կարևոր
1342 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-11-20 15:28
Քաղաքական

Կրկնապատկուած Վտանգը

Կրկնապատկուած Վտանգը

22 փետրուար 2022-ին, ռուս-ուքրանական պատերազմի սկիզբէն ետք, Արեւմուտքը մեծ ջանքեր գործադրեց Ռուսիան 2-րդ ճակատի մը վրայ կռուի ներքաշելով Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ անոր դիրքը տկարացնելու եւ զայն ռազմավարական պարտութեան մատնելու համար: Ռուսիան, սակայն, յաջողեցաւ խուսափիլ այդ ծուղակը իյնալէն:

Հայկական կողմը արեւմտեան այդ ջանքերուն ու անոնց լոյսին տակ ռուսական կողմի զգուշաւորութեան պատճառով սուղ գին վճարեց. Արցախը բռնագրաւուեցաւ:

Ռուսական կողմը իր կարգին փորձեց Արեւմուտքը մղել 2-րդ ճակատի մը վրայ կռուելու, որպէսզի նուազեցնէ եւ թուլացնէ ուքրանական կողմին տրամադրուած արեւմտեան աջակցութիւնը: 26 յուլիս 2023-ին Նիկերի իշխանութեան դէմ զինուորական յեղաշրջում տեղի ունեցաւ` աջակցութեամբ ռուսական «Վակներ» զինուորական սեփական ընկերութեան: Արեւմուտքը, սակայն, իր կարգին յաջողեցաւ խուսափիլ այդ թակարդին մէջ ներքաշուելէ:

Ի վերջոյ, տեղի ունեցաւ ռուս-արեւմտեան հակամարտութեան եւ անոր առնչուած սադրանքներու հետ որեւէ կապ չունեցող, անջատ ու անակնկալ զարգացում մը. 7 հոկտեմբեր 2023-ին պաղեստինեան Համաս շարժումի զինեալ թեւ Քասսամի փաղանգները «Աքսայի ջրհեղեղ» յանդուգն գործողութիւնը շղթայազերծելով` մեծ հարուած մը հասցուցին Իսրայէլին: Երկու կողմերուն միջեւ ընթացք առին կատաղի մարտեր:

Արեւմուտքը այս անգամ չդիմացաւ փորձութեան եւ ինքզինք գտաւ 2-րդ ճակատի մը վրայ կռուի մէջ: Ինչպէս արաբական ասացուածքը կ՛ըսէ. «Ան, որ իր եղբօր համար փոս կը փորէ, ինք կ՛իյնայ այդ փոսը»:

Բոլոր լուսարձակները կեդրոնացան այդ հակամարտութեան վրայ` հեռանալով ուքրանականէն, որ մինչ այդ լուսարձակները իր վրայ կեդրոնացուցած էր եւ միջազգային բոլոր հարցերը` շուքի մատնած: Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան մէկ նկատառելի մասը, թերեւս` մեծ մասը, եւս ուղղուեցաւ դէպի Իսրայէլ:

Կազայի պատերազմը Ուքրանիոյ համար մեծապէս վտանգաւոր է, իսկ ռուսական կողմին համար` մեծապէս դրական զարգացում մը, սակայն` ոչ անոր ջանքին ու աշխատանքին պտուղը, այլ` «երկինքէն ինկած մանանայ» մը:

Ի տարբերութիւն Նիկերի օրինակին` երեք ազդակներ այս անգամ Ուաշինկթընը մղեցին 2-րդ ճակատի վրայ կռուելու փորձութեան դիմաց ընկրկելու. առաջինը, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ երկիրը անոր «շփացած որդին»` Իսրայէլն է, երկրորդը` Միացեալ Նահանգներու մէջ 2024-ին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւնը, իսկ երրորդը` իրանեան գործօնը, նկատի ունենալով, որ պաղեստինեան Համաս շարժումը, մասնաւորաբար` անոր զինեալ թեւը, կը վայելէ Թեհրանի աջակցութիւնը:

Ամերիկեան ներկայ կամ որեւէ այլ վարչակազմ չէր կրնար արտօնել Իրանի կամակատարներուն դիմաց Իսրայէլի պարտութիւնը, մանաւանդ` Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան նախօրեակին:

Կազայի իրադարձութիւնները եկան առաւել եւս ուշադրութիւնը շեղելու Հարաւային Կովկասի մէջ զարգացումներէն, որոնք առաւել եւս լուսանցքայնացուեցան, ինչ որ մեծ առիթ կ՛ընծայէ արդէն իսկ ռուս-ուքրանական պատերազմի առիթէն օգտուած Ազրպէյճանին` յառաջ մղելու համար իր յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը եւ իրագործելու իր ծաւալապաշտ ծրագիրը:

Պաքուն արդէն յայտարարեց. «Հայաստան բռնագրաւուած ազրպէյճանական 8 գիւղ չէ յանձնած»` այդպիսով յայտարարելով քասիւս պելլի մը` պատերազմի շղթայազերծումը արդարացնող դրդապատճառի մը գոյութիւնը:

Այս կացութեան մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, մեկնաբանելով Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) մէջ շրջանային եւ միջազգային նշանակութեան ճամբաներու եւ այլ հաղորդակցութիւններու անվտանգութեան վերահսկման ստորաբաժանում ստեղծելու քայլը, միացաւ թուրք-ազրպէյճանական կողմի «Զանգեզուրի միջանցք»-ի յանկերգին եւ նշեց. «Պիտի ուզէի ուշադրութիւն հրաւիրել, որ եռակողմ համաձայնութիւններուն համապատասխան` Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան վերահսկումը պիտի կատարեն Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան սահմանապահ ծառայութեան մարմինները»:

Զախարովա մահացած համաձայնութիւն մը կը յիշէ, այդ ալ` թերի կամ մասնակի կերպով, որովհետեւ 9 նոյեմբեր 2020-ի համաձայնութիւնը այլ կէտեր ալ կը պարունակէր, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Լաչինի միջանցքին ու անոր վերահսկողութեան… Այդ կէտի կիրարկման «մոռացումը» համաձայնութեան համար դարձաւ մահաբեր վէրք մը, որ կը շարունակէ ապականել ռուս-հայկական յարաբերութիւնները:

ԱԱԾ-ի վերոնշեալ յատուկ ստորաբաժանումի ստեղծումը ահազանգ հնչեցուց եւ յանկարծ ռուսական կողմը իր երկարատեւ թմբիրէն արթնցնելով` անոր յիշեցուց եռակողմ համաձայնութեան մը, աւելի ճիշդ` անոր մէկ կէտին գոյութիւնը, որովհետեւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին ԱԱԾ-ի վերահսկողութեան տակ ըլլալը նպաստաւոր չէ Ռուսիոյ համար` նկատի ունենալով Երեւանի իշխանութիւններուն արեւմտամէտ նկրտումները:

Թայմինկը եւս ուշագրաւ է. «Զանգեզուրի միջանցք»-ին միակ կտրուկ կերպով ընդդիմացող եւ զայն կարմիր գիծ նկատող կողմը Իրանն է, որ Կազայի իրադարձութիւններու պայմաններուն մէջ դժուար թէ ուժի կիրարկման իր սպառնալիքը գործադրէ, որովհետեւ այժմ Կազայի պատերազմը տարածաշրջանին մէջ ընդլայնելու սպառնալիքը կ՛օգտագործէ: Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ պատերազմի մը մէջ ներքաշուիլը բնականաբար կը չէզոքացնէ այդ սպառնալիքը:

«Զանգեզուրի միջանցք»-ի ծրագիրին դէմ պատերազմը, յաչս իր համակիրներուն, կը վարկաբեկէ Իսլամական Հանրապետութիւնը, որ իսլամական երրորդ սրբավայր Երուսաղէմի ազատագրութեան փոխարէն` կը կռուի իր պատմական հիւսիսային ճամբու ազատութեան համար` պաղեստինցիները լքելով իրենց ճակատագիրին:

Ուքրանական պատերազմը հայկական կողմին համար մեծ վտանգ ստեղծեց, եւ ի վերջոյ այդ պայմաններուն մէջ անգնահատելի վնաս կրեցինք, իսկ այժմ Կազայի իրադարձութիւնները կու գան կրկնապատկելու հայկական կողմին ռուս-ուքրանական պատերազմի սկիզբը դիմագրաւած վտանգը:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ