կարևոր
2995 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-12-24 16:18
Քաղաքական

2020-ի Եռակողմ Յայտարարութեան Իմաստազրկման Վտանգը

2020-ի Եռակողմ Յայտարարութեան Իմաստազրկման Վտանգը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վետանթ Փաթել 18 դեկտեմբերին, անդրադառնալով Արցախ- Հայաստան եւ մնացեալ աշխարհի հետ միակ կապին` Բերձորի (Լաչինի) միջանցքի Ազրպէյճանի կողմէ փակման, դիպուկ կերպով նշեց. «Լաչինի միջանցքի փակումը կրնայ լրջագոյն մարդասիրական հետեւանքներ ունենալ եւ, անկեղծ ըսելով, կը դանդաղեցնէ խաղաղութեան հոլովոյթը»:

Անոր յայտարարութեան առաջին բաժինը` մարդասիրական աղէտի ակնարկող հատուածը, աւելի քան պարզ է եւ յաւելեալ մեկնաբանութեան չի կարօտիր: Քաղաքական գետնի վրայ նշանակալիցը վերոնշեալ խօսքին երկրորդ բաժինն ու անոր յաջորդած բաժիններն են:
Բնապահպաններու փետուրներով ծպտուած Ազրպէյճանի իշխանութիւնները 3 դեկտեմբերին փակեցին Բերձորի միջանցքը, ապա քանի մը ժամ վերջ վերաբացին: Ատոր նպատակը միջազգային ընտանիքին հակազդեցութիւնը փորձելն էր: Դժբախտաբար միջազգային ընտանիքը պատշաճ հակազդեցութիւն չցուցաբերեց, ինչոր պատճառ դարձաւ, որ Պաքուն ինքնավստահ դառնայ, մէկդի ձգէ իր զգուշաւորութիւնը եւ 12 դեկտեմբերին յանդգնի փակել արցախահայութեան համար գոյութենական կարեւորութիւն ունեցող այդ միջանցքը:

Ազրպէյճանական կողմի քայլը բնականաբար չի նպաստեր հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններուն համար հարկ եղած փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման, որուն ջատագովն էր միջազգային ընտանիքը: Ուստի վերջինս չի կրնար ձեռնածալ մնալ ու հաշտ աչքով դիտել Ազրպէյճանի կողմէ իր ջանքերուն ականահարումը, որուն անմիջական հետեւանքը հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման բանակցութիւններու դանդաղումն է: Միջազգային ընտանիքը, սակայն, խնդիրի լուծման համար սխալ ուղի ընտրած է:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալը վերոնշեալ մատնանշումով չբաւարարուեցաւ եւ յայտարարեց. «Մենք կոչ կ՛ուղղենք կարելի եղածին չափ շուտ վերականգնելու միջանցքին ճամբով ազատ տեղաշարժը, իսկ ատոր ուղին բանակցութիւնն է»: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենանին 20 դեկտեմբերին նոյնիմաստ յայտարարութիւն մը կատարելով` նշեց. «Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման հարցը պէտք է լուծուի կողմերու միջեւ երկխօսութեան միջոցով եւ խաղաղ ճամբով»: 21 դեկտեմբերին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի` Բերձորի միջանցքի շուրջ ստեղծուած կացութեան քննարկման նիստի ընթացքին Չինաստանի ներկայացուցիչը իր կարգին յայտնեց.«Մենք կը հաւատանք, որ Լաչինի միջանցքի շուրջ վէճերը պէտք է լուծուին երկխօսութեան միջոցով»:

Ցաւալի է, որ ստեղծուած կացութեան դարմանման համար առաջարկուող լուծումը կողմերու միջեւ բանակցութիւնն է եւ ոչ թէ` Ազրպէյճանի 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրմամբ ստանձնած յանձնարութեան վերականգնումը: Բանակցութիւն` կը նշանակէ փոխզիջում, ուստի եւ` այդ եռակողմ յայտարարութեան շրջանցում, արժեզրկում ու իմաստազրկում: Պաքուի կողմէ Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի արգելափակումը ծանր հարուած էր 2020-ին գոյացած համաձայնութեան, եւ հայկական կողմէ ազրպէյճանական շանթաժին դիմաց կատարուելիք որեւէ զիջում պիտի նշանակէ անոր մահը:

Բերձորի միջանցքի փակումը չհրահրուած ու կանխամտածուած յարձակում է թէ՛ հայկական կողմին, թէ՛ ալ եռակողմ համաձայնութեան դէմ: Պաքուն, օգտուելով Ուքրանիայի հակամարտութեան պայմաններէն, կը փորձէ տապալել 9 նոյեմբեր 2020-ի համաձայնութիւնը: Այդ յայտարարութեան գոյութեան իմաստը վտանգուած է: Ստորագրուած համաձայնութիւնը ականահարելու այս փորձը միջազգային ընտանիքին, մասնաւորաբար` Եւրոպական Միութեան, ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն «վստահելի գործընկեր» է Ազրպէյճանը:

Այսօր, որքան ալ հեգնական թուի ու անախորժ ըլլայ, աւելի քան հրամայական է պաշտպանել ու վերականգնել 2020-ի եռակողմ յայտարարութիւնը եւ առաւել եւս երաշխաւորել, որ Ազրպէյճան դարձեալ պիտի չդիմէ Բերձորի միջանցքը փակելու շանթաժին, այլապէս նոյն խնդիրը շարունակ պիտի վերածնի եւ զայն «երկխօսութեան միջոցով եւ խաղաղ ճամբով» կամ «բանակցութեան ուղիով» լուծելու համար հայկական կողմէն զինք հիւծող զիջումներ պիտի պահանջուին:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ