Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Լիբանանահայութիւնը համաժողովրդային հաւաքով կ՛արտայայտէ իր ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին, պաշտպանութեան բանակին, մեր երկրորդ հանրապետութեան: Մինչ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը նոյն նպատակով կը կազմակերպէ ինքնաշարժի զանգուածային երթ:
Լիբանանի ներկայ իրավիճակը` անհեռանկար, անորոշ, տնտեսապէս փլուզուած եւ տակաւին համավարակի զարգացման նոր միտումներով յատկանշուող, անուղղակիօրէն կը խանգարէ ցուցական, քարոզչական եւ քաղաքական աշխատանքներ այս առումով լիարժէք ծաւալելու առաջադրանքի իրականացումը:
Այս բոլորով հանդերձ յատկապէս Հայ դատի եւ ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակներուն կողմէ տեղեկատուական առումով կը շարունակէ իրականացուիլ բազմաբնոյթ ծաւալուն աշխատանք: Լիբանանեան մամլոյ որոշ ներկայացուցիչներու օգտագործած սխալ եզրաբանութեան սրբագրութենէն մինչեւ լիբանանեան հեռատեսիլի կայաններու կողմէ կազմակերպուած քննարկումներու մասնակցութիւն, արցախեան հակամարտութեան էութիւնը բացատրող հաղորդագրութենէն մինչեւ Ազրպէյճանի յարձակողականութիւնը, Թուրքիոյ աննախադէպ ներգրաւուածութիւնը եւ ահաբեկչական գործօնի ներառումը այս պատերազմին շեշտող յայտարարութիւններու հրապարակում: Տակաւին, Ազրպէյճանի գործադրած ռազմական յանցագործութիւնները լոյսին բերող քաղաքական յայտարարութիւններ, հայ ժողովուրդին նկատմամբ ցեղասպանութեան վտանգի առկայութեան եւ թուրանական քաղաքականութեան շարունակութիւնը հիմնաւորող պարզաբանումներ, հիմնաւորումներ` մաս կազմեցին Դաշնակցութեան քարոզչամեքենային որդեգրած օրակարգերուն: Թէ՛ համաարաբական եւ թէ՛ լիբանանեան լրատուամիջոցները հեղեղուեցան այս բոլոր լրատուութիւններով, մեկնաբանութիւններով, վերլուծական գրութիւններով:
Ապրիլեան պատերազմի օրերուն լիբանանեան արբանեակային հեռարձակում ունեցող կայաններու լրագրողներու Արցախ գործուղումը, դարձեալ ՀՅԴ համապատասխան գրասենեակներու նախաձեռնութեամբ եւ մղումով, հսկայական արդիւնքի յանգեցաւ քարոզչական-տեղեկատուական առումով: Հսկայական թիւեր հաշուող լսարաններուն անոնք ներկայացուցին Ազրպէյճանը իբրեւ արուեստական պետութիւն եւ երկիր, որ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան սպառնալիք է:
Հիմա եւս անոնք Արցախ են լուսաբանելու համար պատերազմի ծալքերը` թուրքեւազրպէյճանական դաշինքով եւ ահաբեկիչներով համալրուած զօրքերու դէմ հայկական զինեալ ուժերու դիմակայումն ու հայրենի հողի պաշտպանութիւնը:
Այսօր լիբանանահայութեան համախումբ ներկայութիւնը պիտի վերահաստատէ Արցախի բոլոր գոյակռիւներուն իր բազմաբնոյթ մասնակցութիւնը հերթական անգամ բերելու պատրաստակամութիւնը: Համոզելու համար բոլորը, որ Արցախի դէմ յայտարարուած պատերազմը ամբողջ հայութեան դէմ է, եւ Արցախի ժողովուրդի կողքին է ամբողջ հայութիւնը:
Յաջորդ հանրահաւաքը պիտի ըլլայ տօնելու համար հայութեան յաղթանակը:
aztagdaily.com