կարևոր
886 դիտում, 11 ամիս առաջ - 2023-10-24 14:40
Քաղաքական

Ապահովութիւնն Ու Արդարութիւնը Երկուորեակներ Են

Ապահովութիւնն Ու Արդարութիւնը Երկուորեակներ Են

Իսրայէլ կը շարունակէ ռմբակոծել Կազան, պատժելով Համաս կազմակերպութիւնը: Իրողապէս պատժուողները Կազայի աւելի քան երկու միլիոն բնակիչներն են, որոնք Համասի կատարած յանդուգն գործողութեան գինը կը վճարեն: Ռուսիա, զբաղած ուքրանական պատերազմով, գրեթէ լուռ է, արաբները մատնուած են անկարողութեան, իսկ Արեւմուտքը կը յայտարարէ, որ Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքնապաշտպանութեան դիմելու: Իսրայէլ ոչ միայն սպառնալիքով կը խօսի իր դրացի երկիրներուն հետ, այլեւ կը գործադրէ այդ սպառնալիքները, նախաճաշակ մը տալով իր կատարելիքին մասին: Լիբանանը քարուքանդ պիտի ընէ (զայն վերադարձնէ… քարէ դարուն), Սուրիոյ մէջ կը ռմբակոծէ Դամասկոսի եւ Հալէպի օդակայանները, կը շարունակէ Կազայի պաշարումը, կը քանդէ Կազայի հիւսիսային մասը եւ կը շարունակէ ռմբակոծել հարաւը, ուր կը մղէ Կազայի հիւսիսային մասի բնակիչները: Նպատակը այդ բնակչութիւնը Սինայի անապատ ղրկելն է, որ Եգիպտոս կը մերժէ:

Երկու օրէ ի վեր բեռնակառքեր կ՛անցնին բացուող եւ իսկոյն գոցուող Ռաֆահի անցքէն, որ Կազայի Եգիպտոսի հետ հաղորդակցութեան գլխաւոր դուռն է:

Արեւմտեան աշխարհը, որ ոմանք միջազգային հանրութիւն կը կոչեն, կը դիտէ Իսրայէլի անմարդկային արարքները: Բոլորն ալ կը խոստանան զօրավիգ կանգնիլ Իսրայէլին ու մէկը միւսին ետեւէն կ՛այցելեն Իսրայէլ: Թէ փակ դռներու ետեւ ի՛նչ կ՛ըսեն, ի՛նչ խորհուրդ կու տան Իսրայէլի վարչապետին, չենք գիտեր: Սակայն իրենց ժողովուրդները կը բողոքեն, կը բողոքէ նոյնիսկ Իսրայէլի ժողովուրդը, որ մտահոգուած է Համասի կողմէ գերեվարուած երկու հարիւրը գերազանցող գերիներու ճակատագիրով:

Ընթերցողը այս բոլորը գիտէ, նոյնիսկ աւելին գիտէ: Բայց չի հասկնար, թէ Համասը ի՛նչ կապ ունի Միացեալ Նահանգներու ու առհասարակ արեւմտեան աշխարհի ապահովութեան հետ: Կրկնակ աշտարակներու քանդումին Ամերիկան հակազդեց գրաւելով ու քանդելով Իրաքը, որ ցարդ չէ յաջողած վերականգնիլ: Սխալ, սուտ տեղեկութիւններ առաջ քաշելով: Տարիներ վերջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահը կ՛ընդունի, որ սխալած են, եւ կը յորդորէ Իսրայէլը նոյն սխալը չկրկնելու: Միաժամանակ օգնութիւն կը խոստանայ, օդանաւակիրներ շրջան կը ղրկէ, զէնք կը հայթայթէ: Միացեալ Նահանգներու նուագով կը պարեն նաեւ արեւմտեան երկիրները, որոնք երբեմն թոյլ ձայնով կը գանգատին կատարուածին մասին:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը յայտարարէ, որ Համասը եւ Ռուսիան սպառնալիք են: Իսրայէլի եւ Ուքրանիոյ աջակցիլը կ՛ամրապնդէ Միացեալ Նահանգներու անվտանգութիւնը: Ուրեմն անկցի՛ Ռուսիան եւ անկցի՛ Համասը: Հարց չի՞ ծագիր, թէ ինչպէ՛ս Ռուսիան ու Համասը կը վտանգեն Միացեալ Նահանգներու ապահովութիւնը: Ռուսիան թերեւս մեծ երկիր է ու ի վիճակի է խնդրոյ առարկայ դարձնել ամբողջ աշխարհին տիրելու Ամերիկայի նկրտումը: Բայց փոքրիկ Համասը, որ տարիներով պաշարուած մնալէ ետք, որոշեր է գերութեան շղթաները փշրել, ճիշդ է` կոպիտ եղանակով: Իսկ այժմ պատահածը աւելի կոպիտ չէ՞: Պէտք չէ մղել ժողովուրդները ծայրայեղական արարքներու, անոր փորձելով պարտադրել իր կենսական շահերուն ներհակ դիրքորոշումներ:

Պաղեստինի հողին վրայ երկու պետութիւններու գոյութիւնը շատոնց ամրագրուած է ՄԱԿ-ի որոշումով: Երբ Նեթանիահու կը յայտարարէ, որ պաղեստինցիները պէտք է մոռնան անկախ պետութիւն ունենալու երազը, կը նշանակէ, թէ կը հակադրուի միջազգային օրէնքին: Ինչո՞ւ չեն բողոքեր արեւմտեան պետութիւնները, ինչո՞ւ Իսրայէլի չեն յիշեցներ իր յանձնառութիւնը:

Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն երկուորեակներ են. մէկը առանց միւսին կարելի չէ: Արեւմուտքը խաղաղութիւն կ՛ուզէ, թող արդարութիւն թելադրէ: Եթէ ուժի դիրքերէն կը խօսուի, նաեւ` պարտադրելու:

Արցախի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ պատահածը նման է Կազայի մէջ նախատեսուածին: Եթէ Կազայի մէջ ժողովուրդ չմնայ, հարցը լուծուած կը համարուի: Ինչպէս ժողովուրդ չմնաց Արցախի մէջ, Ազրպէյճանի համար հարցը փակուած է:

Անարդարութեան եւ բիրտ ուժի վրայ հիմնուած խաղաղութիւնը վերջնական չի կրնար ըլլալ: Ուշ կամ կանուխ, արդարութիւնը կը վերահաստատուի: Թէ՛ Կազայի մէջ եւ թէ՛ Արցախի մէջ:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

aztagdaily.com