինքնաժխտումն ալ պէտք է տեղ մը սահման ունենան, նուազագոյն տրամաբանութիւն մը պահպանեն…
Հետեւութիւն մը: Ականատես ենք երկու բոլորովին ներհակ ուղղութիւններ, որոնց հետեւաքները լրջօրէն վտանգ կը ստեղծեն Կովկասեան բարձաւանդակին մէջ, ուր «խաղաղութեան խաչմերուկ» հասկացութիւնը գոյութիւն չունի ո՛չ միայն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի քով, այլ փաշինեանական մենախօսութիւնը անարձագանգ կը մնայ բարեկամին, կրաւորականին ու… մեզ շրջապատող աշխարհին կողմէ։
Կրկնենք գիւտարար վարչապետին առաջին նախադասութիւնը. «Աշխարհը նոյնը չի լինելու», իսկ ինչ որ «լինելու է», հեռու, շա՜տ հեռու է երազային «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ութոփիայէն։ Ու մեզի համար ամէնէն վտանգաւո՞րը՝ ո՛չ միայն «ապագայ կա՛յ» յանկերգը շոգիացած է, այլ Սիւնիքէն ու Տաւուշէն սկսեալ՝ ամբողջ Հայաստանը դրուած են շոգիանալու վտանգին տակ: Երեւակայեցէ՜ք, որ շշուկներ հրապարակ նետուած են, թէ Փաշինեան դարձեալ կրնայ դիմել կանխահաս ընտրութիւններու եւ ամրագրել Հայաստանի վերջնական լուծարքի իր դաւադիր ծրագիրը…:
Արթնութեան պահը երէ՛կ էր, պատերազմէն ե՛տք էր, մինչեւ իսկ անկէ՛ ալ առաջ: Հայորդին ինքն իրեն չի՛ կրնար արտօնել յաւելեալ ուշացում:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական