կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-02-18 23:06
Հասարակություն

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը բուռն կերպով կը հակազդէ պատգամաւոր Գուփըրի Խոջալուի դէպքերուն առնչուող յայտարարութեան

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը բուռն կերպով կը հակազդէ պատգամաւոր Գուփըրի Խոջալուի դէպքերուն առնչուող յայտարարութեան
Փետրուար 16-ին, Գանատայի Ալպերթա նահանգի մայրաքաղաք Էտմընթընի Սենթ Ալպերթ ընտրատարածքի Գանատայի խորհրդարանի Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Մայքըլ Գուփըրը հակահայ խնդրագիր մը ներկայացուց խորհրդարանի նիստի ընթացքին, որ կը վերաբերի 1992 թուականի Խոջալուի իրադարձութիւններուն։ Գանատացի պատգամաւորին հովանաւորութիւնը վայելող խնդրագիրը կը կրէ 1500 ստորագրութիւն եւ ներկայացուած է Network of Azerbaijani Canadians ատրպէյճանական կազմակերպութեան կողմէ։ Կեղծ տուեալներով խմբագրուած եւ ատրպէյճանական հակահայ պետական քարոզչութիւնը տարածող խնդրագիրը՝ հայերուն կ՚ամբաստանէ Խոջալուի մէջ «սպանդներ կազմակերպելու» մեղադրանքով։
 
Մայքըլ Գուփըր խորհրդարանի նիստի ընթացքին իր յայտարութեան մէջ անհիմն մեղադրանքներ հնչեցուց հայկական բանակի հասցէին` կապուած 1992 թուականի փետրուարին Արցախի Իւանեան (Խոջալու) քաղաքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն՝ ամբողջութեամբ անտեսելով վերջին պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուած ռազմական յանցագործութիւններն ու մարդկային իրաւանց խախտումները:
 
Աւելին, խնդրագրի ներկայացման նախօրեակին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կապ հաստատած է Գուփըրի գրասենեակին հետ՝ խնդրելով պարզաբանել պատգամաւորին դիրքորոշումը՝ խնդրագիրը հովանաւորելու առնչութեամբ։ Գրասենեակը այս հարցին արձագանգած է յայտնելով, որ խնդրագրի հովանաւորութիւնը անպայմանօրէն չ՚ենթադրեր պատգամաւորի զօրակցութիւնը խնդրագրին։ Այս մասին անդրադառնալով, Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ հրապարակուած ֆէյսպուքի գրառումը յստակօրէն կը հաստատէ, որ Մայքըլ Գուփըր վերոնշեալ հաստատումին հակոտնեայ դիրքորոշուելով բացայայտ կերպով ստած է Հայ Դատի յանձնախումբին։
 
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեան անդրադառնալով Գուփըրի հարցին, «Հորիզոն»ին յայտնեց, որ յանձնախումբը անմիջական կապի մէջ է Գանատայի ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարութեան հետ, այս հարցին մասին յաւելեալ լուսաբանութիւններ եւ յստակացումներ ստանալու առնչութեամբ։ Սեւակ Պելեան նաեւ յայտնեց, որ խնդրագիրը անհատական նախաձեռնութիւն է եւ ոչ մէկ առնչութիւն ունի Գանատայի Պահպանողական կուսակցութեան դիրքորոշումներուն հետ։
Նշենք նաեւ, որ Գանատայի խորհրդարանի նիստերու ընթացքին ներկայացուած խնդրագիրները օրէնսդրական ուժ չունին եւ պարզապէս խորհրդարանական ընթերցման համար են։ Կառավարութիւնը խնդրագրերու առնչութեամբ որոշումներ չի կայացներ, սակայն խնդրագրերուն պէտք է գրաւոր պատասխան փոխացնէ։
 
Այս իմաստով, ատրպէյճանական այս խնդրագիրը բանաձեւ չէ եւ որպէս այդպիսին օրէնսդրական կարգով քուէարկութեան ենթակայ չէ։
 
Արդէն իսկ Օնթարիոյի Հայերու Միացեալ Խորհուրդի կայքէջին վրայ ստորագրահաւաք սկիզբ առած է, որուն նպատական է պահանջել պատգամաւոր Գուփըրէն հերքել իր մեկնաբանութիւնները և հրապարակաւ ներողութիւն խնդրել գանատահայերէն: